50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 8 ապրիլ 1961 )

ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՁԵՌԱԳԻՐՆԵՐԸ

ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԵՐԿԵՐՈՒՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԱԾՈՒՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ

Կոմիտասի անագորոյն հիւանդութեան ընթացքին հոս ու հոն ցրուեցան իր ստեղծագործութիւնները եւ ուսումնասիրութիւնները:

«Էջմիածին» ամսաթերթ փետրուարի թիւին մէջ Ռ. Աթայեան կը գրէ, թէ այժմ, հայ երաժշտութեան այդ թանկարժէք գանձերը հետզհետէ կը յայտնաբերուին ու կը հաւաքուին Երեւան` Կոմիտասի դիւանին մէջ:

Յայտնաբերելու եւ հաւաքելու գործին մէջ մեծ օժանդակութիւն ցոյց կու տայ մեր ժողովուրդը` Հայաստան թէ սփիւռք: Մասնաւորապէս գնահատելի են Փարիզի` Կոմիտաս վարդապետի խնամատար յանձնաժողովը եւ անձնապէս երգչուհի Մ. Բաբայեանի եռանդն ու աջակցութիւնը, որոնց շնորհիւ Երեւան փոխադրուեցան շատ արժէքաւոր ձեռագիր եւ տպագիր նիւթեր` Կոմիտասի ձայնագրած ժողովրդական եւ հոգեւոր երգերը եւ ասոնց մշակումները, գիտական հետազօտութիւնները, նամակները եւ այլն:

Մեծ երաժշտագէտի կեանքին եւ գործունէութեան լուսաբանութեան համար չափազանց օգտակար եղան նաեւ վարդապետին նամակները` գրուած Ա. Չօպանեանին, որոնք Չօպանեանի գրական ժառանգութեան հետ 1957-ին Երեւան փոխադրուեցան:

Այս բոլոր նիւթերը ներկայիս դասաւորուելու, ուսումնասիրուելու եւ աստիճանաբար հրատարակուելու վրայ են: Այս ձեւով կ՛ամբողջանայ բազմավաստակ երաժշտագէտին հարուստ ժառանգութեան պատկերը:

«Էջմիածին»ի նոյն թիւին մէջ, Ռ. Աթայեան հրատարակած է Է. դարու անուանի եկեղեցական Կոմիտաս կաթողիկոսի ծանօթ շարականը` «Անձինք նուիրեալք», ձայնագրուած եւ մշակուած մեր ժամանակակից Կոմիտասի ձեռքով: Այս ձեռագիրը, որ ներկայիս կը պահուի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ, ղրկած է պոլսաբնակ դաշնակահարուհի Գոհարիկ Ղազարոսեան:

Երգը ներդաշնակուած է եռաձայն խումբի համար, պարզ, համեստ եւ զուսպ միջոցներով: Ձայնագրուած է երկու տուն:

Ինչպէս Կոմիտասի գրեթէ բոլոր ստեղծագործութիւններուն բնագիրները, այսպէս ալ այս, մէկը կը պարունակէ վարպետին ձեռքով կատարուած խմբագրական շտկումներ եւ լրացումներ: Բնագիրը կը կրէ «27 ապրիլ 1916» թուականը, որ Վարդապետին կենսագրական պատմութեան մէջ շատ կարեւոր թուական մըն է:

Այդ այն օրերուն էր, երբ վերահաս հոգեկան խանգարումէն ետք, Կոմիտաս առժամապէս ապաքինած` վերսկսած էր զբաղիլ իր երաժշտական գործերով:

Կոմիտաս վարդապետէն մնացած ձեռագիրներուն յայտնաբերումը եւ հաւաքումը հայ մշակոյթին համար մեծ նշանակութիւն ունի: Մանաւանդ այսօր, երբ Գիտութիւններու ակադեմիային արուեստի բաժինը պատրաստելու վրայ է Կոմիտասի երկերուն, կարելի եղածին չափ ամբողջական ժողովածուին բազմահատոր գիտական հրատարակութիւնը, որուն առաջինը` «Մեներգներ դաշնակի ընկերակցութեամբ» լոյս տեսաւ անցեալ տարի:

Վարդապետին երաժշտական անսահման վաստակին վկայ է կոմիտասեան այն ճոխ դիւանը, որ արտասահմանի մեծ աջակցութեամբ կազմուած է այսօր` Երեւանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ:

ՈՂՈՂՈՒՄ ՏՈՐԱՅԻ ՄԷՋ
ՀԵՂԵՂԱՅԻՆ ԱՆՁՐԵՒԻ ՊԱՏՃԱՌՈՎ

ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԽԱՆՈՒԹՆԵՐ ԵՒ ՏՈՒՆԵՐ ՋՈՒՐԵՐՈՒ ՏԱԿ

ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՄԵԾ ՎՆԱՍՆԵՐ

Ֆանար- Թալ Զաաթարի շրջանին մէջ երէկ տեղացած հեղեղային անձրեւը պատճառ դարձաւ, որ Պուրճ Համուտէն անցնող գետակը յորդի: Կէսօրուան մօտ, գետակը յանկարծ  յորդեցաւ` ողողելով Տորայի խանութներուն, տուներուն եւ խրճիթներուն մէկ մասը:

Աղտոտ եւ տղմուտ ջուրը տարածուեցաւ փողոցներու մէջ, 20-30 սանթիմեթր բարձրութեամբ, մէկ քառակուսի քիլոմեթր տարածութեան մը վրայ, մօտ 200 խանութներ ողողելով: Ճամբէն վար գտնուող խրճիթներու շրջանին մէջ ջուրը կէս մեթր բարձրութիւն ունէր: Հարկ եղաւ բնակիչները պարպել, մինչեւ որ ջրանցքները նորոգուին:

Նիւթական վնասները մեծ են: Բազմաթիւ շարժուն եւ անշարժ կալուածներ փճացան կամ անգործածելի դարձան: Կոյուղիներու ցանցը քանդուեցաւ ջուրի ճնշումին տակ: Երթեւեկը կանգ առաւ որոշ ատեն մը:

Բանակին օժանդակութեամբ, հրշէջները կէսօրէ ետք գործի լծուեցան եւ կրցան ջուրը պարպել:

Share this Article
CATEGORIES