ՄԻՒՖԹԻ ՔԱՊՊԱՆԻ ԵՒ ՇԷՅԽ ՀԱՍԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑԻՆ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Շէյխ Նայիմ Հասան եւ Ռայի պատրիարքը

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ ընդունեց տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանը, որ շնորհաւորեց Ռայի պատրիարքը` անոր ընտրութեան առիթով:

45 վայրկեան տեւած հանդիպումէն ետք շէյխ Հասան շեշտեց, որ ինք Պքերքէ այցելած է Ռայի պատրիարքին փոխանցելու իր բարեմաղթութիւնները. ան յոյս յայտնեց, որ պատրիարքը աւետիս մը ըլլայ բոլոր լիբանանցիներուն համար եւ անոնց մօտ ամրապնդէ սէրը, համերաշխութեան ոգին եւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել Լիբանանի ազգային եւ քաղաքական հարցերը:

Շէյխ Նայիմ Հասան կոչ ուղղեց արագացնելու Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

Ռայի եւ Սֆէյր պատրիարքները կը դիմաւորեն հանրապետութեան միւֆթին

Նախանցեալ օր Ռայի պատրիարքին շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ նաեւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը եւ արաբական աշխարհը յուզող իրադարձութիւնները:

Այս ծիրին մէջ Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ իրենք վառ կը պահեն ազգային միասնականութեան եւ իսլամ – քրիստոնեայ գոյակցութեան ջահը` յոյս յայտնելով, որ Լիբանանի մէջ իրենք այդ պատգամով կը շարունակեն ապրիլ եւ արաբական աշխարհին մէջ դառնալ ազգային համերաշխութեան օրինակելի տիպարը:

Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ հրաժարեալ կառավարութեան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ալի Շամի, որ պատրիարքին հետ քննարկեց տեղական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ պատրիարք Ռային տեղեակ պահեց Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ ապրող լիբանանեան գաղութին կացութեան մասին:

 

Share this Article
CATEGORIES