ԼԻՊԻԱ. ՄԻՍՐԱԹԱՅԻ ՇՈՒՐՋ ԲՈՒՌՆ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ

Լիպիոյ ըմբոստներու բանբեր Հասան Միսրաթի երէկ յայտնեց, որ Քազզաֆիի ուժերը յառաջացած են դէպի Միսրաթա քաղաքի արեւելքը, ինչ որ պատճառ դարձած է, որ երկու կողմերուն միջեւ թաղային բուռն փախումներ տեղի ունենան եւ շրջանի բնակչութիւնը շրջանէն փախուստի դիմէ:

Միւս կողմէ, ՕԹԱՆ-ի գործողութեանց փոխհրամանատարը մերժեց ներում հայցել սխալմամբ ըմբոստներուն պատկանող հրասայլերու ռմբակոծման համար` յայտնելով, որ իրենք տեղեակ չեն պահուած, որ ըմբոստները եւս հրասայլեր կ՛օգտագործեն: Աւելի ուշ, ՕԹԱՆ պաշտօնապէս ներում հայցեց:

ՕԹԱՆ-ի գործողութեանց փոխհրամանատար, բրիտանացի ծովակալ Ռասըլ Հարտինկ յայտնեց, որ Լիպիոյ մէջ քաղաքական կամ զինուորական գետնի վրայ «անել կացութիւն» մը գոյութիւն չունի, «ընդհակառակն` միջազգային ընտանիքը քաղաքական լուծում գտնելու ուղղութեամբ կը յառաջանայ»:

Նշենք, որ Ափրիկէի մէջ գործող ամերիկեան ուժերու հրամանատար զօր. Քարթըր Համ հինգշաբթի օր Ուաշինկթընի մէջ գործող պատասխանելով ծերակուտականի մը այն հարցումին, թէ Լիպիոյ մէջ «անել կացութիւն» մը գոյութիւն ունի՞, յայտնած էր, որ «գետնի վրայ ներկայիս այդ է կացութիւնը»: Ան անհաւանական նկատեց, որ ըմբոստները Թրիփոլի հասնելով Քազզաֆին տապալեն:

ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ ԿԸ ՄԵՐԺԵՆ ԹՐՔԱԿԱՆ ՃԱՄԲՈՒ ՔԱՐՏԷՍԸ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Լիպիոյ մէջ տագնապի լուծման ճամբու քարտէս մը յայտարարեց: Ան ըսաւ, թէ Թուրքիա ծրագիրը առ ի քննարկում պիտի ներկայացնէ Տոհայի մէջ յառաջիկայ շաբաթ նախատեսուած Լիպիոյ հարցով տարբեր երկիրներէ կազմուած կապի յանձնախումբի ժողովին:

Էրտողան ՄԱԿ-ին կոչ ուղղեց որդեգրելու թրքական ծրագիրը, որուն նպատակը, ըստ Էրտողանի, Լիպիոյ մէջ դէպի ժողովրդավարութիւն համապարփակ փոխանցումն է: Ան ըսաւ, որ թրքական ճամբու քարտէսը պիտի նպաստէ Լիպիոյ հողային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան պահպանման:

Էրտողան իր գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Անգարայի կեդրոնատեղիին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ թրքական ճամբու քարտէսը երեք կարեւոր տարրեր կը բովանդակէ. «Անմիջապէս զինադուլ մը պէտք է հաստատուի, Քազզաֆիի ուժերը պէտք է կարգ մը քաղաքներու շրջափակումը վերցնեն եւ նահանջեն: Լիպիացի ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութեան անխափան մատակարարումը ապահովելու համար անվտանգ գօտիներ պէտք է ստեղծուին: Անմիջապէս պէտք է սկսի դէպի ժողովրդավարութեան փոփոխութիւն եւ փոխակերպման փոխանցման հոլովոյթ մը, որ նկատի ունենայ Լիպիոյ ժողովուրդին օրինական իրաւունքներն ու շահերը, որպէսզի սահմանադրական ժողովրդավարութիւն մը հաստատուի»:

Ան նշեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ լիպիացի պաշտօնատարներու հետ ճամբու քարտէսի մանրամասն քննարկումը: «Մեր ճամբու քարտէսը կազմեցինք միջազգային համայնքի ականաւոր դէմքերուն հետ, եւ Քաթարի մէջ Լիպիոյ կապի խմբակի հանդիպումէն առաջ զայն պիտի ներկայացնենք մեր գործընկերներուն, ներառեալ` ՄԱԿ-ին, Ափրիկեան միութեան, Արաբական լիկային եւ Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան»:

Էրտողան նաեւ ցաւ յայտնեց կարգ մը շրջանակներու կողմէ Թուրքիոյ վարկաբեկման արշաւին համար: «Գիտենք, թէ ո՛ր խմբակները կը կանգնին այս վարկաբեկման արշաւներուն ետին, կը հետեւինք եւ նոթ կ՛առնենք», ընդգծեց ան: Նշենք, որ խումբ մը ցուցարարներ Պենկազիի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ Էրտողանի եւ Թուրքիոյ դէմ ցոյց մը կատարած էին:

Ըմբոստներուն կազմած Լիպիոյ Ազգային ազատագրութեան բանակի բանբեր գնդ. Ահման Պանի յայտնեց, որ Էրտողանի ներկայացուցած ճամբու քարտէսը թուրք ժողովուրդին կեցուածքը չի ներկայացներ, այլ` Էրտողանի անձնական շահերը, որովհետեւ Մոամմար Քազզաֆիի Լիպիայէն հեռացումը չի նշեր: Լիպիոյ ըմբոստներուն կազմած Ազգային փոխանցման խորհուրդի նախագահ Մուսթաֆա Ապտել Ժալիլ իր կարգին «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ խորհուրդը պատրաստ է թրքական նախաձեռնութիւնը քննարկելու, եթէ Քազզաֆիի եւ անոր որդիներուն իշխանութենէն հեռացումը պարունակէ, որովհետեւ անոնք լիպիացի ժողովուրդը ջարդելէ ետք իրենց օրինականութիւնը կորսնցուցած են:

Միւս կողմէ, Քազզաֆիի վարչակազմը ողջունեց թրքական նախաձեռնութիւնը: Լիպիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Խալետ Քայիմ յայտնեց, որ Թուրքիա իրմէ ակնկալուած դերակատարութիւնը կատարեց` ի տարբերութիւն իտալական կառավարութեան, որ Լիպիոյ մէջ իր դերէն հրաժարեցաւ: Քայիմ աւելցուց, որ Քազզաֆի չ՛ուզեր նախագահ կամ վարչապետ մնալ, այլ` երկրին միասնականութեան ղեկավար եւ խորհրդանիշ մը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES