50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 9 ապրիլ 1961 )

ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաշէնի Համազգայինի «Նաւասարդ» մասնաճիւղը Ս. Զատկուան առիթով կազմակերպած էր անդամական հանդիպում մը, 2 մարտ 1961, կիրակի կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ազգ. Թորգոմեան վարժարանին սրահը: Հաւաքոյթին ներկայ էին նաեւ Հայաշէն թաղի միութեանց պատուարժան վարչութիւնները եւ յարգելի ազգայիններ:

Բացումը կատարեց Աբրահամ Ոսկերիչեան, որ արտայայտուելէ ետք նման հանդիպումներու անհրաժեշտութեան ու անոնց ստեղծելիք ընտանեկան ջերմիկ ու շէն մթնոլորտին մասին, խօսքը ուղղեց երիտասարդութեան` թելադրելով անոնց, որ աւանդապահը ըլլան հայկական բարքերուն եւ հայ երիտասարդի իրենց կեցուածքը միշտ եւ ամէնուրեք գիտնան բարձր պահել:

Օրուան թամատան` Արամ Միրաքեան, իւրայատուկ սրամտութեամբ շէն ու խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց:

Եղան մեներգներ, արտասանութիւններ, խաղեր, խմբերգներ եւ հիւրասիրութիւն:

Ստեղծուած ոգեւորութենէն քաջալերուած` «Նաւասարդ»ի վարչութիւնը հանգանակութեան մը ձեռնարկեց, որմէ գոյացաւ 175 լիբ. ոսկի:

Փակման խօսքը տրուեցաւ Արտաշէս Տ. Խաչատուրեանին, որ զուգահեռ մը գծելով մարդու անհատական կեանքի շուրջ` եզրակացուց. «Որպէսզի հաւաքական կեանքը ըլլայ նաեւ մտային եւ հոգեկան հաճոյք պարգեւող ազդակ, պէտք է անհատական զարգացման մղուիլ, զարկ տալ մանաւանդ մշակութային ձեռնարկներու»: Ապա անդրադարձաւ մայր հողի անհրաժեշտութեան` գոյատեւելու որպէս միակ կռուան եւ մաղթեց, որ գալիքի հանդիպումները կազմակերպուին մայր հայրենիքի անկախ ու յաւիտենական հողին վրայ:

Ներկաները մեկնեցան բարձր տրամադրութեամբ:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՒՆԻ 1,890,000 ԲՆԱԿԻՉ

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐԸ
ԵՐԷԿ ՀԱՍԱԾ ԵՆ ԵՐԵՒԱՆ

Երէկ գիշեր Երեւանի ձայնասփիւռը հաղորդեց, թէ ըստ վերջին վիճակագրութիւններու, Հայաստանի բնակչութեան ընդհանուր թիւն է 1,890,000: Աճի համեմատութիւնը` 34 առ հազար: Խօսնակը աւելցուց նաեւ, թէ երկու տարուան ընթացքին բնակչութիւնը աւելցած է 125,000-ով:

Երեւանի բնակչութեան թիւը, ինչպէս հաղորդած էինք, ըստ վերջին վիճակագրութիւններու, հասած է 560,000-ի:

ԱՆթելը իր հաղորդագրութեան մէջ աւելցուց նաեւ, թէ Լիբանանէն եկող զբօսաշրջիկներու խումբը երէկ հասած է Հայաստան: Անոնք տասը օր պիտի մնան եւ պիտի այցելեն հայրենիքի տեսարժան վայրերը:

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ՀՐԱՇԱԼԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

ՓՐՈՖ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ԵՒ ԻՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՐՁԱԿԵՑԻՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՀՐԹԻՌԸ, ՈՐ 1000 ՄԵԹՐ ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ

Պէյրութի Հայկազեան քոլեճի գիտութեան փրոֆեսէօր Մանուկ Մանուկեան եւ նոյն քոլեճէն 11 աշակերտներ քանի մը ամիս առաջ հիմնած էին «Հայկազեան քոլեճի հրթիռի ընկերութիւնը»: Միացեալ Նահանգներու եւ Խորհրդային Միութեան յաջողութիւններէն շլացած` անոնց նպատակն էր խորացնել իրենց ծանօթութիւնները այս նոր գիտութեան մէջ:

Ծանօթութիւնը կ՛ենթադրէ փորձեր: Ու այս հանգրուանը արագօրէն կտրուեցաւ, շնորհիւ փրոֆ. Մանուկեանի եւ իր աշակերտներուն, յատկապէս Հրայր Քելէշեանի, Համբար Գարակէօզեանի, Կարօ Պասմաճեանի, Միքայէլ Լատտահի եւ Սիմոն Աբրահամեանի:

Շուֆի երեսփոխան Էմիլ Պուսթանիի նիւթական օժանդակութեամբ, քոլեճականները իրենց տարրալուծարանին մէջ փորձի ենթարկեցին զանազան տեսակի հրթիռներ ու վառելանիւթեր: Ապա, օր մըն ալ ծնունդ առին միայարկ հրթիռ մը եւ հաստատուն վառելանիւթ մը: Հրթիռը 1 մեթր 75 հասակ ունէր եւ սահմանուած էր 1000 մեթր բարձրանալու: Տարրալուծարանի փորձերը աւարտած ըլլալով, Մեթնի մէջ անտառ մը որոշուեցաւ` արձակման համար: Այս վերջին փորձը կատարեալ յաջողութեամբ պսակուեցաւ: Հրթիռը շինողներուն հաշիւները ճիշդ էին:

Փրոֆ. Մանուկեան եւ իր աշակերտները ապա նոր փորձերու սկսան` երկյարկ հրթիռ մը ղրկելու համար 3 մեթր 50 հասակով: Փրոֆեսէօրը յայտարարեց, թէ իրենց նպատակը զուտ գիտական է:

Փորձերը շարունակելու համար Հայկազեան քոլեճի Հրթիռի ընկերութիւնը պէտք ունի նիւթական նպաստներու ու կասկած չկայ, որ մեկենասներ պիտի գտնուին: Այս տեղեկութիւնները կը փոխանցէ «Լ՛Օրիան»:

Share this Article
CATEGORIES