ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՃԻԳԵՐՈՒՆ

Երէկ` երեքշաբթի, 5 ապրիլ 2011-ի առաւօտուն, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին ուղղուած յատուկ նամակով Արամ Ա. կաթողիկոս իր զօրակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ նախագահին տարած յարատեւ ճիգերուն` սուրիական հայրենիքին մէջ կայունութիւնը ամրապնդելու, բարեկարգութեան հոլովոյթ ճշդելու եւ տնտեսական յառաջդիմութիւն ապահովելու: Վեհափառը յայտնեց, որ Սուրիոյ հայութիւնը միշտ երախտագէտ կը մնայ սուրիական ժողովուրդին ու պետութեան եւ միշտ պատրաստ է իր ամբողջական մասնակցութիւնը բերելու Սուրիոյ առաւել հզօրացման աշխատանքներուն:

Share this Article
CATEGORIES