ԵՈՒՐՈԶ ԻՐ ԲԱՐՁՐՈՐԱԿ ԱՐՈՒԵՍՏՈՎ ՅԱՂԹԱԿԱՆՕՐԷՆ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԷ ԵՒՐՈՊԱ…

«Նկարիչը եւ բնորդուհին». գործ` Եուրոզի

Նախանցեալ տարի Եուրոզի մէկ մեծղի սրբանկարը` «Գթասրտութեան լոյսը», մեծ շուքով եւ յատուկ օրհնութեամբը Պենետիկտոս ԺԶ. պապին, զետեղուեցաւ Միլանոյի կից գտնուող Պրեշիայի եկեղեցիին մէջ, Վերածնունդի մեծերու կողքին: Իբրեւ գնահատանք Եուրոզի արուեստին` այս տարի ան հրաւիրուեցաւ Հռոմ, երկու յատկանշական ցուցահանդէսներ կազմակերպելու:

Առաջինը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ մայիսի 6-ին, Հռոմի ժամանակակից արուեստի ազգային թանգարանին մէջ, ուր պիտի ցուցադրուին Եուրոզի երեսունհինգ կտաւները, որոնցմէ հինգը արդէն իսկ վերապահուած են թանգարանին` իբրեւ սեփականութիւն, մնայուն ցուցադրութեան համար: Իսկ երկրորդին բացումը տեղի պիտի ունենայ նոյն օրը (քանի մը ժամուան տարբերութեամբ միայն), Հռոմի կառավարական «Փալասսօ Մատամա» պալատին մէջ, ներկայութեամբ տարբեր երկիրներէ ժամանած քսանեօթը վարչապետներու եւ օրհնութեամբը Պենետիկտոս ԺԶ. պապին: Այս երկրորդ ցուցահանդէսը կազմակերպուած է ՄԱԿ-ի կողմէ` «Խաղաղութիւն աշխարհին» ընդհանուր խորագրին տակ, ուր պիտի ցուցադրուին ՄԱԿ-ի համար պատրաստուած «Մարդկային իրաւունքներ» եւ «Մեծարանք գաղթականներուն» նկարաշարերը:

Այսպիսով, Եուրոզ, ամերիկաները նուաճելէ ետք, իր արուեստով յաղթականօրէն մուտք կը գործէ նաեւ Եւրոպա` իբրեւ խորանարդապաշտութիւնը  վերաիմաստաւորող ու յանձնառու կերպարուեստագէտ:

Ստեղծագործական տենչով վառուած այս արուեստագէտին նմանօրինակ նուաճումները արդիւնք են յարատեւ ու տքնաջան աշխատանքի, նաեւ` բացառիկ տաղանդի: Ան իր ուրոյն յղացքներով խորանարդապաշտութիւնը աստիճ      ան մը վեր բարձրացուց եւ քայլ մը առաջ (թէկուզ փոքր) մղեց առհասարակ գեղանկարչութիւնը:

«Ինչպէ՞ս» հարցին պատասխանելէ առաջ նշենք, որ շատեր կը զարմանան, թէ ինչո՞ւ հայ ժամանակակից գեղանկարիչներէն ոմանք (Եուրոզ, Վահրամ, Մարտիրոս…) կրցած են արժանանալ միջազգային ուշադրութեան եւ գնահատման, մինչ Երուանդ Քոչարի եւ կամ Մինաս Աւետիսեանի նման մեծութիւններ կը մնան լուսանցքի վրայ: Անոնք երեւոյթը երբեմն կը վերագրեն ծանուցումի եւ քարոզչական տարբեր տեսակի աշխատանքներու: Նախ հաստատենք, որ որակաւոր ծանուցումներն ու ծրագրուած եւ ուսումնասիրուած քարոզչական աշխատանքները իրենց կենսական դերը կրնան ունենալ արուեստագէտի մը միջազգայնօրէն ճանչցուելու գործընթացին մէջ եւ անուղղակիօրէն կը սատարեն նաեւ անոր ստեղծագործական վերելքին: Սակայն եթէ արուեստագէտին կը պակսի ստեղծագործական ներքին այն կայծը, որ թէ՛ որակ պիտի հաղորդէ իր արուեստին եւ թէ՛ նորարարութեամբ օժտէ զայն, ապա ծանուցումը ժամանակաւոր բնոյթ կ՛ունենայ եւ փրփուրի նման պղպջակի կը վերածէ արհեստականօրէն ձեռք բերուած համբաւը, իսկ ժամանակը մոռացութեան գիրկը կը մղէ զայն:

«Արեւելեան ընտանիք». գործ` Եուրոզի

Եթէ Երուանդ Քոչար հայրենիք չվերադառնար եւ շարունակէր շփուիլ ու ցուցադրուիլ անցնող դարասկիզբի Փարիզի յառաջապահ կերպարուեստագէտներուն հետ (Փապլօ Փիքասօ, Խուան Միրօ, Ֆեռնան Լեժէ…), ապա այսօր, յանձինս Քոչարի, կ՛ունենայինք վերոյիշեալ արուեստագէտներուն համարժէք կերպարուեստագէտ մը, որովհետեւ Քոչարի արուեստը չի զիջիր միւսներուն ո՛չ որակով, ո՛չ ալ մանաւանդ իր բերած նորարարութեամբ, յատկապէս երբ նկատի ունենանք, որ Քոչար «գեղանկարչութիւն տարածութեան մէջ»  արուեստի տեսակի հնարիչն է ու առաջին կատարողն է: Սակայն Մինաս Աւետիսեանի պարագային, մեր բոլորիս (յատկապէս Հենրիկ Իգիթեանի եւ կամ Շահէն Խաչատրեանի) միջազգային գետնի վրայ տարած աշխատանքները ի դերեւ ելան, որովհետեւ Մինաս Աւետիսեան որակը ունէր, սակայն անոր կը պակսէր նորարարութիւնը: Սխալ չհասկնանք սակայն, Մինաս ազգային գետնի վրայ կը մնայ մեր ամէնէն սիրելի գեղանկարիչներէն մէկը, նոյնիսկ եթէ գնահատուած չըլլայ միջազգայնօրէն:

 

«Ժամանակակից գնչուհին». գործ` Եուրոզի

Ուրեմն, միջազգային չափանիշներն ու գնահատանքի դրդապատճառները միշտ չէ, որ ուղիղ կը  համեմատին ազգային եւ կամ տարածաշրջանային չափանիշներուն հետ: Ի վերջոյ, ժամանակը անողոքաբար իր գլանին տակ կը ճզմէ այն բոլորը, որոնք արհեստականօրէն համբաւի կը տիրանան` ըլլան անոնք արուեստագէտներ թէ այլ մասնագիտութեան տէր անձնաւորութիւններ:

 

Եուրոզի արուեստը պիտի դիմանայ ժամանակի մաշումին, որովհետեւ միջազգային բազմաթիւ արուեստաբաններ ու թանգարաններ երաշխաւորած ու կը շարունակեն երաշխաւորել անոր յղացքները` իբրեւ նախկիններէն տարբերուող ժամանակակից խորանարդապաշտի մը:

Եուրոզի գեղարուեստական արժէքը կը կայանայ նախ խորանարդապաշտութիւնը վերանորոգելու եւ ապա զայն իմաստաւորելու ժամանակակից շունչին եւ ուրոյն լեզուամտածողութեան մէջ: Ան կովկասեան կրքոտութեամբ եւ արեւելեան ջերմ գունազգացողութեամբ շարժման մէջ դրաւ խորանարդապաշտական ձեւոյթները` օժտելով զանոնք թափանցիկ եւ աշխուժ լուսերանգներով եւ խորիմաստ խորհրդանշաններով:

Անոր խորհրդանշաններէն իւրաքանչիւրը թէ՛ գեղեցիկ է, արտայայտիչ, եւ թէ՛ պատգամ մը կը պարունակէ իր մէջ (ինչպէս` գիրք, գաւազան, գինի, նուագարան, պատուհան, թռչուն եւ այլն), իսկ գլխաւորները երեքն են.

ա.- Լոյսը.- Իբրեւ ենթագիտակցական աշխարհէն բխած հոգեւոր սնունդ` Եուրոզի համար շնորհքի, իմաստութեան, մտքի եւ հոգիի պայծառութիւն եւ նաեւ յոյսի խորհրդանշան է:

բ.- Նուռը.- Իբրեւ հողէն վերայառնած ցեղային յիշողութիւն` Եուրոզի համար պտղաբերութեան, սիրոյ եւ երիտասարդութեան խորհրդանշանն է, որ միեւնոյն ատեն կը համապատասխանէ կեանքի, ուժի եւ անմահութեան աղբիւրին:

գ.- Կապոյտ վարդը.– Իբրեւ հոգեմտաւոր տաղանդի ուրոյն յղացք` Եուրոզի համար մտքի ու հոգիի առողջութեան խորհրդանշան է, որ սակայն կը պայքարի յանուն մարդկային հասարակութեան կազդուրման:

Եուրոզի արժանիքները հոս չեն սպառիր, սակայն այս անգամ բաւարարուինք այսքանով:

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Share this Article
CATEGORIES