«ՄԵԾ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՄԲ Կ՛ՈՒԶԵՄ ՄԱՍ ԿԱԶՄԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ՏԵՆԻՍ ԹՈՒՄԱՍԵԱՆ

Տենիս Թումասեան

Ռուսական Ուրալ-Էքաթերինպուրկ ակումբին մաս կազմող հայազգի ֆութպոլիստ Տենիս Թումասեան իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ իրեն համար մեծ ուրախութիւն պիտի ըլլայ մաս կազմել Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին:

«Վերջերս կը խօսուի, որ շատ հաւանական է, որ ինծի յատուկ հրաւէր մը ուղղուի, որպէսզի մաս կազմեմ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին: Բնականաբար նմանօրինակ առաջարկ ոեւէ մէկը չի մերժեր, իրաւունքը չունի մերժելու, որովհետեւ երկրի մը հաւաքականին շապիկը կրելը հպարտանքի մեծ առիթ մըն է բոլորին համար», ըսաւ Թումասեան:

Անդրադառնալով իր ակումբին` Ուրալ-Էքաթերինպուրկի ունեցած ելոյթներուն` ան ըսաւ, որ նախորդ տարեշրջանին խումբը չարդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը, որովհետեւ չյաջողեցաւ բարձրագոյն դասակարգ բարձրանալ:

Շարունակելով  ան ըսաւ, որ այս տարեշրջանին գծով այժմ ոչինչ կրնայ ըսել, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ իր դիրքը` հիմնական կազմին մաս կազմելու գծով, որովհետեւ իր դիմաց ամբողջ տարեշրջան մը ունի:

Նշենք, որ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իր կատարած առաջին մրցումին, Ուրալ-Էքաթերինպուրկ իր դաշտին վրայ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ժեմշուժինա Սոչիէն: Թումասեան բացակայեցաւ այս մրցումէն:

Share this Article
CATEGORIES