ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՍԵՐՊԻՈՅ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

Իրինէյ պատրիարքը եւ նախագահ Սարգսեան

Պաշտօնական այցելութեամբ Սերպիա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Սերպիոյ Իրինէյ պատրիարքին հետ: Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ հանդիպումին ընթացքին կարեւոր նկատուեցան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ սերպ ուղղափառ եկեղեցւոյ միջեւ ձեւաւորուած ջերմ յարաբերութիւնները:

Նախագահ Սարգսեան յատկանշական նկատեց այն փաստը, որ Քոսովոյի մէջ գտնուող հայկական խաղաղապահ գումարտակը իր լիազօրութիւններուն ծիրին մէջ  կատարած է առաւելագոյնը` պաշտպանելով Քոսովոյի մէջ գտնուող սերպական եկեղեցիները:

Հայաստանի նախագահը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Սերպիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Ան ծաղիկներ զետեղեց մայրաքաղաքի Ս. Գաբրիէլ հրեշտակապետ եկեղեցւոյ կից` 1988-ի երկրաշարժի օրերուն Հայաստանի մէջ զոհուած սերպ օդաչուներու յիշատակը յաւերժացնող հայկական խաչքարին վրայ եւ զրուցեց օդաչուներու հարազատներուն հետ:

«Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ի վեր օգտուած է իր ինքնորոշման իրաւունքէն, ապագայ չի կրնար ունենալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Իրեն պարտադրուած դաժան պատերազմին մէջ ան պաշտպանեց իր հայրենիքը եւ անկարելի է Ղարաբաղին ստիպել իր անկախութենէն հրաժարիլ», յայտարարեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Սերպիա կատարած այցելութեան ծիրին մէջ նախանցեալ լրատուամիջոցներուն հետ հանդիպման ընթացքին:

Ան փոխանցեց, որ նոյն օրը Սերպիոյ նախագահ Պորիս Թատիչի հետ հանդիպման ընթացքին սերպ իր գործընկերոջ խնդրանքով ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ներկայ հանգրուանին մանրամասնութիւնները:

«Մենք համաձայնեցանք, որ խնդիրին խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի եւ ուժի կիրարկումը եւ անոր սպառնալիքը անընդունելի են միջազգային իրաւունքին տեսակէտէն: Պարոն նախագահը նոյն մօտեցումը ցուցաբերեց Քոսովոյի խնդիրին հետ կապուած` ըսելով, որ Սերպիա երբեք չի ճանչնար Քոսովոյի անկախութիւնը, բայց միեւնոյն ժամանակ զերծ պիտի մնայ որեւէ զինուորական գործողութիւններ կատարելէ», յայտնեց նախագահ Սերժ Սարգսեան:

 

Share this Article
CATEGORIES