ՏԵՍԱԿԷՏ. ԿԵՂԾԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԲՈՒՐՈՂ ԿԵՑՈՒԱԾՔ ՄԸ

Ֆրանսայի ծերակոյտը կը պատրաստուի 4 մայիսին քննարկելու Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման համար քրէական պատիժ պահանջող օրինագիծը: Այդ հեռանկարը բնականաբար իրարանցումի մատնած է թրքական իշխանութիւնը, որ ձեռնարկած է այդպիսի օրինագիծերու որդեգրումը արգելակելու իր աւանդական աշխատանքներուն:

Եւրոպական Միութեան մօտ Թուրքիոյ աւագ բանագնաց, պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ Հայոց ցեղասպանութեան օրինագիծը Ֆրանսայի ծերակոյտի օրակարգէն դուրս բերել պահանջելէ եւ «քաղաքական գործիչները չեն կրնար պատմաբաններու դեր ստանձնել. քաղաքական գործիչի պարտականութիւնը անցեալը բացայայտելը չէ» թրքական յանկերգը կրկնելէ ետք նշած է, որ Թուրքիա Հայաստանին առաջարկած է բանալ արխիւները եւ ստեղծել պատմաբաններու եւ գիտնականներու յանձնախումբ մը, սակայն Հայաստան այդ առաջարկը անպատասխան ձգած է:

Նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է նշել, որ ֆրանսացի ծերակուտականներուն, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած ֆրանսացի երեսփոխաններուն եւ աւելի քան երկու տասնեակ այլ երկիրներու խորհրդարաններու անդամներուն կատարածը «անցեալի բացայայտում» մը չէ, այլ պարզապէս Հայոց ցեղասպանութեան անվիճելի փաստի ճանաչումը:

Այդ իրողութեան անծանօթ ըլլալ ձեւացող թուրք նախարարը նաեւ զարմանալի կերպով կը թուի մոռցած ըլլալ, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները ցիւրիխեան տխրահռչակ արձանագրութիւնները ստորագրելով` իրողապէս դրական պատասխան մը տուած էին արխիւները բանալու եւ պատմաբաններու յանձնախումբ մը կազմելու թրքական այդ առաջարկին, սակայն ազրպէյճանական ճնշումներուն արդիւնք եղող թրքական կողմին ղարաբաղեան նախապայմանին շնորհիւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստը քննարկելի նիւթ դարձնելու թրքական երազը չիրականացաւ:

Ուստի յաչս այս իրողութեանց քաջածանօթ միջազգային հանրութեան, ինչպէ՞ս կարելի է Հայաստանը այպանելու կեցուածքը շարունակել: Միջազգային հանրութիւնը Թուրքիոյ իշխանութեանց պիտի չըսէ՞. «Ոսկի առիթը ներկայացաւ, սակայն դուք զայն քիթով հրեցիք, իսկ տակաւին Հայաստա՞նը կ՛այպանէք»:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES