ՊԷՅՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ 4-ՐԴ ԽԱՂԵՐՈՒ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Պասքեթպոլի մրցանակակիրները- PROFOTO

Կազմակերպութեամբ «Սփոր Էվազիոն» ընկերութեան, Ժամհուրի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Պէյրութեան ընկերութիւններու 4-րդ խաղերու մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 2675 երկսեռ մասնակցողներու, ինչ որ մրցանիշ մը կը նկատուի: Մասնակցողները կը ներկայացնէին 32 ընկերութիւններ եւ համալսարաններ:

Ա. հանգրուանին տեղի ունեցան հետեւեալ մարզաձեւերու մրցումները.

Ֆութպոլ, ֆութպոլի շօ, փենալթի հարուածել, պասքեթպոլ, պարան քաշելու մարզաձեւ, գունտ արձակել, հեծելարշաւի ցուցադրական մրցում (տղաք եւ աղջիկներ), 100 մեթր վազք (երկսեռ), ընդհանուր գիտելիքներու մրցում եւ վերջապէս մարզական ընդհանուր գիտելիքներու մրցում:

Նշենք, որ պասքեթպոլի մէջ առաջին դիրքը գրաւեց «Պի. Էլ. Սի.», ապա յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին «Մաթթա» ընկերութիւնը եւ «Օ. Թի. Վի.»:

 

Share this Article
CATEGORIES