ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԱՍԻՆ ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՊԱՏԳԱՄԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ

Մամլոյ ասուլիսին ներկաները

Երէկ` հինգշաբթի, 7 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքի պատգամին գծով մամլոյ ասուլիս մը: Պատգամին նիւթն էր «Քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ հայ կաթողիկէ վարժարանի առաքելութեան մասին»:

Ասուլիսին բացման խօսքը արտասանեց «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի եւ լրատուական գրասենեակի տնօրէն հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, որ նշեց, թէ պատգամը առնչուած է երիտասարդ սերունդի դաստիարակութեան հետ. անիկա լոյս տեսաւ 3 մարտ 2011-ին` Վարդանանց տօնին առիթով: Վարդապետը շեշտեց, որ դաստիարակութեան վաւերական ուղղութիւն մըն է այս պատգամը, որ ուղղուած է բոլոր հոգեւորականներուն, կրթական գործիչներուն եւ հաւատացեալ ծնողներուն:

Օրուան առաջին խօսքը արտասանեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ հայ կաթողիկէ վարժարանը կը գտնուի մեծ մարտահրաւէրներու դիմաց, քանի որ մարդկային, հոգեւոր եւ ազգային արժէքները կորսնցնելու տագնապ գոյութիւն ունի:

Հայ դպրոցին դժուարութիւնները թուարկելէ ետք Գալուստ յայտնեց, որ կայ առկախ, անորոշ եւ մտահոգիչ վիճակ մը: Ան ըսաւ, որ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին պատգամը մղիչ ուժ է, որ պէտք է դառնայ առօրեայի մէկ մասը եւ բազմաբնոյթ խորհրդածութիւններու առարկայ: Կրեկուար Գալուստ նաեւ առաջարկեց, որ այս պատգամը դառնայ հանրութեան սեփականութիւնը: Իր խօսքի աւարտին ան շեշտեց, որ յառաջիկայ տասնամեակին պէտք է այժմէականացնել հայ դպրոցը` յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւնները, իրագործելու համար դպրոցներուն սրբազան առաքելութիւնը:

Երկրորդ խօսք առնողը եղաւ Լիբանանի Մխիթարեան միաբանութեան մեծաւոր հայր Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սիւլահեան: Ան ըսաւ, որ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին պատգամը հետեւանք է տագնապի մը, որ գոյութիւն ունի, որ այժմէական է, եւ որուն լուծումը անհրաժեշտութիւն է: Հայր Սիւլահեան ըսաւ, որ այսօրուան տագնապները արտայայտութիւնն են ընկերութեան մէջ յառաջացող տագնապներուն:

Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սիւլահեան նշեց, որ այսօր մարդ անհատը դարձած է արմատներէ զուրկ, եւ ասիկա պատճառ կը դառնայ, որ հաւաքականութիւնը հեռանայ իր հոգեւոր, մարդկային ու ազգային արժէքներէն: Ան շեշտեց, որ պատրիարքական պատգամը կը նշէ, որ կրթական կառոյցները կարիքը ունին հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու, որոնց հաւաքական ջանքերը կրնան նպաստել մարդակերտման աշխատանքներուն` դպրոցին առաքելութեան:

Մամլոյ ասուլիսին աւարտին ներկաները արտայայտեցին իրենց կարծիքները եւ հարցուցին շարք մը հարցումներ` քննութեան առարկայ դարձնելով հայ դպրոցը յուզող շարք մը խնդիրներ: Հանդիպումին նաեւ խօսք առաւ հայ կաթողիկէ համայնքի Լիբանանի պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանոր հայր Վարդան եպս. Աշգարեան, որ նշեց, թէ խրախուսիչ ու գեղեցիկ է Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքի  պատգամը, որ սկիզբ պէտք է հանդիսանայ նոր իրագործումներու եւ ձեռքբերումներու:

 

Share this Article
CATEGORIES