Ինչի՞ Կը Ծառայէ Արուեստը

Արուեստը թուաբանութեան նման է. երբեմն մենք այն տպաւորութիւնը կ՛ունենաք, թէ ան բանի մը չի ծառայէր: Սակայն արուեստը ներկայ է մեր շուրջը ամէն տեղ. թէեւ երբեմն անիկա մեզի «աւելորդ» կրնայ թուիլ, մենք առանց անոր չենք կրնար ապրիլ:

– Ի՞նչ է արուեստի գործ մը:

Ի՞նչ նմանութիւն կայ Ժոքանտի (Մոնա Լիզա) գեղանկարին, հոլիվուտեան մեծ ժապաւէնի մը եւ Մոցարթէն համանուագի մը միջեւ…

Արուեստի աշխարհը շատ ընդարձակ է: Ան կը խմբէ մարդկային ստեղծագործութեան ամէնէն գեղեցիկ եւ բարձր գործերը` տարբեր մարզերու մէջ. գեղանկարչութիւն, ճարտապետութիւն, երաժշտութիւն, շարժապատկերներ… Ան կը պատմէ մարդոց կեանքը, անոնց վախերը, փափաքները: Արուեստի գործ մը կրնայ ներկայանալ հսկայական պալատի մը, կամ կարճ, պարզ, բայց յուզիչ բանաստեղծութեան մը ձեւին տակ: Ինչպէ՞ս գիտնալ, թէ գործ մը «գեղարուեստակա՞ն» է, թէ՞ ոչ: Պատասխանը միշտ դիւրին չէ: Եւ այս պատճառով է, որ անդադար վիճաբանութիւններ տեղի կ՛ունենան անոր շուրջ:

– Ինչո՞ւ մարդիկ արուեստի գործեր կը ստեղծեն

Պատմականօրէն արուեստին առաջին պաշտօնը կրօնական եղած է: Օրինակի համար, հին եգիպտական արուեստը մեռեալներուն կ՛ընկերակցէր մինչեւ անոնց թագաւորութիւնը: Բոլոր կրօններուն մէջ աղօթքներուն կ՛ընկերակցին երգեր, արուեստը մարդիկը Աստուծոյ կը կապէ: Սակայն ան իրարու կը կապէ նաեւ մարդիկը: Արուեստագէտին համար ստեղծելը իր զգացումները արտայայտելու միջոց մըն է, աշխարհը ընկալման իր տեսութիւնը` գոյներու, լոյսերու կամ ձայներու ձեւին տակ, մանրակրկիտ բացատրութիւններ տալու փոխարէն: Արուեստագէտը կ՛ուզէ հաճելի երեւիլ հանդիսատեսներուն աչքերուն կամ ականջներուն իր գրութիւններուն, գեղանկարչութիւններուն կամ երաժշտութեան ընդմէջէն: Կրնայ ըլլալ, որ ան նաեւ ուզէ զբաղեցնել իր հանդիսատեսները, ինչպէս, օրինակ, խնդացնող թատերախաղերը, ժապաւէնները կամ պատկերասփիւռի կարգ մը յայտագիրներ:

– Ինչո՞ւ արուեստը մարդիկը կը հետաքրքրէ

Արուեստի բոլոր գործերը հասարակաց կէտ մը ունին. անոնք զգացումներ կը յառաջացնեն: Արուեստը կը խօսի թէ՛ սրտին, թէ՛ մտքին. այս պատճառով է, որ թանգարանները կամ ներկայացումները մեծ թիւով մարդիկ կը գրաւեն: Արուեստը հայելի մըն է… Ան մեզի կը ղրկէ կեանքէն, աշխարհէն կամ նոյնիսկ մեզմէ պատկեր մը, որ զգացումներ կը յառաջացնէ մեր մէջ: Սակայն այս զգացումները նոյնը չեն բոլորին պարագային: Այս ձեւով, վէպի մը մէջ կարգ մը պարագաներ մեզի ծանօթ կը թուին, եւ մենք մեզ կը տեսնենք կարգ մը կերպարներու մէջ: Սակայն այս զգացուած յուզմունքները բոլորին պարագային նոյնը չեն: Ժապաւէն մը կամ համերգ մը արցունքներ կրնայ հոսեցնել կարգ մը անձերու մօտ եւ անտարբեր ձգել ուրիշներ: Ըստ ճաշակի եւ զգացողութեան, իւրաքանչիւր անձ տարբեր ձեւով կ՛արտայայտուի արուեստի գործի մը առջեւ: Էյֆել աշտարակը աշխարհի ամէնէն շատ այցելուած կոթողներէն մէկն է: Սակայն երբ ան շինուեցաւ, շատ քննադատուեցաւ: Տակաւին մինչեւ այսօր կան անձեր, որոնց համար անիկա պարզապէս պողպատէ գերաններու կոյտ մըն է:

– Արուեստի գործ մը միշտ գեղեցի՞կ է:

