Հաղորդագրութիւն

Հինգշաբթի, 5 ապրիլ 2012-ին, ՔԱՀԼ-ի տնօրէն պատ. Սեպուհ Թերզեան եւ հաստատութեան բժիշկն ու պատասխանատուները ընդունեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանը եւ Լիբանանի պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին:

Շնորհաւորելէ ետք նոր նշանակուած տնօրէնը, պատուիրակութեան անդամները մօտէն ծանօթացան ՔԱՀԼ-ի մատուցած ծառայութիւններուն, այցելեցին պատսպարեալները եւ մեծապէս գնահատեցին տարուած աշխատանքը:

Այցելութեան աւարտին, յարգելի հիւրերը յաջողութիւն մաղթեցին տնօրէնութեան, իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հաստատութեան եւ պատրաստակամութիւնը` օգտակար ըլլալու ՔԱՀԼ-ի կարիքներուն:

ՔԱՀԼ-Ի ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES