Ամերիկահայութիւնը Նիւ Եորքի Մէջ Յատուկ Ընդունելութիւն Կը Պատրաստէ Նախագահ Ալիեւին Համար

Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը, որ պէտք է խրախուսէ աշխարհի մէջ խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը, արտօնէ Ազրպէյճանի ռազմամոլ նախագահին` նախագահել այդ վսեմաշուք մարմինը: Դժբախտաբար նման անարգանք հնարաւոր է, պարզապէս որովհետեւ Ազրպէյճանի կարգն է մայիս ամսուն ստանձնելու Ապահովութեան խորհուրդին նախագահութիւնը:

Հաշուի առնելով Իլհամ Ալիեւի յարատեւ հակահայկական հռետորութիւնը` ոչ ոք թող զարմանայ, երբ ան ՄԱԿ-ի բեմը վերածէ նոր ռազմադաշտի մը: Բարեբախտաբար անոր զինուժը ո՛չ վերապատրաստում ունի, ո՛չ ալ կը ձգտի օգտագործել իր խիստ արդիական զէնքերը, ներառեալ` Իսրայէլէն վերջերս գնուած 1.6 միլիառ տոլար արժողութեամբ զինամթերքը: Հաշուի առնելով Ազրպէյճանի անկարողութիւնը` Արցախի դէմ պատերազմելու, եւ վախնալով, որ նման բախումի մը պատճառով կրնայ կորսնցնել յաւելեալ տարածքներ, վտանգի ենթարկել իր քարիւղի արդիւնաբերութիւնն ու քարիւղատար խողովակները, Ալիեւ կը փորձէ շեղել իր խեղճ ու կրակ ժողովուրդին ուշադրութիւնը` սպառնալիքներ հնչեցնելով եւ հայերու հետ բանավիճելով:

Խնդիրն այն է, որ միայն ազրպէյճանցիները չեն, որոնք կը լսեն Ալիեւին թշնամական յայտարարութիւնները: Ազրպէյճանի սահմանակից երկիրները` Իրանը, Թուրքիան եւ Ռուսիան, յատուկ ուշադրութեան կ՛արժանացնեն ՄԱԿ-ի մէջ սուր ճօճելու անոր սպառնալիքները: Հարեւան երկիրները կ՛անհանգստացնէ այն, որ Ազրպէյճան կը հանդիսանայ իրենց տարածաշրջանին մէջ Իսրայէլի փոխանորդը: Եթէ Իսրայէլ յարձակի Իրանի վրայ` օգտագործելով Ազրպէյճանի օդային խարիսխները, ապա Իրան կրնայ հակահարուած հասցնել` գրաւելով Ազրպէյճանը, քանի որ Իրանի հիւսիսը աւելի շատ ազրպէյճանցիներ կան, քան` Ազրպէյճանի ամբողջ տարածքին:

ՄԱԿ-ի մէջ Ալիեւ հաւանաբար պիտի մէջբերէ այն թշնամական խօսքերը, զորս ան օգտագործեց վերջերս Պաքուի մէջ: Ան հայերը անուանեց ֆաշական` բնութագրելով զանոնք որպէս Ազրպէյճանի գլխաւոր ոսոխ եւ մեղադրելով «հայկական լոպին»` որպէս իր «թիւ մէկ» թշնամին: Օգտագործելով հակասեմական փոխ առնուած լեզուն եւ փոխարինելով «հրեաներ» բառը «հայեր»-ով, Ալիեւ կ՛ընէ ցեղապաշտական հետեւեալ մեղադրանքը. «Անոնց ազդեցութեան շրջանակը բաւական լայն է: Անոնք (հայերը) ներկայացուած են տարբեր երկիրներու առաջատար տպագիր մամուլին մէջ: Երբեմն անոնք հանդէս կու գան տարբեր անուններով եւ կը թաքցնեն իրենց «ազգային» ծագումը: Ատելութեամբ լեցուն Ալիեւի յաճախակի ելոյթները լաւագոյն ապացոյցն են այն բանին, թէ ինչո՛ւ Արցախի հայերը այլեւս երբե՛ք չեն կրնար ապրիլ անոր բռնապետական վարչակարգին ներքոյ:

Ալիեւ հայերը նաեւ քննադատեց, որովհետեւ անոնք Ազրպէյճանը անուանած են «յետամնաց եւ ոչ ժողովրդավար», ինչ որ ճշգրտօրէն կը նկարագրէ իր երկրին մարդու իրաւունքներու ցաւալի իրավիճակը: «Միջազգային համաներում» կազմակերպութիւնը, «Մարդու իրաւունքներու դիտորդ»-ը, Եւրոպական խորհրդարանը եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ինչպէս նաեւ արեւմտեան մամուլը շարունակաբար քննադատած են Ազրպէյճանը` անթիւ լրագրողներու, «պլոկըր»-ներու, այլախոհներու, ընդդիմութեան անդամներու եւ շարքային քաղաքացիներու իրաւունքները ոտնահարելուն համար:

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով անցեալ շաբաթ Ալիեւին տուաւ պատշաճ պատասխան մը, երբ վերջինս պարծեցաւ, թէ` «Պիտի գայ այն օրը, երբ Ազրպէյճանի դրօշը պիտի ծածանի Խանքենդի (Ստեփանակերտ) եւ Շուշայի (Շուշի) վրայ»: Շարմազանով հեգնանքով ըսաւ, որ Ազրպէյճանի դրօշը կրնայ ծածանիլ Արցախի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան վրայ միայն այն ատեն, երբ Պաքուն ճանչնայ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատէ անոր հետ:

Ալիեւի թշնամական խօսքերուն հակահարուած տալու նպատակով ամերիկահայերը Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու եւ ազրպէյճանցի այլախոհներու հետ վստահաբար իրենց բողոքի ձայնը պիտի բարձրացնեն մայիսի սկիզբը, ՄԱԿ-ի կեդրոնին առջեւ, այն ատեն, երբ Ազրպէյճանի նախագահը սկսի դուրս թափելու իր հակահայկական թոյնը:

Դժբախտաբար Ալիեւ մտադիր չէ այցելել Ամերիկայի Արեւմտեան ափ, ուր, անկասկած, հայաշատ համայնքը զանգուածային բողոքներով պիտի դիմաւորէ անոր հայատեաց խօսքերն ու գործողութիւնները: Այնուամենայնիւ, Քալիֆորնիոյ հայկական համայնքը կրնայ օգտուիլ Ալիեւի Միացեալ Նահանգներ այցելութենէն` խնդրելով, որ նահանգի օրէնսդիր մարմինը ընդունի թիւ 96 բանաձեւը, որ կը յիշատակէ Ազրպէյճանի քաղաքներուն` Սումկայիթի, Կիրովապատի (Գանձակ) եւ Պաքուի մէջ հայերուն դէմ իրականացուած ջարդերը:

Ոտնահարելով Միացեալ Նահանգներու օրէնքները եւ ընդունուած դիւանագիտական արարողակարգը` Լոս Անճելըսի մէջ Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսարանը երկար նամակ մը ուղարկեց Քալիֆորնիա նահանգի օրէնսդիր մարմինի բոլոր անդամներուն` կոչ ընելով անոնց չսատարելու այդ բանաձեւի ընդունման: Ազրպէյճանի ժամանակաւոր գլխաւոր հիւպատոս Ռամիլ Կուրպանովի կողմէ ստորագրուած սոյն նամակը ակնյայտօրէն մշակուած էր իր լոպիական ընկերութիւններէն մէկուն կողմէ: Այս քարոզչական գրութիւնը կը պարունակէ ծիծաղելի բազմաթիւ յայտարարութիւններ, սակայն ատիկա մտահոգութիւն մը չէ այն «վարձու գրչակներ»-ուն, որոնք պատրաստ են ամէն ինչ ընելու, որպէսզի իրենց վճարող ազրպէյճանցիները երջանիկ պահեն, քանի տակաւին շռայլօրէն կը հատուցուին իրենց պիղծ աշխատանքին համար:

Արեւմտեան ափի ամերիկահայերը պէ՛տք է դիմեն նահանգի օրէնսդիր մարմինի անդամներուն, մասնաւորապէս թիւ 96 բանաձեւի համահեղինակներուն` պատգամաւորներ Ֆելիփէ Ֆուենթեսի, Քաչօ Աչաճեանի եւ Մայք Կաթոյի, ու պահանջեն այս բանաձեւը դարձեալ քուէարկութեան դնել, մինչ նախագահ Ալիեւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին կը գտնուի: Մինչդեռ Արեւելեան ափի ամերիկահայերը պէտք է մայիսի սկիզբները ՄԱԿ-ի կեդրոնին առջեւ խուռներամ հաւաքուին` բողոքելու համար նախագահ Ալիեւի` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ժամանակաւոր «նախագահ»-ի, ցեղապաշտական խօսքերուն դէմ:

Աւելի՛ն. հայկական համայնքը պէտք է բողոքէ դաշնակցային եւ նահանգային իշխանութիւններուն մօտ` Ազրպէյճանի հիւպատոսին կողմէ Միացեալ Նահանգներու ներքին գործերուն ապօրինի միջամտութեան համար եւ պահանջէ Միացեալ Նահանգներէն Ռամիլ Կուրպանովի վտարումը` որպէս «անբաղձալի անձ»:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES