ՊՐԱՅԶԱ ՊԱՔՈՒԻՆ ԿԸ ՅԻՇԵՑՆԷ. «ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՕԴԱՆԱՒԵՐԸ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆ Կ՛ԵՐԹԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔՈՎ»

«Ուրախ եմ, որ Ազրպէյճան փոխած է իր դիրքորոշումը եւ կը ջանայ պաշտպանել իր իրաւունքները քաղաքացիական օդանաւորդութիւն միջազգային կազմակերպութեան մէջ», երէկ լրագրողներուն յայտնեց Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մեթիու Պրայզա:

Պատասխանելով Ստեփանակերտի օդակայանի բացման մասին հարցումներուն` Պրայզա նշեց, որ ինք չի ցանկար որոշակի մեկնաբանութիւններ կատարել, եւ աւելի ճիշդ է, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները ժամանեն շրջան եւ իրենց վերաբերմունքը յայտնեն: «Ես կրնամ ըսել, որ օդանաւերը Ազրպէյճանէն Նախիջեւան կը թռչին Հայաստանի օդային տարածքով եւ ատիկա ընդունելի կը նկատուի», ըսաւ Պրայզա:

Ազրպէյճանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան պետական աշխատակազմի տնօրէն Արիֆ Մամետով յայտարարած էր, որ Ազրպէյճան պիտի ոչնչացնէ Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ վայրէջք կատարող օդանաւերը: Արիֆ Մամետով յայտարարած էր, որ ազրպէյճանական կողմը արդէն իսկ բողոքած է քաղաքացիական օդանաւորդութեան  միջազգային կազմակերպութեան: «Մենք յայտնեցինք, որ մեր օդային տարածքը Ղարաբաղի վերեւ փակ է: Ըստ «Քաղաքացիական օդանաւորդութեան մասին» օրէնքին, կը նախատեսուի ֆիզիքապէս ոչնչացնել այդ տարածքին մէջ վայրէջք կատարող օդանաւերը», յայտարարած էր Մամետով:

 

Share this Article
CATEGORIES