«ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ». ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ԵՒ ՇԱԼՔԷ ՅԱՂԹԱԿԱՆ

Էմանուէլ Ատեպայոր

«Չեմփիընզ լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:

Առաջինին, Ռէալ Մատրիտ իր դաշտին վրայ 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թոթենհամը, որ մրցումին մեծ մասը շարունակեց տասը մարզիկով` նկատի ունենալով, որ Փիթըր Քրաուչ իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալէ ետք օրուան իրաւարարէն ստացաւ կարմիր մը:

Էմանուէլ Ատեպայոր նշանակեց երկու կոլ (4-րդ եւ 57-րդ), մինչ մնացեալ կոլերը նշանակեցին Անխել Տէ Մարիա (72-րդ) եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (87-րդ):

Ինթեր Միլան իր դաշտին վրայ 5-2 արդիւնքով պարտուեցաւ Շալքէէն: Սթանքովիչ (առաջին վայրկեանին) եւ Միլիթօ (34-րդ) նշանակեցին իտալական կազմին կոլերը, իսկ Մաթիփ (17-րդ), Էտու (40-րդ եւ 75-րդ), Ռաուլ (53-րդ) եւ Ռանոքիա (57-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ)` գերմանական կազմին կոլերը:

Նշենք, որ 62-րդ վայրկեանին, Քրիսթիան Շիվու (Ինթեր) կարմիր քարտ մը ստացաւ:

ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ

Քառորդ աւարտականի երթի մնացեալ երկու ճակատումներուն, այսօր Պարսելոնա իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Շախտիոր Տոնեցքը, մինչ երկրորդ մրցումը Լոնտոնի մէջ իրարու դէմ պիտի հանէ Չելսին եւ Մանչեսթըր Եունայթըտը: Անոնք երկուքն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Պարսելոնա եւ Շախտիոր Տոնեցք իրարու դէմ յանդիման եկած են վեց անգամ: Սպանական կազմը արձանագրած է երեք յաղթանակ, մինչ ուքրանականը` երկու: Մէկ մրցում աւարտած է հաւասարութեամբ:

Հակառակ անոր որ այս մրցաշարքին գծով Պարսա իր դաշտին վրայ կատարած վերջին ութ մրցումներուն բոլորին ալ յաղթանակ արձանագրած է, սակայն ուքրանական կազմերուն դէմ անիկա այդքան ալ լաւ արդիւնք չ՛արձանագրեր: Ուքրանական կազմերուն դէմ անիկա իր կատարած տասը մրցումներէն հինգին պարտութիւն կրած է: Վերադառնալով 1997-98 տարեշրջան (այս մրցաշարքին գծով)` Պարսա իր դաշտին վրայ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Տինամօ Քիեւէն: Իսկ Պարսայի այսօրուան մրցակիցը երկու տարեշրջան առաջ նոյն դաշտին վրայ 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:

Նշենք, որ Շախտիոր Տոնեցք, որուն մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջազգային յառաջապահ Հենրիխ Մխիթարեան, իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ապահոված է քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Անոր համար այսօրուան այս մրցումը պիտի ըլլայ կարեւոր` նկատի ունենալով, որ անիկա եւրոպական մրցաշարքերուն գծով իր 150-րդ մրցումը կը կատարէ:

Ինչ կը վերաբերի այսօրուան երկրորդ մրցումին, որ պիտի ըլլայ զուտ անգլիական ճակատում մը, անոնք երկուքը Եւրոպայի մէջ ցարդ մէկ անգամ իրարու դէմ յանդիման եկած են եւ այդ մրցումը աւարտած է 1-1 հաւասարութեամբ:

Զարմանալիօրէն, Չելսի այս մրցաշարքին գծով իր կատարած բազմաթիւ մրցումներէն 13-ը (10-ն` Լիվըրփուլի դէմ) ճակատած է անգլիական կազմերու դէմ:

Այս մրցաշարքին գծով, Չելսի իր դաշտին վրայ կատարած իր վերջին 26 մրցումին միայն մէկ պարտութիւն կրած է: Իսկ վերջին 41-ին` երկու:

Հակառակ ասոր սակայն, Չելսի այսօր դժուար առաքելութիւն մը ունի կատարելիք, որովհետեւ Մանչեսթըր Եունայթըտ օտար դաշտերու վրայ կատարած իր վերջին չորս մրցումներուն (այս մրցաշարքին գծով) ոչ մէկ կոլ ստացած է իր բերդին մէջ:

Եւրոպական մրցաշարքերուն գծով Եունայթըտ, որ անցեալին չորս անգամ իր դէմ ունեցած է անգլիական խումբեր, յաջողած է զանոնք բոլորն ալ շրջանցել եւ անցնիլ յաջորդ հանգրուան:

Share this Article
CATEGORIES