ԶՕՐ. ԱՈՒՆ. «ՈՒՇ ԿԱՄ ԿԱՆՈՒԽ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄՈՒԻ` ԱՅՍ ԿԱՄ ԱՅՆ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ»

Զօր. Աունը` ելոյթին պահուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան  զօր. Միշել Աուն շաբաթ երեկոյեան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամ բժիշկներու խորհուրդին կազմակերպած տարեկան ընթրիքին ընթացքին շեշտեց, որ երկիրը այս հանգրուանին տեսակ մը տագնապ կ՛ապրի` նշելով, որ Լիբանանի մէջ ոմանք ձախողած են, իսկ ուրիշներ կ՛աշխատին վերականգնել այդ ձախողած անձերը:

Ակնարկելով Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան` զօր. Աուն յայտնեց, որ ներկայիս շրջանառութեան մէջ դրուած են լուրեր, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը դիմագրաւէ նախարարներու թիւի եւ նախարարութիւնները բաժնելու հարց մը, «մինչդեռ իսկական հարցը այն է, որ կայ բախում երկու մտայնութիւններու միջեւ: Մտայնութիւն մը, որուն համաձայն պէտք է վերականգնել այն ինչ որ ձախողած է, իսկ այլ մտայնութիւն մը, որ կը փափաքի իշխանութեան ոճը փոխել», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն աւելցուց, որ իրենք բարձրացուցած են փտածութեան դէմ պայքարելու կարգախօսը` շեշտելով, որ այդ կարգախօսը միշտ կը հնչէ, սակայն փոփոխութեան ենթարկուողները միշտ ալ կ՛ըլլան անձնակազմերը եւ ոչ թէ փտածութիւնը: «Մենք կը փափաքինք մաս կազմել կառավարութեան եւ լիբանանեան պետութեան կառոյցը մաքրել», ըսաւ ան` շեշտելով, որ Լիբանանի պետական պիւտճէին մէջ արձանագրուած նիւթական բացին կէսը կը ներկայացնեն գողցուած եւ մսխուած գումարները:

Ան ընդգծեց, որ 1992-էն սկսեալ պետական պիւտճէին ցուցակները չկան: «Բոլորը պատասխանատու են, որովհետեւ բոլորն ալ հանդարտութեամբ եւ պաղարիւնութեամբ կը կատարեն բոլոր այդ ապօրինութիւնները», ընդգծեց զօր. Աուն:

Զօր. Աուն հաստատեց, որ իբրեւ համայնքային երկիր Լիբանանի խորհրդարանն ու կառավարութիւնը բաղկացնող աթոռներուն կէսը յատկացուած է իսլամ համայնքին, իսկ միւս կէսը` քրիստոնեաներուն:

«Մինչեւ օրս քրիստոնեաները քաղաքական որոշումներուն մէջ չեն եղած, որովհետեւ քրիստոնեայ հզօր պլոք մը չէ եղած, իսկ մենք այսօր ունինք քրիստոնեայ հզօր պլոք մը, որ փոփոխութեան ու բարեփոխումի ջատագով է, սակայն այսօր անոնք կը մերժեն մեր որոշումը` ըսելով, որ դուք միագոյն էք: Մեզի դէմ յայտարարուած այս պատերազմը կ՛ուզէ վիժեցնել քրիստոնեաներուն իրաւունքները եւ անոնց հետապնդած բարեկարգումի ուղին: Սակայն մենք մեր կեցուածքներէն անշեղ պիտի մնանք եւ կառավարութիւնը ուշ կամ կանուխ պիտի կազմենք` այս կամ այն անձնաւորութեան գլխաւորութեամբ», շեշտեց զօր. Աուն:

Ան ընդգծեց, որ ինք տակաւին տեղեակ չէ, թէ ի՛նչ կը սպասուի կառավարութիւնը կազմելու` աւելցնելով, որ կարելի չէ ամիսներ շարունակ Միջազգային դատական ատեանին արձակելիք նախնական ամբաստանութեան սպասել` կառավարութիւնը կազմելու համար:

«Կառավարութիւնը կազմել փափաքողին համար երեքի կանոնը յստակ է եւ դիւրին, իսկ ան որ չի փափաքիր կառավարութիւն կազմել, ապա պէտք է յայտարարէ այդ մասին, սակայն մտահոգութիւնս այն է, որ ոմանց համար արտաքին շահերը կը գերակշռեն ազգային շահերուն», եզրափակեց զօր. Աուն:

 

Share this Article
CATEGORIES