ՌՈՒՄԻԷԻ ԲԱՆՏԻՆ ՄԷՋ ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐՋ ԳՏԱՒ

Աւերը` Ռումիէի բանտին մէջ

Ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը երէկ հաստատեց, որ Ռումիէի բանտին մէջ բանտարկեալներուն կողմէ ծայր առած ըմբոստութիւնները արդէն իսկ վերջ գտած են:

Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ ապահովութեան ուժերը, որոնք մուտք գործած են բանտ, փամփուշտ չեն արձակած, այլ` հսկած են արգելափակեալներուն ապահովութեան, սակայն բանտ ներխուժման ընթացքին արձանագրուած են երկու զոհեր, որոնցմէ առաջինը` Ռոյ Ազար, ապահովութեան ուժերուն կողմէ նետուած արցունքաբեր կազ պարունակող ռումբը բռնած է եւ փորձած է զայն նետել ապահովութեան ուժերուն վրայ, սակայն ռումբը պայթած է եւ սպաննած խնդրոյ առարկայ անձը:

Հաղորդագրութեան համաձայն, երկրորդ զոհը` Ժամիլ Ապու Աաննէ, մեռած է սրտի կաթուածի պատճառով:

Նշենք, որ մինչեւ գիշեր արդէն իսկ Ռումիէի բանտին մէջ ելեկտրական հոսանքը վերահաստատուեցաւ եւ բանտարկեալներուն սննդեղէն եւ տարրական կարիքներ տրամադրուեցան:

Միւս կողմէ, արգելափակեալներուն հարազատները երէկ դարձեալ բողոքի ցոյցեր կատարեցին Ռումիէի բանտին մուտքին` պահանջելով իրենց հարազատներուն ներում շնորհել:

Բանտարկեալներուն հարազատներուն ցոյցը աւարտեցաւ երեկոյեան ժամը 5:00-ին:

Այլ ցոյց մը կատարուեցաւ նաեւ Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ` ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ:

Բանտարկեալներու հարազատներուն մէկ պատուիրակութիւնը խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահերին յանձնեց նամակ մը, որուն մէջ նշուեցան բանտարկեալներուն պահանջները, որոնցմէ են բանտարկեալները դատավարութեան կանչել եւ բանտարկութեան տարուան տեւողութիւնը ինը ամիսով սահմանափակել:

Այս ծիրին մէջ, աշխատանքներու ամբողջացման կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց նախարար Զիատ Պարուտ, արդարութեան նախարար Իպրահիմ Նաժժար, ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզա եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի բանտերուն պարզած իրավիճակը եւ ցաւ յայտնուեցաւ Ռումիէի բանտին ըմբոստութիւնը հակակշիռի տակ առնելու նպատակով արձանագրուած զոհերուն համար:

Նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Լիբանանի բանտերուն հարցերը կարմիր գիծեր են եւ ընդգծուեցաւ, որ անհրաժեշտ է բանտերուն մէջ հսկողութիւնը խստացնել, ինչպէս նաեւ որոշուեցաւ վերանորոգել հրկիզուած բանտը եւ բանտին մէջ հաստատել գրասենեակ մը, որ ուղղակի պատասխանատու է բանտարկեալներէն բողոքներ ստանձնելու:

 

 

Share this Article
CATEGORIES