ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ «ԹՈՔԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Տոքթ. Վարուժան Մարկոսեան կը ներկայացնէ իր դասախօսութիւնը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 6 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Թոքային հիւանդութիւններ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց մանկաբուժ տոքթ. Վարուժան Մարկոսեան:

Առողջապահական յանձնախումբի անունով բացման խօսքը ներկայացուց Յասմիկ Մկրեան: Ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսն ու դասախօսութեան նիւթը` Մկրեան յիշեց շնչառական համակարգի կարեւորութիւնը եւ առողջ պահելը յատկապէս երեխաներուն մօտ:

Դասախօսութեան հովանաւորն էր Հայ աւետարանական Կերթմենեան վարժարանը:

Տոքթ. Վարուժան Մարկոսեան դասախօսութիւնը սկսաւ բացատրելով շնչառական համակարգը եւ անոր տարբեր մասերը, յատկապէս երեխաներու պարագային, երբ տակաւին բաւարար կազմաւորուած չեն ըլլար, եւ պատճառ կը դառնան տարբեր շնչառական համակարգի հիւանդութիւններու:

Յաջորդ բաժինով դասախօսը բացատրելէ ետք շնչառական համակարգը յիշեց, թէ ամբողջ շնչառական ուղին պատուած կ՛ըլլայ շատ նուրբ արեան երակներով հարուստ լորձաթաղանթով:

Երեխաներու պրոնշները ունին առանձնայատկութիւն: Անոնք նեղ են եւ հիւանդութիւններու պարագային լուսանցքը աւելի խիստ կը նեղնայ ու կը բորբոքի, ասիկա կը ստեղծէ հարուստ միջավայր մանրէներու զարգացման ու թոքաբորբի յառաջացման: Հետեւաբար` շնչառական համակարգի հիւանդութիւններէն ամէնէն յաճախակի պատահողները պրոնշիթներն են, որոնք մօտաւորապէս 40 առ հարիւրը կը կազմեն թոքային հիւանդութիւններուն եւ 2 առ հարիւրը ընդհանուր հիւանդութիւններուն:

Պրոնշիթները կ՛ըլլան երկու բնոյթի:

ա) Սուր բորբոքային պրոնշիթ:
բ)  Ալերժիք բնոյթի:

Մանկաբուժը յաջորդաբար բացատրեց վերոյիշեալ երկու տեսակները.

ա.- Սուր բորբոքային պրոնշիթը – որուն պատճառը ժահրերն են, մանրէները, կամ այլ գործօններ, ինչպէս` տարուան տարբեր եղանակներ, կլիմայի յանկարծակի փոփոխութիւն:

Այս պրոնշիթին հիմնական ախտանշանը հազն է. սկիզբը կ՛ըլլայ չոր, բայց հիւանդութեան երկրորդ շաբաթը կ՛ըլլայ աւելի փափուկ ու թաց: Այլ նշաններ, որոնք կը բնորոշեն վերոյիշեալ հիւանդութիւնը` ջերմաստիճանի բարձրացում, դէմքի տժգնութիւն, երեխան անհաղորդ եւ անտրամադիր կ՛ըլլայ, տկար կը զգայ:

Բուժումը` անթիպիոթիքներ, խուխաբեր դեղամիջոցներ, կենսանիւթեր, հանգիստ:

բ.- Ալերժիք բնոյթի (Պրոնշիըլ Ասթմա)

Ասթման հիւանդագին վիճակ մըն է, որ կ՛ախտահարէ շնչուղիները (բարակ շնչառական խողովակները): Ասթմայով երեխաներու շնչուղիները ընդհանրապէս բորբոքած եւ այտուցուած, ուռած վիճակի մէջ կը գտնուին: Երբ այս վիճակը կը հանդիպի Ասթման յառաջացնող գրգրիչ գործօնի հետ շնչուղիները կը կծկուին: Հետեւաբար` նեղցած շնչուղիի լուսանցքէն օդը դժուարութեամբ կը շարժի եւ կը յառաջացնէ խռռոցի ու սուլոցի ձայն: Խօսակցութեան ընթացքին շնչառութեան ընդհատում, դժուարութիւն կ՛ունենայ քալելու կամ աւելորդ շարժումներ ընելու: Սրտին զարկերը կ՛արագանան: Շնչառութեան ընթացքին կրծքավանդակի մկանները կը քաշուին:

Ասթմայի յառաջացման պատճառները շատ են: Հիմնական տեղը կը գրաւեն գերզգայնութեան կանխատրամադրութիւնը եւ ապա միջավայրի ազդակները:

Ասթման երկար տեւող հիւանդութիւն մըն է, բայց երբ զգուշ ըլլանք եւ հետեւինք ընթացքին, կարելի կ՛ըլլայ նուազեցնել ազդեցութիւնը գերզգայնութիւն յառաջացնող ազդակներու:

Ասթման փոխանցիկ հիւանդութիւն մը չէ: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ մեծ ախտանշանները կը նուազին արբունքի շրջանին: Բայց 30 առ հարիւրով պարագաները 20-30 տարեկանէն վերջ կրկին կը սկսին:

Վերջին բաժինով տոքթ. Վարուժան Մարկոսեան բացատրեց, թէ բոլոր երեխաներու շնչառութեան ընկերակցող սուլոցը կամ խռռոցը պայման չէ որ ասթմաթիք ըլլան: Տարբեր պատճառներ եւ պայմաններ կան, որոնք պատճառ կը դառնան, որ շնչառութեան ընթացքին լսուի սուլոցը եւ խռռոցը:

Դասախօսութեան աւարտին ներկաներուն առիթ տրուեցաւ հարցում հարցնելու. տոքթ. Մարկոսեան օրինակներով եւ թելադրանքներով պատասխանեց բոլորին հարցումներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES