ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ԱՐԺԱՆԹԻՆԵԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎՃԻՌ ԱՐՁԱԿԵՑ

Դատաւոր Օժարպիտէ պատմական վճիռը կ՛արձակէ

Արժանթինեան դատարաններէն մէկը անցեալ ուրբաթ օր ցեղասպանութիւն որակած է 1915-1923-ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ բնակչութեան նկատմամբ կատարուածներն ու բռնի տեղահանութիւնը:

Դատաւոր Նորպերթօ Օժարպիտէ շատ յստակ ու մանրամասն բանաձեւուած դատավճիռի մը մէջ յայտարարած է. «Թրքական պետութիւնը 1915-1923 թուականներուն ցեղասպանութեան յանցանք գործած է հայ ժողովուրդին նկատմամբ»:

ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ դատավճիռը կայացած է աւելի քան տասը տարի առաջ սկիզբ առած դատական գործով մը, որուն նախաձեռնողը նոտար Կրեկորիօ Հայրապետեանն է: Իրագործելով ճշմարտութիւնը իմանալու իր իրաւունքը` ան դիմած էր Արժանթինի արդարադատութեան` պահանջելով տեղեկութիւններ հաղորդել Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած իր ծնողներուն եւ ազգականներուն ճակատագիրին մասին:

Դատավճիռին մէջ կ՛ըսուի, որ «իբրեւ եզրափակում բնոյթով յայտարարական սոյն որոշումին` անհրաժեշտ է յիշատակել Արժանթինի թիւ 26.199 օրէնքը, զոր երկրին օրէնսդիր իշխանութիւնը քուէարկեց 13 դեկտեմբեր 2006-ին եւ ուժի մէջ մտաւ 11 յունուար 2007-ին: Ըստ այդ օրէնքին, ապրիլի 24-ը յայտարարուած է Հանդուրժողականութեան եւ ժողովուրդներուն միջեւ փոխադարձ յարգանքի օր` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան»:

Share this Article
CATEGORIES