«ԱՅՆ ԻՆՉ ՈՐ ՀԱՍՏԱՏ Է` ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆ Է, ԻՍԿ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ Է, ՈՐ ԱՆՈՐ ԿԸ ԾԱՌԱՅԷ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շեշտեց, որ Պէյրութի մէջ Լիբանանեան-սէուտական տնտեսական Զ. համագումարին կայացումը ունի իր յատուկ նշանակութիւնը` նկատի ունենալով արաբական աշխարհին դիմագրաւած լուրջ հարցերը, ինչպէս նաեւ Լիբանանին դիմագրաւած քաղաքական պայմանները:

Նախագահ Սլէյման նշեց, որ Լիբանանի սրտին մէջ այդ համագումարին կայացումը կը դրսեւորէ լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի խոր յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ցոյց կու տայ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին սէրը Լիբանանի նկատմամբ:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ երկրի մը մէջ հաստատ է տնտեսութիւնը, իսկ քաղաքականութիւնն է, որ կը ծառայէ անոր, եւ պէտք չէ քաղաքականութիւնը չարաշահել` պատժելու համար տնտեսութիւնը:

Նախագահ Սլէյման նշեց, որ տնտեսութիւնն է, որ փաստած է քաղաքացիական ընկերութեան հաստատութիւններուն կարեւորութիւնը եւ դերակատարութիւնը, այն աստիճան, որ անոնք համազօր սկսած են դառնալ պետական հաստատութիւններուն: Ան նկատել տուաւ, որ անոնց միջեւ գործակցութիւնը եւ իրար ամբողջացնելու իրականութիւնը կ՛ապահովեն պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն շահերը, ինչպէս նաեւ կը նպաստեն ընկերային, առողջապահական եւ կենսոլորտային մարզերուն բարգաւաճման:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ Կազայի եւ Ռաֆահի ռմբակոծումը. ան ընդգծեց, որ Իսրայէլ դարձեալ կը խափանէ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութիւնը եւ կ՛անտեսէ մարդկային բոլոր արժանիքները` նկատի ունենալով, որ անոր ռմբակոծումներուն պատճառով կ՛արձանագրուին զոհեր եւ վիրաւորներ` փոքրիկներու եւ անզէններու շարքին:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակին կարիքները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES