ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ ՄՆԱՑ Դ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Լեռնալիբանանի նահանգին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ թէեւ երէկ յաղթեց Պշամունի (2-1), սակայն մնաց Դ. դասակարգ` չկարենալով անցնիլ յաջորդ հանգրուան:

Հակառակ անոր որ Ա. կիսախաղին որեւէ կոլ չնշանակուեցաւ, սակայն ՀՄԸՄ-ի մարզիկները Բ. կիսախաղին յաջողեցան նշանակել երկու կոլ` շնորհիւ Մհեր Պէրպէրեանի եւ Աւետիս Յարութիւնեանի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES