Արուեստի Աշխարհէն. «Համլեթ». Ստալինի Ատած Թատերախաղը

Անտրէոս Մամոնթովաս` Համլեթը մարմնաւորող դերասանը:

ՇԷՅՔՍՓԻՐԻ ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԵՐԸ ԵՐԿԱԹԷ ՎԱՐԱԳՈՅՐԻՆ ԵՏԻՆ ՄԻՋՈՑ ՄԸՆ ԷԻՆ ԹԱՏՐՈՆԻ ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍՆԵՐՈՒՆ ՓՈԽԱՆՑԵԼՈՒ ԹԱՔՈՒՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ` ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԱՍԻՆ: ԱՅԺՄ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻ «ՀԱՄԼԵԹ»-Ի ԼԻԹՈՒԱՆԱԿԱՆ ՄԷԿ ԲԵՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐ ԻՐ ԳԵՐԵԶՄԱՆԻՆ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԽՌՈՎԷՐ ԱՅՍ ԹԱՏՐԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ ԱՏԱԾ ՍՏԱԼԻՆԸ… «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՇԷՅՔՍՓԻՐ ԻՐ 400 ՏԱՐՈՒԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԵՐՈՎ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԵՒ ՏԻՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ԷՐ ՆԱԽԿԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՏԱՐԱԾՔԻՆ (ՅՕԴՈՒԱԾԸ ՆԱԵՒ ԿԸ ՊԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱԿՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ):

Երբ Լիթուանիոյ ռոք երաժշտութեան մեծագոյն աստղը Անտրէոս Մամոնթովաս 1996-ին ստացաւ Համլեթի դերը կատարելու առաջարկը, քիչ մը զարմացաւ, սակայն որոշեց փորձել: Այժմ ան 15 տարիէ ի վեր կը կատարէ դանիացի իշխանին դերը եւ շուտով զայն պիտի մարմնաւորէ Բրիտանիոյ մէջ, Ողիմպիական խաղերը նշող մշակութային փառատօներուն ծիրին մէջ:

Շուրջ 9 ամիսէ ի վեր կը կատարուէին փորձերը այս թատերախաղին, որ սկիզբը 7.5 ժամ տեւողութիւն ունէր, եւ նոյնիսկ այսօր կը տեւէ շուրջ 4 ժամ (գոյութիւն ունի նաեւ միայն 2 ժամնոց կրճատուած տարբերակ մը):

Անոր յարատեւութեան պատճառը Այմութաս Նեքրոսիոսն է. Եւրոպայի ամէնէն հռչակաւոր բեմադրիչներէն մէկը, ինչպէս նաեւ` այն յատուկ մակարդակը, զոր Շէյքսփիր կը վայելէ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներուն տարածքին:

Խորհրդային ժամանակներու Լիթուանիոյ մէջ մարդիկ երբեմն կարգի կը սպասէին Շէյքսփիրի կարգ մը բեմադրութիւններուն տոմսերը գնելու համար: Շէյքսփիր կը կազմէր մշակոյթ մը, որ կը վայելէր պետութեան կողմէ շնորհուած արտօնութիւն: Սակայն անոր թատրերգութիւնները իբրեւ այլընտրանքային պատմութիւններ` խորհրդային ժամանակներու նուիրեալ հերոսներուն մասին, նաեւ միջոց մըն էին բեմադրիչներու համար խորհրդանշական մակարդակի վրայ արծարծելու արգիլուած նիւթեր: Թատրոն երթալը կը ստեղծէր այնպիսի խանդավառութիւն մը, որ հաւանաբար այսօր գոյութիւն չունի, ինչպէս կ՛ըսէ Մամոնթովաս:

«Կը կարօտնամ այդ ժամանակներու գաղտնի պատգամները… միշտ ալ գողտրիկ գաղտնի պատգամներ կը փոխանցուէին արուեստագէտէն` հանդիսատեսին: Սակայն այժմ անոնց կարիքը չկայ, որովհետեւ կարելի է բացայայտօրէն ըսել այն, ինչ որ կը փափաքինք: Այժմ թատրոնը առաւելաբար հաճելի ժամանց մըն է», կ՛ըսէ ան:

Շէյքսփիր բեմադրելու գրաւչութեան մաս կը կազմէր նաեւ անոր ընկերակցող երաժշտութիւնը: Յաճախ ռոք երաժշտութիւնը ծածուկ կերպով մուտք կը գործէր բեմադրութիւններու մէջ, այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ արեւմտեան մշակոյթի բազմաթիւ երեւոյթներ արգիլուած էին. անոնց ցանկը երկար էր եւ այլազան:

««Էյ. Սի. Տի. Սի.»-ն եւ Թինա Թըռնըրը, որ արգիլուած էր իր սեռայնութեան պատճառով, «Սթրենկլըրզ» եւ «Քլեշ» խումբերը իմ նախասիրութիւններս էին, նաեւ` Խուլիօ Իկլեսիասը», կ՛ըսէ Մամոնթովաս:

Լիթուանիոյ Ազգային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Օտրոնիս Լիուկա կը յիշէ 1982-ին «Ռոմէօ էնտ Ճուլիեթ»-ի երաժշտախառն անմոռանալի բեմադրութիւնը:

«Ազատութեան ոգի մը կար անոր մէջ: Շատ երիտասարդական էր եւ հաճելի, յանպատրաստից արտայայտութիւններով, շատ հասկնալի` այն սերունդին համար, որ կ՛ունկնդրէր «Պիթըլզ», «Ճիզըզ Քրայսթ Սուփըրսթար» եւ նման խումբերու երաժշտութիւնը, որ անշուշտ արտօնուած չէր», կ՛ըսէ ան:

Լիթուանական այս նոր բեմադրութիւնը յագեցած է երաժշտութեամբ, սակայն` ոչ ռոք, թէեւ շատ հեռու է աւանդական բեմադրութիւն մը ըլլալէ. Վերածնունդի ժամանակներու բաճկոններ եւ նեղ տաբատներ չենք տեսներ հոն, իսկ Եորիքի գանկը փոխարինուած է հնդկընկոյզով:

Լիթուանիոյ Ազգային թատերախումբը մէկն է այն 37 թատերախումբերէն, որոնք կը մասնակցին Շէյքսփիրի համաշխարհային փառատօնին` Լոնտոնի «Կլոպ» թատերասրահին մէջ: Խորհրդային ժամանակներու խօսուն փոխանակում մը. Համլեթ. «Իմ լաւ բարեկամներս, այս ի՛նչ բախտի արժանացած էք, որ այժմ կը նետուիք բանտ»: Կիլտընսթըռն. «Բա՛նտ, ով տէր»: Համլեթ. «Դանիո՛յ բանտը»: Ռոզընքրանց. «Ուրեմն աշխարհը նոյնն է ամէն տեղ»: Համլեթ. «Նոյնն է եւ նոյն տարողութեամբ, բազմաթիւ արգելարաններով, բանտի խուցերով եւ զնտաններով: Իսկ Դանիան յոռեգոյններէն է»:

 

«Համլեթ» նաեւ իր իւրայատուկ պատմութիւնը ունի Խորհրդային Միութեան տարածքին: Լիթուանիոյ արհեստավարժ թատրոնի կանուխ ժամանակներու ուշագրաւ ներկայացումներուն մաս կը կազմէր թատերագիր Անթոն Չեխովի թոռան` Միխայիլ Չեխովի «Համլեթ»-ի բեմադրութիւնը:

Սակայն այնուհետեւ «Համլեթ» ընդունելի չէր: Յայտնապէս Ստալին թշնամացած էր Դանիոյ անվճռական իշխանին դէմ: «Համլեթ»-ի մութ աշխարհին` Էլսինորի եւ Քրեմլինի միջեւ զուգահեռներ գծող բաղդատութիւնները հաւանաբար շատ սերտ էին եւ կ՛անհանգստացնէին խորհրդային ղեկավարը:

Համլեթի հօրեղբայրը` Քլոտիըս խլած էր գահը եւ իշխանութենէ զրկած էր երիտասարդ Համլեթը: Զուգահեռները յստակ էին անոնց համար, որոնք տրամադիր էին տեսնելու զանոնք. Ստալին խլած էր Լենինի ղեկավար դիրքը եւ տապալած էր Թրոցքիի նման իր մրցակիցները:

Կար նաեւ խորհրդապաշտութեան այլ մակարդակ մը. Ստալին, որ շատ կը սիրէր թատրոն յաճախել, թշնամացած էր բեմադրիչ Վսեւոլոտ Մէյերհոլտի հետ, ձերբակալել տուած էր զայն, տանջանքի ենթարկել տուած էր եւ` սպաննելու վճիռ արձակած:

