Անասնագիտական. Կոկորդիլոսները` Ամէնէն Ուժեղ Կերպով Խածնող Անասունները

Մարտի կէսերուն ամերիկացի խումբ մը անասնագէտներ յատուկ սարքի մը միջոցով չափած են տարբեր անասուններու խածած ուժին տարողութիւնները եւ գտած են, թէ կոկորդիլոսները աշխարհի ամէնէն զօրաւոր խածուածքը ունեցող անասունները նկատուած են:

Մասնագէտները չափած են քսաներեք տեսակի կոկորդիլոսներու խածած ուժին  տարողութիւնները եւ գտած են, թէ աղի ջուրի կոկորդիլոսներուն խածած ուժին տարողութիւնը հասած է տասնվեց հազար չորս հարիւր վաթսուն նիւթոնի (ուժաչափ):

Նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւններէ ձեռք ձգուած տուեալները ցոյց տուած են, թէ մարդոց խածած ուժին տարողութիւնը կը հասնի մօտաւորապէս ութ հարիւր իննիսուն նիւթոնի, իսկ բորենիներունը, առիւծներունը ու վագրերունը` մօտաւորապէս չորս հազար չորս հարիւր յիսուն նիւթոնի:

Իսկ 2008-ին համակարգիչի ծրագրի նախատիպի մը միջոցով ձեռք ձգուած տուեալ մը ցոյց տուած է, թէ վեցուկէս մեթր երկայնք ունեցող սպիտակ շանաձուկին խածած ուժին տարողութիւնը կրնայ հասնիլ տասնեօթը հազար եօթը հարիւր իննսուն նիւթոնի, սակայն նշեալ տուեալը վաւերական չէ նկատուած, քանի որ անիկա չէ հիմնուած ուղղակիօրէն շանաձուկին վրայ կատարուած փորձարկման վրայ:

Վտանգաւոր Նախաձեռնութիւն

Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ամերիկացի հնակենսաբան Կրեկորի Էրիքսոն ու անոր ընկերակցող մասնագէտներու խմբակը չափած են մեծ թիւով աղի ջուրի ու ամերիկեան կոկորդիլոսներու ինչպէս նաեւ` Նեղոսի մէջ ապրող ու այլ տեսակի կոկորդիլոսներու խածած ուժին տարողութիւնները:

Անոնք պատրաստած են անջրանցիկ ու շատ տոկուն սահագլան մը, որ կաշիով լեցուած է եւ զայն տեղադրած են Ֆլորիտայի մէջ կոկորդիլոսներու յատուկ եղող կենդանաբանական պարտէզին մէջ եւ մեծ ճիգ թափած են, որպէսզի զայն խածնել տան կոկորդիլոսներուն,- նշեալ սահագլանը միացուած է այլ սարքի մը, որ չափած է կոկորդիլոսներուն խածած ուժին տարողութիւնները:

Թէեւ մասնագէտները անհրաժեշտ միջոցառումները առած են` իրենք զիրենք պաշտպանելու համար կոկորդիլոսներուն վտանգէն, միւս կողմէ, սակայն, բաւական վտանգաւոր եղած է վերոնշեալ նախաձեռնութիւնը:

Մասնագէտ Էրիքսոնին համաձայն, կոկորդիլոսները իրենց ունեցած խածնելու ուշագրաւ կարողութեամբ յաջողած են աւելի քան ութսունհինգ միլիոն տարի շարունակ իրենց հակակշիռին տակ պահել ջուրերուն յատակը գտնուող որմնախորշերը եւ ցարդ ոչ մէկ ծովային անասուն յաջողած է իրենցմէ խլել այդ որմնախորշերը, նոյնիսկ` եղափոխութիւն ապրած ծովային անասունները:

Ուժեղ Կերպով Խածնելու Յատկութիւնը
Պահպանուած
` Սկզբնական Ժամանակներէն

Մասնագէտները գտած են, թէ կոկորդիլոսներուն խածած ուժին տարողութիւնը կախեալ չէ եղած անոնց ծնօտին ստացած տարբեր ձեւերէն եւ կամ ատամներուն կերտուածքէն, ինչպէս որ է պարագան մեծ թիւով անասուններու, այլ անոնք արդէն իսկ սկզբնական ժամանակներէն շատ ուժեղ կերպով խածնող անասուններ եղած են, նշեալ յատկութիւնը հետաքրքրականօրէն պահպանուած մնացած է անոնց մօտ եւ որեւէ ձեւով չէ ազդուած ժամանակի ընթացքին անոնց մարմնին մէջ յառաջացած տարբեր եղափոխութիւններէն:

Ամերիկացի այլ հնակենդանաբան մը` Լոռա Փոռօ ըսած է, թէ նորագոյն ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած տուեալները կրնան նպաստել, որպէսզի կարելի ըլլայ որոշ տեղեկութիւններ ձեռք ձգել հնագոյն ժամանակներուն կոկորդիլոսներու ընտանիքին պատկանած, սակայն ժամանակի ընթացքին անհետացած հսկայ սողուններուն կենսաբանութեան մասին:

Այսուհանդերձ, մասնագէտ Էրիքսոն ու անոր ընկերակցող մասնագէտները օգտագործած են հնագոյնժամանակներուն գոյութիւն ունեցած հսկայ կոկորդիլոսներու բրածոներէն ձեռք ձգուած մարմնի չափերը եւ փորձած են այդ չափերուն հիման վրայ արժեւորել անոնց խածած ուժին տարողութիւնները` իբրեւ հիմք ծառայեցնելով նորագոյն ուսումնասիրութիւններէն ձեռք ձգուած մարմնի տարբեր չափեր ունեցող կոկորդիլոսներուն խածած ուժին տարողութիւնները:

Աղի Ջուրի Կոկորդիլոսներուն
Խածած
Ուժին Տարողութիւնը
Շատ
Աւելի Բարձր` Կարգ Մը Մսակեր
Հոյամողէզներու
Խածած Ուժին
Տարողութենէն

Մասնագէտները գտած են, թէ հնագոյն ժամանակներուն ապրած եւ մօտաւորապէս վեց մեթր երկայնք ունեցած վայրենի կոկորդիլոսներուն խածած ուժին տարողութիւնը կրնայ հասած ըլլալ մինչեւ երեսունչորս  հազար երկու հարիւր յիսուն նիւթոնի:

Իսկ ինչ կը վերաբերի հնագոյն կոկորդիլոսներու շարքին դասուած ու լիմուզինի մը չափը ունեցած «ահարկու» կոչուած կոկորդիլոսին խածած ուժին տարողութեան, ապա մասնագէտ Էրիքսոնին կարծիքով, անիկա կրնայ հասած ըլլալ մինչեւ հարիւր երկու հազար եօթը հարիւր յիսուն նիւթոնի…:

Մասնագէտները նշած են նաեւ, թէ ներկայիս գոյութիւն ունեցող կոկորդիլոսներուն մէջ ամէնէն ուժեղ կերպով խածնող աղի ջուրի կոկորդիլոսներուն խածած ուժին տարողութիւնը շատ աւելի եղած է կարգ մը մսակեր հոյամողէզներու խածած ուժին ունեցած տարողութենէն:

Այլ մասնագէտներ նշած են, թէ կոկորդիլոսներուն խածած ուժին այդքան մեծ տարողութիւնները կրնան առնչուած ըլլալ անոնց ծնօտին ու դունչին շուրջ կուտակուած մկաններուն հետ: Սակայն հնագոյն ժամանակներուն գոյութիւն ունեցած են հոյամողէզներ, որոնք թէեւ կոկորդիլոսներուն ծնօտներուն չափ մկանոտ ծնօտներ չեն ունեցած, բայց եւ այնպէս անոնց խածած ուժին տարողութիւնները շատ աւելի մեծ եղած են կոկորդիլոսներուն խածած ուժին տարողութենէն:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(Օգտագործուած աղբիւրներ՝
«Նեշընըլ ճիոկրաֆիք» եւ «Հելթ Տէյ»)

Share this Article
CATEGORIES