ՀԲԸՄ-Ի ՆՈՐՔԻ ՀԱՅՈՐԴԵԱՑ ՍԱՆԵՐՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՀԱՄՈՅԹՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան, երէկ` կիրակի, 3 ապրիլ 2011-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» հանդիսասրահին մէջ ներկայացուեցան մայր աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ ՀԲԸՄ-ի Նորքի Հայորդեաց սաներու արուեստի համոյթները` կրկէսային համոյթը, թմբկահարներու համոյթը եւ «Հայկազունք» համոյթը:

Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Հայորդեաց տուներու հոգեւոր տեսուչ Կոմիտաս վրդ. Յովնանեան: Ան նկատել տուաւ, որ 2 ժամ տեւողութեամբ 5-16 տարեկան մանուկներ եւ պատանիներ պիտի ներկայացնեն երգեր, պարեր, տհոլ, կրկէս: Ան հաստատեց, որ երբ հայ մանուկին մէջ կը ձեւաւորուի հայ մարդը, անոր մէջ ապագային կը ծնի հանճարը: «Հայ կը նշանակէ արարող», եզրափակեց Կոմիտաս վրդ. Յովնանեան:

Այնուհետեւ համոյթին մասնակցող մանուկները իրենց մանկական բացառիկ տաղանդով հմայեցին ներկաները, որոնք բարձր գնահատեցին մանուկներուն եւ պատանիներուն կատարումները` մեկնաբանուած ազգագրական երգերը, տհոլի կատարումները, կրկէսային ճկուն շարժումները:

Անհրաժեշտ է նշել, որ յայտագիրի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՀԵԸ-ի պարախումբը:

Աւարտին ՀԲԸՄ – ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան Կոմիտաս վրդ. Յովնանեանին եւ Նորքի Հայորդեաց տան տնօրէն Այտա Անդրէասեանին: Իսկ Նորքի Հայորդեաց տան սաներու կողմէ նուէր յանձնուեցաւ ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնկճեանին, որուն ճամբորդութեան պատճառով նուէրը յանձնուեցաւ ատենադպիր Սիլվա Լիպարիտեանին, նաեւ նուէր յանձնուեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Կարօ Ճղըլեանի:

Նշենք, որ ձեռնարկը կը վայելէր Հայաստանի բջիջային հեռաձայնի յառաջատար ընկերութեան` «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ի հովանաւորութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES