ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐԸ, ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԿԱՐԾԻՔԸ ԵՒ ՀԱՅԵՐԸ

Արաբական աշխարհին մէջ ներկայիս պատահած յեղափոխութիւնները դժուար էր երեւակայել  տարիներ առաջ, երբ համացանցային ազդեցութիւնը տակաւին տկար էր արաբ երիտասարդներուն վրայ, որոնք հետզհետէ սկսան համոզուիլ, որ «հաղորդակցութիւնը արդիւնաւէտութիւն է»:

Ակներեւ էր համացանցի ընկերային կայքերու դերակատարութիւնը արաբական երկիներուն մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութիւնները շարժելու եւ ղեկավարելու ընթացքին: Նման կարգաւորում մը անշուշտ կը պահանջէր ժամանակակից, դարու տեղեկատուական նուաճումներէն օգտուող արհեստագիտութիւն:

Քսանմէկերորդ դարուն համացանցի ընկերային կայքերու գործածութեամբ ընդհանուր կարծիքի հասկացողութիւնը փոփոխութիւն կրեց եւ նոր միջավայր ստեղծեց ժողովրդավարութեան կիրարկման, կարծիք յայտնելու եւ բողոքելու:

Այսօր յստակ իրողութիւն է, որ նոյնիսկ արաբական երկիրներուն մէջ համաշխարհային  ընկերային մեծ կայքերը շարժողները իսկական ձեւաւորողներն են ընդհանուր կարծիքին, որ կը պարտադրուի նոյնինքն այդ ցանցերուն կողմէ` իրենց ընտրած լուրերը, նկարները եւ կարծիքները հրապարակելով. այդպիսով կը ղեկավարեն այդ խմբակները եւ կ’առաջնորդեն անոնց անդամները:

Համացանցային տուեալներով, Եգիպտոսի պարագան կազմակերպուած յեղափոխութիւն կը համարուի: Ըստ վերջին տուեալներուն, արաբական աշխարհին մէջ 15 միլիոն անձ կը գործածէ ընկերային համացանցը, մեծամասնութեամբ` Եգիպտոսի, Մարոքի, Թունուզի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ: Ցանցը կարեւոր միջոց կը հանդիսանայ ընդհանուր կարծիքի ուղղութիւնը դիտարկելու. աւելի՛ն, արաբական երկիրներուն մէջ լրատուական, տնտեսական կամ քաղաքական ասպարէզները քննելու եւ յաջողցնելու համար սկսան դիմել ընդհանուր կարծիքի ուղղուածութեան: Առ այդ, արաբական կառավարութիւնները նոյնպէս, զգուշութիւն ցուցաբերեցին ընկերային ցանցերու նկատմամբ եւ սկսան անոնց դիմել յեղափոխութեան զարգացման կամ որոշ տուեալներ հրապարակելու նպատակով, նոյնիսկ օրինակ, Պաղեստինի մէջ Ֆէյսպուքի վրայ երիտասարդութեան կարծիքը շօշափեցին նոր կառավարութեան կազմութեան առնչութեամբ:

Կարելի չէ անտեսել անշուշտ ամերիկեան ընկերութիւնները, որոնք կը միտին եւ կը հաւատան, որ արհեստագիտութիւնը կրնայ պատմութիւնը փոխել` օգտագործելով պատկերասփիւռի արբանեակային դրութիւնը, համացանցը եւ հեռաձայնային կապերը:

Այսօր իրողութիւն դարձաւ, որ ընկերային կայքերը մեծ դերակատարութիւն ունին ժողովրդավարութեան իրականացման մէջ, մանաւանդ` երիտասարդ խաւին մօտ: Ընկերային կայքերը կոչուեցան «կախարդական գաւազան», որ կարողութիւն ունի համաշխարհային ընդհանուր կարծիքը շարժելու:

Ժողովուրդին մէջ ստեղծուած է համակերպուածութիւն մը` ընթացք առած ցանցային նոր բառագիտութիւններուն հետ, ինչպէս` Ֆէյսպուք, Թուիթըր, Եութիուպ, Կրուփ, Փէյճ, ՓրոՖայլ եւ այլն, որոնք մաս կազմեցին այդ յեղափոխութիւններուն եւ շարժումներուն` զանոնք տեղափոխելով ենթադրեալ վայր մը, ուր տեղի կ’ունենայ կազմակերպական աշխատանքը եւ կը հասնի կարծիք ձեւաւորելու աստիճանի:

Երեւի արաբական աշխարհի մէջ մեր` հայկական գաղութներուն համար դէպի «գիտելիքի յեղափոխութիւն» պատրաստելը անհրաժեշտ առաջնահերթութիւններէն է այսօր, եթէ չենք ուշացած արդէն:

Սփիւռքի մէջ հայկական գաղութները նոր դրութեան մէջ գտնուելով` պէտք է գիտակցին սոյն տեսութեան եւ ամէն ջանք գործադրեն օգտուելու համար համացանցէն, փոխանակ մրցին աւելի մեծ թիւով ծանօթ-անծանօթ ընկերներ ունենալու կամ ընտանեկան եւ անհատական նկարներ տեղադրելու կողքին, տեղեկատուական համացանցային առաւելութիւնները օգտագործեն ծանօթացնելու եւ տարածելու համար հայկական որեւէ նիւթ:

Ընկերային ցանցերը եւ կայքերը իրենց դերը ճիշդ կատարելու համար, ի նպաստ մեր գաղութներուն շահերուն, յատուկ քաղաքականութեամբ եւ ծրագիրներով  շարժելու ենք: Իսկ` ինչո՞ւ ի նպաստ մեր գաղութներուն: Քանի որ եթէ մենք չհետեւինք այդ ցանցերուն բովանդակութեան, անոնք կրնան շատ դիւրին ձեւով այլ ուղղութիւններու տանիլ ընթերցողները եւ հակառակ ազդեցութիւն եւ մթնոլորտ ստեղծել:

Իւրաքանչիւր հայ անհատ իր հետաքրքրութեանց ծիրին կամ ասպարէզին մէջ մեծ առիթ ունի նաեւ արծարծելու եւ տարածելու հայկական թեմաները` չմոռնալով, որ պետական մակարդակով սպասելի է երկխօսութեան եւ հաղորդակցութեան առիթներու ստեղծումը հայկական բոլոր բջիջներուն միջեւ:

Վերջին հաշուով, ընդհանուր կարծիքի ենթահողը իմանալու, ձեւաւորելու եւ ղեկավարելու կարեւորութեան հանդէպ մեր գիտակցութիւնը զարգացնելը բոլորիս պարտականութիւնն է, հայ գաղութներու մէջ շրջող եւ սաւառնող ընկերային ցանցերը պիտանի ուղիին մէջ օգտագործելով, որպէսզի արաբական աշխարհին մէջ հայկական գաղութները դառնան հաղորդակից գաղութներ եւ պատրաստ` գիտելիքներու յեղափոխութեան, հասնելու համար «գիտելիքներու ընկերութեան» կամ մեր պարագային` «գիտելիքներու գաղութներու»:

ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES