ԲԱԶՄԱՄԱՐԴ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ` ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ. «28 ԱՊՐԻԼԸ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՅ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄ ՋՐԲԱԺԱՆԻ ՕՐ» Կ՛ԸՍԷ ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Երէկ տեղի ունեցաւ Հայ ազգային քոնկրես ընդդիմադիր դաշինքի հանրահաւաքը Մատենադարանին մօտ:

Հանրահաւաքին ընթացքին խօսք առին նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեան, հանրայայտ դերասան Երուանդ Մանարեան, նախկին զինուորական դատախազ Գագիկ Ջհանկիրեան, ՀՀՇ վարչութեան նախագահ Արամ Մանուկեան, Հանրապետութիւն կուսակցութեան առաջնորդ, նախկին վարչապետ Արամ Սարգսեան եւ Հայաստանի ժողովրդական կուսակցութեան առաջնորդ Ստեփան Տեմիրճեան:

Քոնկրեսին համակարգող Լեւոն Զուրապեանի կոչէն ետք ցուցարարները, շարժումին ղեկավարներուն առաջնորդութեամբ, երթով քալեցին դէպի Ազատութեան հրապարակ:

Ոստիկանները չխոչընդոտեցին ցուցարարներուն մուտքը Ազատութեան հրապարակ, ուր քոնկրեսի ղեկավար, Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան ընդարձակ ելոյթ մը ունեցաւ:

«Պիտի գործենք սահմանադրութեան եւ օրէնքներու ծիրին եւ պահանջներու իրականացման պիտի հասնինք քայլ առ քայլ, սահուն ընթացքով` երկիրը զերծ պահելով ընկերային ընդվզումներէն եւ քաղաքական ցնցումներէն` ոչ ամենեւին պայքարի յեղափոխական մեթոտներու օրինականութիւնը մերժելու, այլ բացառապէս Ազրպէյճանի կողմէ պատերազմի վերսկսման վտանգը չմեծցնելու նկատառումով», յայտարարեց Լեւոն Տէր Պետրոսեան:

Լեւոն Տէր Պետրոսեան ընդգծեց, որ մինչեւ յաջորդ հանրահաւաքը, որ տեղի պիտի ունենայ 28 ապրիլին, քոնկրեսը կ՛ակնկալէ, որ կատարուին «յանուն երկխօսութեան» իրենց կողմէ յառաջ քաշուած երեք նուազագոյն պահանջները` «քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը, Ազատութեան հրապարակին վրայ հանրահաւաքներ կատարելու իրաւունքի վերականգնումը եւ մարտ 1-ի սպանութիւնները բացայայտելու պաշտօնական հաւաստիացումը»:

«28 ապրիլը պէտք է դառնայ կա՛մ երկխօսութեան սկզբնաւորման, կա՛մ ալ` իշխանութեան ու հասարակութեան վերջնական ջրբաժանի օր», յայտարարեց Լեւոն Տէր Պետրոսեան:

Share this Article
CATEGORIES