Գեղեցիկը ստեղծելը արուեստագէտին առաքելութիւններէն մէկն է: Սակայն ասիկա անոր միակ նպատակը չէ: Արուեստը միայն գեղեցիկ ըլլալու կամ զարդարելու համար չէ, ինչպէս` մայրամուտի նկար մը կամ սքանչելի տեսարան մը ներկայացնող գեղանկարչութիւն մը: Արուեստագէտ մը կը յատկանշուի նաեւ իր ստեղծագործութեամբ, զարմանք յառաջացնող, իրազեկ կամ մտածել տուող գործեր ցոյց տալու իր կարողութեամբ, բերած նորութիւններով… երբեմն կարելի է գեղեցիկ զգացումներ, յուզմունքներ յառաջացնել` տգեղ գործեր ներկայացնելով: Փիքասոյի ամէնէն նշանաւոր գեղանկարը «Կեռնիքան» է, որ կը ներկայացնէ պատերազմին ահաւոր երեսները: Կարգ մը արուեստագէտներ աւելի հեռուն կ՛երթան` կամաւոր ձեւով ստեղծելով շատ բուռն, նոյնիսկ խորշելի գործեր` ընդվզեցնելու կամ գրգռելու նպատակով:

– Կարելի՞ է առանց արուեստի աշխարհ մը երեւակայել

Անշուշտ արուեստը կենսական չէ. մենք կրնանք գոյատեւել առանց անոր: Բայց երեւակայէ առանց գիրքերու, գեղանկարներու, ժապաւէններու, երաժշտութեան աշխարհ մը: Անիկա որքա՜ն ձանձրացուցիչ  պիտի ըլլար: Արուեստը մաս կը կազմէ մարդկային բնութեան. անիկա կեդրոնական դեր մը կը խաղայ մարդոց կեանքին մէջ: Նախապատմական մարդիկը արդէն կը ստեղծագործէին: Անոնք մեզի ձգած են սքանչելի գծագրութիւններ քարայրներու պատերուն վրայ: Բոլոր մարդկային ընկերութիւններուն մէջ, Նիւ Եորքի նման մեծ քաղաքներէն մինչեւ հասարակածին անտառի խորերը, մենք կը հանդիպինք արուեստի գործերու: Մարդիկ միայն հացով չեն սնանիր. անոնք պէտք ունին սնուցանելու իրենց ոգին:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

  • Պելճիքայի մէջ անքաղաքավարութիւն է մէկու մը հետ խօսիլ ձեռքերը գրպաններուն մէջ պահած:
  • Աշխարհին մէջ բազմաթիւ օդակայաններ չունին թիւ 13 դուռ:
  • Եթէ առնես որեւէ թիւ եւ զայն երկու անգամ բազմապատկես, ապա անոր վրայ աւելցնես 10, եւ զայն բաժնես 2-ով, ապա հանես այդ թիւէն սկիզբի թիւդ, պատասխանը միշտ 5-ի հաւասար պիտի ըլլայ:
  • Անգլիոյ մէջ օրական 15 միլիոն կերպընկալէ շիշեր կը գործածուին:
  • Արխիւներուն մէջ արձանագրուած ամէնէն երկար մօրուքը 5,33 մեթր երկարութիւն ունէր:
  • 58 թոն կշռող կարկանդակ մը շինուած է Ալապամայի Ֆորթ Փէյն քաղաքի բնակիչներուն կողմէ, 1989-ին:
  • Անգլիոյ մէջ մարդոցմէ աւելի բջիջային հեռաձայններ գոյութիւններ ունին:
  • Մօտաւորապէս 1,150 տակաւին բանող ջաղացքներ գոյութիւն ունին Հոլանտայի մէջ:
  • 3,5 միլիառ քիլօ տուրմ եւ շաքարեղէնի տեսակներ կը շինուին Միացեալ Նահանգներուն մէջ, ամէն տարի:
  • Աշխարհի ամէնէն մեծ պաղպաղակէ կարկանդակը շինուեցաւ Չինաստանի մէջ, 2006 թուականին: Անիկա 4-8 մեթր երկարութիւն, 3 մեթր լայնք, 1 մեթր բարձրութիւն ունէր եւ կը կշռէր 8 թոն:
  • Մէկ տարին հաւասար է 31,536,000 երկվայրկեանի:
  • 14 մարտը նշանակուած է գետնախնձորի չիփսի օր:
  • Արեւը երկրագունդէն 300,000 անգամ աւելի մեծ է:
  • Էյֆել աշտարակը ունի 1792 աստիճան:
  • Միացեալ Նահանգներու Ճորճիա նահանգին մէջ, որ աշխարհի հաւի մայրաքաղաքը հռչակուած է, ընդունուած չէ պատառաքաղով հաւ ուտել:

 

Ի՞նչու Մոնա Լիզան Կը Ժպտի

Հակառակ որ «Մոնա Լիզան» յօնքեր չունի, անոր ժպիտն է, որ նշանաւոր դարձուցած է Լէոնարտօ տա Վինչիի գծած դիմանկարը:

Սակայն ինչո՞ւ ան կը ժպտի: Ոչ մէկը յստակ պատասխան մը ունի:

Մասնագէտները կ՛ենթադրեն, թէ 1500-ական թուականներու սկիզբը  գծուած այս դիմանկարը կը ներկայացնէ 24 տարեկան երիտասարդ կին մը, որ կ՛ապրէր Իտալիոյ Ֆլորանս քաղաքին մէջ:

Անոր աչքերուն եւ բերանին շուրջի շուքերը մարդիկը կը մղեն հարց տալու… ինչի՞ մասին կը մտածէ ան:

 

ԺԱՄԱՆՑ

 

 

Կրնա՞ս գտնել վերի անկիւնի նկարին եւ միւս իւրաքանչիւր նկարի միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել ակռայի վրձինին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ թիւերուն համապատասխանող տեղերը:

 

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )