ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ ՄԱՐՏ 14-Ի ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐԸ Կ՛ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՐՈՒԱԾԵԼՈՒ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ

Սէյիտ Նասրալլա` ելոյթի պահուն

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ երեկոյեան, արտասանեց պատկերասփռուած խօսք մը, որուն ընդմէջէն ան Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ամբաստանեց Դիմադրութիւնը հարուածելու յանցանքով` նշելով, որ այդ ուժերը իշխանութիւնը կորսնցնելու պատճառով կը հարուածեն Դիմադրութիւնը:

Անդրադառնալով հրաժարեալ կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած այն յայտարարութեան, թէ Լիբանան իրանեան արգելոց մը չէ, սէյիտ Նասրալլա ըսաւ. «Եթէ ոմանք նեղացած են կառավարութիւնը տապալելու քայլէն, ապա ատիկա ոչ մէկ կապ ունի Իրանի հետ»:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մասին «Ուիքիլիքս»ի կողմէ կատարուած բացայայտումներուն ծիրին մէջ, սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ առանց Պըրրիի խորհուրդներուն, ջանքերուն, յանձնառութեան, անկեղծութեան եւ նուիրուածութեան, կարելի պիտի չըլլար քաղաքական այս արդիւնքներուն հասնիլ: «Սակայն ան առաջին իսկ օրէն յայտնած էր, որ ինք իր ուրոյն ձեւը, ոճն ու միջոցները ունի ամերիկացիներուն հետ վարուելու եւ քաղաքական խուսանաւումներ կատարելու առումով, հետեւաբար` մենք անոր վստահած ենք», աւելցուց ան:

«Ուիքիլիքս»ի բացայայտումներուն շրջագիծին մէջ մնալով` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ այդ փաստաթուղթերը ապացուցած են, թէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացած է: «Այո՛, անոնք պիտի բողոքեն, որ մենք վերադարձած ենք զիրենք դաւաճանութեամբ ամբաստանելու ոճին, սակայն թո՛ղ յանդգնին հերքելու Ֆելթմանի եւ Սիսընի յայտարարութիւնները: Թո՛ղ ըսեն, որ Ֆելթման եւ Սիսըն խաբեբաներ են եւ մենք պատրաստ ենք յետս կոչելու մեր ամբաստանութիւնը», ընդգծեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ամերիկեան կողմին հետ բանակցած են Մազարեհ Շեպաան եւ Քֆարշուպայի բարձունքները Լիբանանի գերիշխանութեան վերադարձնելու, որպէսզի նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութիւնը հզօրանայ եւ Դիմադրութեան կողմէ զէնք բարձրացնելու պատրուակը ի թերեւ ելլէ, եւ ոչ թէ այն իրողութեան համար, որ այդ հողը լիբանանեան է, լիբանանցիներուն կը պատկանի եւ Իսրայէլ բռնագրաւուած կը պահէ զայն:

Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ վերջնականացնելու համար կառավարութեան կազմը` նշելով, որ այդ հոլովոյթին մէջ դրական զարգացումներ արձանագրուած են:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ խորհրդարանի մեծամասնութիւնը կազմող ուժերը ճիգ չեն խնայեր եւ առաւելագոյն չափով կը գործակցին` Միքաթիի գլխաւորութեամբ կառավարութիւն մը կազմելու համար, որպէսզի ան իր պատասխանատուութիւնները ստանձնէ` այս դժուար պայմաններուն տակ:

 

Share this Article
CATEGORIES