Լեզուական Նիւթեր. Սնանկութեան Եւ Գիրութեան Պատճառը` Լեզո՞ին

ԼԵԶՈՒՆ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ՁԵՒԱՒՈՐԷ ՄԵՐ ՄՏԱԾԼԱԿԵՐՊՆ ՈՒ ՎԱՐՈՒԵԼԱԿԵՐՊԸ ԿԱՄ` ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԱՊ ՉՈՒՆԻ ԱՅՍ ԵՐԿՈՒՔԻՆ ՀԵՏ: ԼԵԶՈ՞ՒՆ Կ՛ՈՐՈՇԷ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՄԸ ՎԱՐՈՒԵԼԱԿԵՐՊՆ ՈՒ ՄՏԱԾԵԼԱԿԵՐՊԸ, ԹԷ` ՄՇԱԿՈՅԹԸ ԿԸ ՁԵՒԱՒՈՐԷ ԼԵԶՈՒՆ: ԹԵՐ ՈՒ ԴԷՄ ՎԷՃԵՐԸ ՅԱՃԱԽ ՀԱՄՈԶԻՉ ԴԻՏԱՐԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ ԼԵԶՈՒԱԳԻՏԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ: ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ՀՈԳԵԲԱՆ ԵՒ ԻՄԱՑԱԿԱՆ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ՃԻՒԼԻ ՍԵՏԱՒԻ «ՏԻՍՔԱՒԸՐ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ԺԽՏԷ ԼԵԶՈՒԻ ԵՒ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ ԿԱՊԸ:

Եէյլ համալսարանէն տնտեսագէտ Քիթ Շեն զգայացունց հաստատում մը կը կատարէ ցարդ չհրատարակուած ուսումնասիրութեան մը մէջ: Ան կ՛ըսէ, թէ մարդոց դրամական պարտաւորութիւնները եւ առողջ կենցաղի ընտրանքները մասամբ կախեալ են իրենց լեզուին քերականութենէն:

Գաղափարը հետեւեալն է. լեզուները կը տարբերին` ապագայի մասին խօսելու իրենց ընձեռած միջոցներով: Ոմանք, ինչպէս` սպանացիները եւ յոյները, պէտք է վերջածանց մը կցեն բայի մը, որպէսզի նշեն ապագայ ժամանակը: Սակայն այլ լեզուներ, ինչպէս` չինական մանտարին, չեն պահանջեր իրենց բայերուն քերականական ածանցներ կցել` ապագայ ժամանակի մը ակնարկելու համար. ժամանակը ուրիշ ձեւով ի յայտ կու գայ գաղափարի մը մէջ, առանց փոխելու բային ձեւը` ներկայ եւ ապագայ ժամանակներ նշելու համար, այլ` աւելցնելով ժամանակ նշող բառ մը, ինչպէս` «վաղը»:

Շեն ի յայտ բերած է, որ եթէ աշխարհի լեզուները բաժնենք ապագայ ժամանակի համար ածանցներ պահանջող եւ ապագայ ժամանակի այլ ձեւով ակնարկող երկու տեսակներու, ապա կը նկատենք հետաքրքրական կապ մը. անոնք, որոնց լեզուները քերականական ածանցներ կը պարտադրեն` ապագայ ժամանակի մը ակնարկելու համար, չեն յաջողիր նիւթապէս ապահովել իրենց հանգստեան տարիները, աւելի կը ծխեն, նուազ մարզանք կ՛ընեն եւ աւելի հաւանական է, որ սոնքութենէ տառապին: Ինչո՞ւ այսպէս է. պատճառը քերականական կտրուկ բաժանումն է ներկայ եւ ապագայ ժամանակներուն միջեւ, ինչ որ մարդիկը կը մղէ մտածելու, թէ ապագան խորապէս կը տարբերի ներկայէն: Ասիկա կը դիւրացնէ ապագայի նպաստող վարուելակերպի անտեսումը, բայց ոչ` ներկայի նպաստող վարուելակերպի զանցառումը, ինչպէս կ՛ըսէ Շեն:

Շենի ուսումնասիրութիւնը ցարդ կը սպասէ հրատարակիչներու ճանաչումին: Սակայն անիկա արդէն արժանացած է տարբեր ձեւի հրատարակութիւններու: Օրինակ, Էնտրու Սալիվըն համացանցի վրայ իր ժողովրդականութիւն վայելող պլոկին մէջ հրապարակած է գրութիւն մը, որուն վերնագիրը կը յայտարարէ հետեւեալը. «Ինչո՛ւ յոյները դրամ չեն խնայած` նեղ օրերու համար»: Կէս կատակ, կէս լուրջ վերնագիր մը անկասկած: Սակայն նախքան կարծիք տալը, թէ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է օգնէ տագնապահար այն երկիրներուն, որոնց ժողովուրդներուն հանգստեան թոշակը կախեալ է անոնց լեզուներուն քերականութեան մէջ ժամանակը որոշող ածանցներէն, կ՛արժէ պահ մը քննել, թէ լեզուները ինչպէ՛ս կրնան ներգործութիւն ունենալ կամ չունենալ զիրենք գործածող անձերուն մտածելակերպին եւ վարուելակերպին վրայ:

Մեծ Փորձութիւններ

Լեզուի եւ մշակոյթի միջեւ սերտ կապերու փնտռտուքը մեծ փորձութիւններու կրնայ առաջնորդել: Շատեր բնազդաբար կը նկատեն, թէ հնչիւնաբանութեան մէջ բաղաձայններու սղումը ապացոյցն է ծոյլ մշակոյթի մը, թէ` մէկը սիրահետելը ամէնէն աւելի դիւրին է այն լեզուներով, որոնք ֆրանսերէնին պէս օժտուած են քնքշութեամբ եւ փափկութեամբ, թէ` գերմանական կարգապահ ուղեղը մասամբ արդիւնք է գերմաներէնին խիստ կարծր եւ կազմակերպուած բնոյթին: Հարցը այն է, թէ նման ներհուն յստակութեամբ ճառագայթող դիտարկումներ պարզապէս պղպջակներ են, որոնք կը սպասեն պայթելու` լեզուական սրածայր ապացոյցներով: Ինչպէս Կի Տոչըր կը նշէ իր «Թրու տը լենկուեճ կլաս» գիրքին մէջ` «ժրաջան դանիացի բողոքականները շատ աւելի մեծ թիւով բաղաձայններ շպրտած են իրենց սառցապատ եւ հողմնահար երկրին մէջ, քան` արեւադարձային երկրի մը մէջ ապրող որեւէ անբան ցեղախումբ: Իսկ, եթէ գերմանացիները օժտուած են կանոնաւոր ձեւով մտածող ուղեղով, ապա հաւանական պատճառը անոնց չափազանց քմահաճ մայրենին է, որ սպառած է անոնց ուղեղին կարողութիւնը` յաւելեալ որեւէ անկանոնութեան յարմարելու»:

Գրեթէ անկարելի է ուղղել այն սխալ համոզումը, որ եթէ լեզու մը չունի որոշ գաղափար մը արտայայտող բառ մը, ապա կը նշանակէ, թէ զայն խօսողները կարողութիւնը չունին հասկնալու տուեալ գաղափարը: Արդեօք իտալական մշակոյթը խոցելի է իր փտածութեամբ, որովհետեւ իտալերէնի մէջ գոյութիւն չունի՞ բառ մը, որ տառացի թարգմանութիւնն է «հաշուետուութիւն» բառին: Այս մէկը հաւանական չէ: Անգլերէնին մէջ գոյութիւն չունի բառ մը, որ նկարագրէ կանաչ եւ վարդագոյն գիծերով մետաքսէ չկոճկուած շապիկ մը, սակայն դժուար չէ երեւակայել զայն: Այսուհանդերձ այս հայեցակէտը անդիմադրելի կը թուի շատերուն. անիկա նոյնիսկ կը գործածուի` վիճելու համար, թէ անոնք, որոնք կը խօսին ապագայ ժամանակը որոշող ածանցներէ զուրկ լեզուով մը, անկարող են որեւէ իմաստալից ձեւով մտածելու ապագային մասին:

