ԻՇԽԱՆԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԸ ԿԸ ՅԻՇԵՑՆԷ. «ՄԵԶԻ ՀԵՏ ՎԵՐՋՆԱԳԻՐԵՐՈՎ ՄԻ՛ ԽՕՍԻՔ»

Հայաստանի Ազգային ժողովի Հանրապետական կուսակցութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Յովհաննէս Սահակեան երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իշխանութիւնները պատրաստ են ընդդիմութեան ընդառաջ երթալու, առողջ բանավիճելու եւ առողջ քննադատութիւն ու առաջարկներ ընդունելու: «Բայց եթէ այդ առաջարկները վերջնագիրերու, պահանջներու տեսքով են, մենք անգամ մը եւս կը բարձրաձայնենք, որ կարելի չէ մեզի հետ այդ լեզուով խօսիլ», յայտնեց Յովհաննէս Սահակեան:

Նոր ժամանակներ կուսակցութեան նախագահ Արամ Կարապետեան հակադարձեց ըսելով, որ եթէ իրենց հետ պահանջներով չխօսինք, ո՛վ հետաքննութիւն պիտի կատարէ Հայաստանի 10 զոհուած քաղաքացիներուն գծով: «Ի՞նչ կը նշանակէ պահանջ եւ ոչ պահանջ: Դուք` իբրեւ պատգամաւոր, որ ընտրուած էք ժողովուրդին կողմէ, ինչո՞ւ պէտք է մէկը ձեզի պահանջ ներկայացնէ, որպէսզի այդ հարցը բացայայտուի», նշեց Արամ Կարապետեան:

Յովհաննէս Սահակեան յայտարարեց, որ ատիկա իրաւապահ մարմիններուն գործն է եւ պատգամաւորը չի կրնար երթալ եւ իր գործը ձգած հետաքննութիւն կատարել:

Share this Article
CATEGORIES