ՉԵԽԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՊԱՏԱԼԵԱՆ ԿԵՐՏԵՑ ՓԱՆԻՔ ՄՈՍԹԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Գէորգ Պատալեան (կեդրոնը)

Չեխիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փանիք Մոսթ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Վարնսթորֆ Սլովանիի:

Փանիքի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականի յառաջապահ Գէորգ Պատալեան, որ նշանակեց իր կազմին երկու կոլերը:

Մրցումին ազդանշանը տրուելէն ետք դաշտ ներկայացած հայրենի յառաջապահը 79-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:

Նշենք, որ այժմ Փանիք 26 կէտով կը գրաւէ 11-րդ դիրքը:

Share this Article
CATEGORIES