50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 7 ԱՊՐԻԼ 1961 )

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

ԽՐԱԽՈՒՍԻՉ ԵՐԵՒՈՅԹ

Գրած էինք, թէ Զատկուան տօնին առիթով երիտասարդներու խուռներամ ներկայութիւնը Լիբանանի բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ միանգամայն խրախուսիչ երեւոյթ մըն է, որ ցոյց կու տայ նոր սերունդի հայեցիութեան չափանիշը:

Նկատողութեան եւ ուրախութեան արժանի երեւոյթ մըն էր արդարեւ տեսնել, թէ երիտասարդութիւնը հսկայ, բազմութեամբ լեցուցած էր բոլոր եկեղեցիները, ջերմեռանդօրէն հետեւելու համար եկեղեցական հոգեպարար արարողութիւններուն, որոնք բացառիկ շուք եւ փայլ ստացած էին այս տարի:

Նոյն երեւոյթին մենք ականատես եղանք նաեւ Աւագ շաբթուան բոլոր կրօնական արարողութեանց ընթացքին, հինգշաբթի, ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը, որոնք քրիստոնէութեան մեծագոյն տօներն են եւ քրիստոնէական հաւատքի խորհուրդները կը խտացնեն:

Առաջ ալ մեր եկեղեցիները կը լեցուէին, բայց ընդհանրապէս տարեցներով: Երիտասարդութիւնը ընդհանրապէս կը խուսափէր եկեղեցի յաճախելէ` սխալ հասկցուած արդիականութեան մը տուրք տալով: Քանի մը տարիէ ի վեր, ու մանաւանդ այս տարի, հաւատացեալներու բազմութեան ջախջախիչ տոկոսը կը կազմէին երիտասարդները, որոնք խոր գիտակցութեամբ եկած էին` Հայաստանեայց եկեղեցիի կամարներուն ներքեւ հաղորդուելու քրիստոնէութեան վսեմ իտէալներով եւ այդ իտէալներուն մէջ գտնելու հայօրէն ապրելու եւ ներշնչուելու լաւագոյն առիթը:

Եթէ ընդունինք, որ մեր եկեղեցին, հայ ժողովուրդի գոյութեան եւ իբրեւ հաւաքական ապրում եւ մտածողութիւն յարատեւելու խարիսխներէն մէկն է – ընդունուած է արդէն անվիճելիօրէն, որովհետեւ պատմականօրէն հաստատուած անվիճելի փաստ մըն է այլեւս այս ճշմարտութիւնը – այդ եկեղեցիին հանդէպ երիտասարդներուն ցոյց տուած բացառիկ հետաքրքրութեան մէջ, մենք կը տեսնենք նոր սերունդի հարազատ նկարագիրը եւ իբրեւ հայ զգալու եւ մտածելու անոր անտեղիտալի վճռակամութիւնը:

Օտար երկինքներու տակ ծնած եւ հասակ նետած երիտասարդութիւնն է, որ այսօր այսքան հոգեւին կը փարի իր ազգային գոյութեան հիմնական խարիսխներէն մէկուն: Երիտասարդութիւն մը, որ ամէն օր, ամէն ժամ, ենթակայ է սայթաքելու` այլասերումի լպրծուն գետիններուն վրայ: Երբ այսքան վտանգներու առջեւ կուրծք կը ցցէ եւ հայու իր հարազատ նկարագիրով կը մտնէ իր եկեղեցիներէն ներս` այդ երիտասարդութիւնը փաստած կ՛ըլլայ իր ազգային գիտակցութեան խորութիւնը եւ իբրեւ հայ ապրելու եւ մնալու իր հաւաքական որոշումը:

Հիմա, երբ արուեստական յոռետեսութեան հով մը կը փչէ գաղութէ գաղութ, երբ հայ ժողովուրդի հաւաքական կեանքին ոխերիմ թշնամիները ամէն ջանք կը թափեն` իր էութենէն պարպելու համար մեր ժողովուրդը, եւ դժբախտաբար կը գտնեն բարեմիտ մարդիկ, որոնք զանգահարը կը հանդիսանան այդ ահակոչին, երիտասարդութեան այս անտեղիտալի փարումը իր եկեղեցիին եւ եկեղեցիով խորհրդանշուող իր բոլոր սրբութիւններուն-մայրենի լեզու, դպրոց եւ գաղափարական կեցուածք – ինքնավստահութեան եւ լաւատեսութեան պատճառներ կու տայ մեզի, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի ապագային նկատմամբ անխախտ հաւատք եւ համոզում:

Երիտասարդութիւնը ընդհանրապէս խանդավառութիւն է եւ եռանդ: Ապագայ կարելիութիւններու խոստում եւ ոգեւորութեան աղբիւր: Եթէ սակայն այդ խանդավառութեան եւ եռանդին մէջ կը մտնէ նաեւ գիտակից մօտեցումը լրջախոհ եւ պատճառաբանուած կեցուածքը, այդ պարագային, կ՛ունենանք անխորտակ ուժ մը, որ իր ժողովուրդին պատմական առաքելութեան խորապէս համոզուած, լայն հնարաւորութիւններ կ՛ընծայէ մեզի, հայապահպանման պայքարի զանազան ասպարէզներուն մէջ:

Ուզեցինք շեշտել այս իրողութիւնը, որպէսզի մեր ժողովուրդի ապագային մասին կատարած մեր հաշիւներուն մէջ, չհիմնուինք սխալ ենթադրութիւններու եւ մեկնութիւններու վրայ, այլ իրատեսութեամբ մօտենանք հարցին` ի շահ մեր ընդհանրական կեանքին եւ ազգ. կարելիութիւններուն:

Share this Article
CATEGORIES