Մէյերհոլտ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին երազած էր Համլեթ բեմադրել, որովհետեւ անիկա իր նախասիրած թատրերգութիւնն էր, սակայն երբեք առիթը չէր ունեցած իրականացնելու իր ցանկութինը: Հռչակաւոր է դառն հեգնանքի այն արտայայտութիւնը, զոր Մէյերհոլտ կտակած էր իր տապանաքարին համար. «Աստ հանգչի մարդ մը, որ երբեք չխաղցաւ կամ չբեմադրեց Համլեթ»: 1940-ին բեմադրիչին սպանութեան օրէն ի վեր Համլեթի եւ Մէյերհոլտի անունները միացած են ժողովրդային երեւակայութեան մէջ:

Ըլլալ, թէ` չըլլալ: - Ասիկա ամէնէն աւելի ծանօթ խօսքն է «Համլեթ»-ի 1500 տողերուն մէջ: Թատրերգութեան երրորդ արարին առաջին տեսարանին մէջ Համլեթ մենախօսութեան մը ընթացքին կ՛արտասանէ այս տողերը, երբ կը փորձէ հաստատել իր հօրեղբօր ոճրային դերը` իր հօր սպանութեան եւ Դանիոյ գահին տիրանալու մէջ: Համլեթի մենախօսութիւնը փիլիսոփայական հզօր խորհրդածութիւն մըն է կեանքի եւ մահուան մասին:

Ստալինի մահը 1953-ին անմիջապէս կայծ տուաւ «Համլեթ»-ի նոր արտադրութիւններու, որոնք փորձաքարի կը զարնէին յետստալինեան ժամանակներու ձիւնհալին սահմանները, գիտնալու համար, թէ մինչեւ ո՛ւր կը հասնէին անոնք: Այսպէս` թատերախաղը ստացած էր խօսքի ազատութեան խորհրդանշական դիրք մը:

«Կլոպ»-ի` Շէյքսփիրի փառատօնի ղեկավար Թոմ Պըրտ կը բացատրէ, թէ այս արձագանգը տարածուած էր ամբողջ շրջանին մէջ:

«Նախկին խորհրդային բոլոր երկիրներուն մէջ կը տիրէ այն զգացողութիւնը, թէ Շէյքսփիր երբեք գրաքննութեան չէր ենթարկուած: Հետեւաբար ան այս վայրերուն մէջ ոչ միայն գրագէտ մըն էր, այլ նաեւ` ազատամարտիկ մը, գրեթէ սուրբ մը», կ՛ըսէ ան:

«Հայաստանի քաղաքամերձ շրջաններուն մէջ կը հանդիպիս Շէյքսփիր անունով մարդոց»:

«Հայաստանի ամէնէն հռչակաւոր ֆութպոլի մարզիկը Հենրիք Մխիթարեանն է, որուն երկրորդ անունը Համլեթ է: Իսկ Համլեթը սկովտիական Համիշ անունին հայկական տարբերակը չէ, այլ` նոյնինքն դանիական Համլեթն է: Անհաւատալի է, թէ ան ինչպէ՛ս կը թափանցէ ամէն ինչի մէջ»:

Սակայն նաեւ կը տիրէ այն զգացումը, թէ բան մը կորսուած է: Մարդիկ չեն կարօտնար վախը, սակայն բարձր մակարդակի մշակոյթի մէջ Շէյքսփիրի առանձնաշնորհեալ դիրքը այլեւս գոյութիւն չունի: Ճիշդ է, որ Թինա Թըռնըր եւ Խուլիօ Իկլեսիաս արգիլուած էին խորհրդային ժամանակներուն, սակայն գոյութիւն ունէր խոր ակնածանք մը Շէյքսփիրի նկատմամբ:

Մամոնթովաս 15 տարիէ ի վեր խանդավառօրէն կը կատարէ դանիացի իշխանին դերը եւ պատրաստ է քանի մը տարի եւս մարմնաւորելու զայն: Սակայն ան կը գիտակցի, թէ ժամանակը մօտ է վերջ դնելու իր դերակատարութեան:

«Շատ ուրախ եմ եւ շատ բախտաւոր, որ այստեղ եմ. այս թատերախաղը բազմաթիւ դռներ բացած է ինծի համար: Այս դերը ստանձնեցի, երբ 29 տարեկան էի եւ Համլեթի տարիքը ունէի: Տարօրինակ պիտի ըլլար, եթէ շարունակէի Համլեթ խաղալ 50 տարեկանիս», կ՛ըսէ ան:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES