ՕԹԱՆ-Ի ՕԴԱՅԻՆ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐԸ ԿԸ ԿԱՍԵՑՆԵՆ ԱԺՏԱՊԻԱՅԻ ԴԷՄ ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

Ըմբոստներ կ՛անցնին կառավարական ջախջախուած հրասայլի մը առջեւէն

ՕԹԱՆ-ի օդային հարուածները երէկ կասեցուցին Մոամմար Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժերուն կողմէ Աժտապիա քաղաքին դէմ շղթայազերծուած մեծ յարձակում մը: ՕԹԱՆ յայտնեց, որ քաղաքի մուտքին 11 հրասայլեր ոչնչացուցած է, իսկ Միսրաթայի մուտքին` 14 այլ հրասայլեր: Քաղաքը վեց շաբաթէ ի վեր պաշարման տակ է եւ անոր բնակիչներուն պայմանները սկսած են յուսահատական դառնալ:

Քազզաֆիի ուժերը 150 քիլոմեթր արեւելք գտնուող եւ ըմբոստներու «մայրաքաղաքը» եղող Պենկազիի դարպասը եղող Աժտապիայի դէմ իրենց յարձակումը սկսած էին շաբաթ օր եւ կիրակի առաւօտուն ըմբոստները կը թուէին կորսնցնել Աժտապիան: Քազզաֆիի ուժերէն զինուորներ եւ արձակազէններ յաջողեցան մուտք գործել քաղաք, սակայն կէսօրէ ետք ըմբոստները յաջողեցան քաղաքը ենթարկել իրենց ամբողջական վերահսկողութեան:

Միւս կողմէ, Հարաւային Ափրիկէի նախագահ Ճէյքըպ Զումայի  գլխաւորութեամբ Ափրիկեան միութեան մէկ պատուիրակութիւնը երէկ հասաւ Թրիփոլի` երկու կողմերուն միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու սկսելու նպատակով:

 

Share this Article
CATEGORIES