Իսկ, եթէ բնազդաբար հակուած էք մտածելու, թէ այս մէկը կարելիութիւն է, ապա  նկատի ունեցէք հետեւեալը. անգլերէնի մէջ ունինք երրորդ դէմքի յատուկ արական եւ իգական դերանուններ («հի» եւ «շի»): Սակայն ածանցներ չենք կցեր անոնց, երբ կ՛ակնարկենք խումբ մը տղամարդոց կամ կիներու. երկուքին կ՛ակնարկենք իբրեւ «տէյ» (անոնք): Արդեօք ասիկա կը նշանակէ, թէ կը շփոթե՞նք մէկտեղուած անձերուն սեռը: Անշուշտ ո՛չ: Ոմանք կը կարծեն, թէ այն լեզուները, որոնք խիստ կերպով բոլոր գոյականները կը բաժնեն արական եւ իգական սեռերու (ինչպէս` սպաներէնի մէջ), հաւանաբար ունին մշակոյթ մը, որ շատ աւելի հիմնուած է սեռային բաժանումներու վրայ, քան` անոնք, որոնք չունին լեզուական նման բաժանումներ: Ասիկա կը նշանակէ, թէ նաեւ կ՛ակնկալենք, որ շատ աւելի հաւասարութեան վրայ հիմնուած մշակոյթներ պէտք էր ծնունդ առնէին սեռային պատկանելիութեան նկատմամբ չէզոք լեզուներէ, ինչպէս` Աֆղանիստանի մէջ մինչեւ այսօր գործածուող պարսկերէնի մէկ տարբերակը` դարի լեզուն: Սակայն, յայտնապէս քերականութեան եւ մտածելակերպի միջեւ ուղղակի կապ մը գոյութիւն չունի: Լեզուները անսահման կարելիութիւններ ունին նոյն գաղափարները արտայայտելու, իսկ զանոնք արտայայտելու յատուկ միջոցները զարմանալիօրէն պարագայական են:

Ներգործութեան Ապացոյցներ

Ասիկա չի նշանակեր, թէ լեզուագէտներ չեն յայտնաբերած լեզուի եւ վարուելակերպի միջեւ որեւէ ներգործութեան վաւերական ապացոյցներ: Նման յայտնաբերումներ կատարուա՛ծ են: Սակայն անոնք շատ նուրբ են: Օրինակ, բազմաթիւ լեզուներ կը պարտադրեն անկենդան իրերը երեւութապէս պարագայական ձեւով բաժնելու արական կամ իգական սեռերու: Այսպէս` սպանախօսներուն համար աթոռը իգական է, սակայն գերմանացիներուն համար` արական: Եթէ սպանախօս անձէ մը խնդրենք, որ երեւակայէ կենդանացած աթոռ մը` իբրեւ շարժուն գծանկարի տիպար մը, ան շատ հաւանաբար պիտի ընտրէր իգական ձայն մը, որպէսզի մարմնաւորէր աթոռին տիպարը: Սակայն ոչ ոք յայտնաբերած է յստակ պատճառահետեւանքային կապ մը լեզուի մը քերականական երեւոյթներուն եւ աւելի լայն մակարդակի վրայ` ընկերային վարուելակերպի այն երեւոյթներուն միջեւ, որոնց մասին կը վիճի Շեն իր ուսումնասիրութեան մէջ: Եւ որովհետեւ անոր ուսումնասիրութիւնը պարզապէս կապեր կը փնտռէ, չենք կրնար համոզուիլ, թէ քերականութի՛ւնն է պատճառը տուեալ վարուելակերպի մը: Նաեւ հաւանական է, որ ժամանակը նշող ածանցները եւ օրը օրին ապրելու մշակութային մօտեցումները միաժամանակ կը տարածուին հաւաքականութիւններու մէջ, առանց մէկը միւսին պատճառը դառնալու: Օրինակ, կարելի է կապ մը գտնել տարբեր շեշտաւորումներով տարբեր իմաստներ փոխանցող լեզուներու եւ ճաշելու համար փայտէ ցպիկներ գործածելու սովորութեան միջեւ, պարզապէս այն պատճառով, որ երկուքն ալ տարածուած են աշխարհագրական նոյն վայրին մէջ: Սակայն կարելի չէ բացատրել, թէ ինչպէս բառերու իմաստը տարբեր շեշտերով իրարմէ զանազանելու միջոցը կ՛առաջնորդէ սեղանի որոշ սպասներ գործածելու յատուկ վարպետութեան:

Այսուհանդերձ առեղծուածը կը մնայ նոյնը. եթէ լեզուի մը կառոյցը սահմանափակ ներգործութիւն ունի մեր մտածելակերպին եւ գործելակերպին վրայ, ապա ինչո՞ւ ունինք այն տիրական տպաւորութիւնը, թէ որոշ լեզուներ օժտուած են ներհուն վիպերգականութեամբ մը, թափթփած են, խիստ տրամաբանական են, կամ` մանուածապատ: Պատասխանը այն է, թէ այս տպաւորութիւնները շատ աւելի քիչ բան կ՛ըսեն նման լեզուներու բնոյթին մասին, քան` այն կապերուն, զորս մենք ստեղծած ենք` որոշ լեզուներու եւ մշակոյթներուն միջեւ: Լեզուի վրայ հիմնուած այս կապակցութիւնները ինքնին կրնան առաջնորդել տարբեր վարուելակերպերու:

Հետաքրքրական օրինակ մը կայ Տիրք Աքերմանի եւ անոր գործակիցներուն կողմէ կատարուած ուսումնասիրութեան մը մէջ. երկու լեզու խօսող հոլանտացիներ կը խաղան «Փրիզընըր՛զ տայլեմա» խաղին առեւտրական մէկ տարբերակը, որպէսզի ուսումնասիրողները քննեն անոնց գործակցելու եւ մրցակցելու վարուելակերպերուն տարողութիւնը: Խաղը շինուած է այնպէս, որ մասնակցողները մեծագոյն շահը հնձեն, երբ ընտրեն գործակցութեան վրայ հիմնուած մարտավարութիւն մը եւ առեւտրական արտադրութիւններուն գիները պահեն բարձր: Անոնք նուազագոյն շահ կ՛ապահովեն, երբ խաղան գործակցութեան ոգիով, սակայն անոնց գործակիցները փորձեն պակաս գինով վաճառել արտադրութիւնները: Մասնակցողներուն կէսը խաղը խաղցած է անգլերէնով, իսկ միւս կէսը` հոլանտերէնով: Ինչո՞ւ. որովհետեւ խաղը ձեւագծողները հաւատացած են, թէ անգլերէնը շատ աւելի կ՛առնչուի անհատապաշտ եւ մրցունակութեամբ յատկանշուած մշակոյթներու հետ, քան` հոլանտերէնը: Անոնք, որոնք խաղցած են անգելերէնով, իրօք, ընտրած են աւելի մրցունակութեան վրայ հիմնուած մարտավարութիւն մը, քան անոնք, որոնք խաղցած են հոլանտերէնով:

Սակայն իրականութիւնը այն է, թէ այս խաղին ընթացքին մարտավարութիւն մը ընտրելու մէջ լեզուին դերը կախեալ էր անգլիական թեքումով մշակոյթներու հետ մասնակցողներուն հաղորդակցութեան մակարդակէն: Անոնք, որոնք առնուազն երեք ամիս ապրած էին անկլոֆոն երկրի մը մէջ եւ խաղը խաղցած էին հոլանտերէնով, 51 առ հարիւր համեմատութեամբ խաղցած էին գործակցութեան ոգիով, մինչդեռ անոնք, որոնք խաղցած էին անգլերէնով, կը կազմէին գործակցութեան սկզբունքով խաղցողներուն 37 առ հարիւրը: Ի տարբերութիւն` այն հոլանտախօսները, որոնք երեք ամիս չէին ապրած անկլոֆոն որեւէ երկրի մէջ, 48 առ հարիւր համեմատութեամբ ցուցաբերած էին գործակցութեան մօտեցում, իսկ անգլիախօս հոլանտացիները` 45 առ հարիւր:

Ասիկա կը նշանակէ, թէ անգլերէնի տիրապետումը որոշիչ որեւէ ներգործութիւն չունէր խաղին մէջ: Իրօք, անգլերէնի մէջ գոյութիւն չունին քերականական յատուկ ձեւեր կամ յատուկ բառեր, որոնք անձը կը մղեն մրցակցութեան, այլ` անգլիախօս անձերը հակամէտ են աւելի մրցունակ վարուելակերպի. վարուելակերպ մը, զորս հոլանտացիները որդեգրած են, երբ անգլերէն գործածած են: Հաւանաբար ուսումնասիրողները նմանօրինակ արդիւնքներ պիտի ստանային, եթէ խաղին ընթացքին երկու տարբեր լեզուներ գործածելու փոխարէն` մասնակցողները բաժնէին տարբեր խորհրդանիշներով, ինչպէս` ամերիկեան դրօշակներ` ընդդէմ հոլանտական դրօշակներու կամ արծիւներ` ընդդէմ կակաչներու:

Հետեւաբար, թերեւս մանտարին լեզուն խօսիլը պիտի օգնէր, որ յոյները ձեւով մը նեղ օրերու համար դրամ խնայէին: Միւս կողմէ` անոնք հաւանաբար նաեւ նոյն վիճակին պիտի մատնուէին, եթէ պարզապէս փայտէ ցպիկներով ուտելու սովորութիւն մը զարգացնէին:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES