50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (5 ԱՊՐԻԼ 1961 )

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԱՄՍՈՅՍ 17-ԻՆ ԳԱՀԻՐԷ ԿԸ ՀԱՍՆԻ

ՄԵԾ ԵՐԱԺՇՏԱԳԷՏԸ ՀԻՒՐԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ
ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ

«Յուսաբեր» (30 մարտ) կը գրէ.-

Ուրախութեամբ կը հաղորդենք մեր ընթերցողներուն, որ աշխարհահռչակ երաժշտագէտ, բազմատաղանդ յօրինող եւ մեծ խմբավար Արամ Խաչատուրեան Գահիրէ պիտի ժամանէ 17 ապրիլ 1961-ին, շարք մը նուագահանդէսներ տալու համար:

Գահիրէ պիտի մնայ մինչեւ 30 ապրիլ 1961: Այս առթիւ խորհրդարանային դեսպանատունը մեծ ընդունելութիւն մը պիտի սարքէ ի պատիւ մեծանուն հայուն: Ապա ԱՄՀ-ի  մշակոյթի եւ ազգային ուղղութեան նախարարութիւնը նոյնպէս մեծ ընդունելութեամբ մը պիտի պատուէ Արամ Խաչատուրեանը:

Ընդունելութիւն մը պիտի ընէ նաեւ հայ համայնքը:

Այնուհետեւ հայաշունչ եւ հայրենաշունչ արուեստագէտը մամլոյ ասուլիս մը պիտի տայ` տեղացի եւ օտար լրագրողներուն:

Արամ Խաչատուրեան Գահիրէ բնակութեան ընթացքին հիւրը պիտի ըլլայ ԱՄՀ-ի մշակոյթի եւ ազգային ուղղութեան նախարարութեան:

ՐԱՖՖԻ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ՄՕՏԵՐՍ
ՊԷՅՐՈՒԹ ՊԻՏԻ ԳԱՅ

Փարիզի մեր պաշտօնակից «Յառաջ»ի մէջ (28 մարտ) կը կարդանք.- Փարիզահայ ծանօթ դաշնակահար Րաֆֆի Պետրոսեան, որ նոր կը վերադառնայ երկար շրջապտոյտէ մը, յառաջիկայ ամիսներուն կը շարունակէ արուեստագէտի իր բեղուն գործունէութիւնը: Քանի մը օրէն Ալժէ կը մեկնի, ուր երկու յաջորդական նուագահանդէսներու ընթացքին ի մէջ այլոց պիտի նուագէ Արամ Խաչատուրեանի քոնչերթոն Պերլինի Ֆիլհարմոնիքի առաջին ղեկավար Ռուտոլֆ Ալպերի ճպոտին տակ:

Ապրիլ ութին, Մարսէյի մէջ, նախաձեռնութեամբ Մուրատ-Ռափայէլեան, նախկին աշակերտաց միութեան Րաֆֆի Պետրոսեան կու տայ նուագահանդէս մը, իսկ ապրիլ 11-ին, կը նուագէ Մարսէյի ձայնասփիւռի կայանէն:

Ապրիլ 12-ին դաշնակահարը կը հասնի Գահիրէ եւ հոնկէ կը սկսի նոր շրջապտոյտ մը, որ զինք պիտի առաջնորդէ` Թեհրան, Պէյրութ, Կիպրոս, Պոլիս, Աթէնք եւ ի վերջոյ` Փարիզ, ուր եղանակը կը փակէ, յուլիս 11-ին, Ազգային նուագախումբին հետ, Շան զ՛Էլիզէի թատրոնին սրահը:

ԸՆԿ. ԿԱՐՕ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ

«Հայրենիք»էն կը տեղեկանանք, թէ ընկեր Կարօ Գէորգեան Մարտ 25-ին Նիւ Եորք հասած է, ուր քանի մը օր մնալէ ետք, մարտ 29-ին անցած է Պոսթըն: Ընկ. Գէորգեան անկէ պիտի երթայ Տիթրոյթ եւ ապա պիտի անցնի Քալիֆորնիա:

Ե. ՄԵԼԻՔԵԱՆ ԿԸ ՍՏՈՐԱԳՐԷ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻ
ՊԱՏՈՒՈՅ ՀԻՒՐԵՐՈՒ ՏՈՄԱՐԻՆ ՄԷՋ

Գրած էինք, թէ ամերիկահայ թեմի Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Եղիշէ Մելիքեան չորեքշաբթի գիշեր ժամանեց Պէյրութ` Ս. Զատկուան առթիւ շնորհաւորելու Զարեհ Ա. կաթողիկոսը եւ ամերիկահայ թեմի յատուկ գործերու մասին խորհրդակցութիւններ ունենալու անոր հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES