«ԱԶԴԱԿ»Ի ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԿԱՅՔԷՋԻ ԱՊՐԻԼԻ ՆԻՒԹԵՐ

«Ազդակ» օրաթերթի արաբերէն կայքէջի ապրիլ ամսուան նիւթերէն մաս մը արդէն տեղադրուած են: Հոն կարելի է կարդալ Տէր Զօրի բնակիչ, պատմութեան ուսուցիչ Մուհսինէ Այաշի վկայութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ հայ եւ պաղեստինցի ժողովուրդներու դատերուն միջեւ առկայ հասարակաց գիծերուն մասին:

«Լուրեր» բաժինով տեղադրուած են լրատուութիւններ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Իրան կատարած այցելութեան, Այնթապի հերոսամարտի նշումին եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի զօրակցող հաւաքներուն սուրիահայ համայնքին մասնակցութեան մասին: Այդ բաժինին մէջ կան նաեւ լուրեր Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունելու առումով Արժանթինեան դատարանի մը վճիռին, ասորիներուն ուղղուած նախագահ Սարգսեանի ուղերձին, Իրաքի առաջնորդին տուած հովուապետական այցելութիւններուն եւ այլ նորութիւններու մասին: Կայքէջին վրայ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու  գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի կողմէ Հայաստան¬Թուրքիա արձանագրութիւններուն վերաբերող յայտարարութիւններուն:

Յօդուածներուն կարգին կը կարդանք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ ամերիկեան քաղաքականութեան վերաբերող գրութիւն մը` Ժիհան Մուսթաֆայի գրիչին պատկանող: Յօդուածին մէջ կ՛արծարծուի ամերիկեան ու թրքական պետական յարաբերութիւններու եւ Հայ դատի միջեւ գոյութիւն ունեցող կապը:

«Արաբ բարեկամները կը գրեն» բաժինին մէջ կը կարդանք սուրիահայ օփերայի երգչուհի Դալար Տեկիրմենճեանի ազգային երգի մրցումին մասնակցութեան մասին:

 

Share this Article
CATEGORIES