Կիները` Փիքասոյի Կեանքին Մէջ

Կիները իրենց արժանաւոր տեղը ունեցած են աշխարհահռչակ գեղանկարիչ, խորանարդապաշտութեան հիմնադիր Փապլօ Փիքասոյի կեանքին մէջ: Տեսաբաններէն շատեր Փիքասոյի որոշ նկարներու համահեղինակները կը նկատեն այդ պահուն նկարիչին քով գտնուող  կիները: Օրինակ, մէկ անգամ չէ, որ Փիքասոյի սէրերէն մէկը` լուսանկարչուհի Տորա  Մաարը նկատուած է Փիքասոյի հռչակաւոր «Կեռնիքա» ստեղծագործութեան համահեղինակը: Ան «Կեռնիքա»-ն գծելու պահուն եղած է մեծ նկարիչին քով` ըլլալով անոր ներշնչումներուն աղբիւրն ու  ստեղծագործական պոռթկումներուն ականատեսը:

Բազմաթիւ աշխատանքներ  Փիքասոն նուիրած է իր կիներուն. իսկ անոնք քիչ չէին` պարուհի Օլկա Խոխլովա, Մարի Թերեզ Ուոլթըր, Ժաքլին Ռոք, ֆրանսացի ուսանող Ֆրանսուազ Կիլօ (ան 40 տարի երիտասարդ էր Փիքասոյէն, բայց իր տաղանդաւոր սիրեկանէն երեխաներ  ունեցաւ),  Եւա Կուէլ… Անունները շատ են, սակայն Փիքասոն ամուսնացաւ անոնցմէ երկուքին հետ միայն եւ երեք տարբեր կիներէ  ունեցաւ չորս զաւակ…  Փիքասոյի փարիզեան թանգարանին մէջ կը պահուին ռուս պարուհի Օլկա Խոխլովայի` հարիւրէ աւելի նամակները` ուղղուած ամուսինին. այդ նամակները առայժմ անմատչելի են. ատոնց մատչելի ըլլալէն ետք մեծ բացայայտումներ կ՛ըլլան Փիքասոյի կեանքին եւ ստեղծագործութեան մասին:

Կիները կը յաջորդէին մէկը միւսին,  անոնք տեղ կը գրաւէին Փիքասոյի ստեղծագործութիւններուն մէջ` դառնալով անոր արուեստի գլուխ գործոցները: Պատահական չէ, որ իր մահէն ետք աննախադէպ գիներով վաճառուած են նոյն այն գեղանկարները, որոնց մէջ Փիքասոն պատկերած է իր կիները: Տարիներ առաջ արուեստի աշխարհը ցնցուեցաւ, երբ Սոթպիզի նիւեորքեան աճուրդի ընթացքին 95 միլիոն 216 հազար տոլարի վաճառուեցաւ Փիքասոյի «Տորա Մաարը` կատուի հետ»  հռչակաւոր կտաւը: Տորա Մաարը եղած է նաեւ Փիքասոյի այլ թանկարժէք ստեղծագործութիւններու հերոսուհին,  ինչպէս` «Կապոյտ զգեստով քնացած կինը»,  «Կնոջ գլուխ», «Լացող կին», «Տորա Մաարը` լողափին» եւ այլն: Այդ նկարները բոլորն ալ միլիոնաւոր տոլարներով վաճառուած են աճուրդներու ընթացքին: Ի դէպ, Տորա Մաարը Փիքասոյին քով գտնուած է անոր կեանքի շատ կարեւոր շրջանի մը ընթացքին` Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմի եւ Բ. Աշխարհամարտի ժամանակ. այդ շրջանը մեծ ազդեցութիւն ձգած է Փիքասոյի հակապատերազմական գործունէութեան վրայ:

Հակառակ անոր որ Փիքասօ հիմնականը բնակած է Փարիզ, սակայն սպանական նիւթերը շատ էին անոր արուեստին մէջ: Սպանիոյ պասկեռի Կեռնիքա քաղաքի ռմբակոծման ժամանակ Փիքասոն ստեղծեց բոլոր ժամանակներու արուեստի`  հակապատերազմական բնաբանով գլուխգործոցներէն մէկը` «Կեռնիքան»: Կտաւը ստեղծուած է 33 օրուան ընթացքին:

Շուտով համաշխարհային շարժանկարային պաստառներ կը բարձրանայ  բեմադրիչ Քարլոս Սաուրայի «33  օր» խորագրով շարժանկարը, որուն մէջ Փիքասոյի մուսան` Տորան կը մարմնաւորէ Կուինեթ Փալթրոն: Շարժանկարին մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս  թախծոտ ֆրանսուհի  լուսանկարչուհին ոգեշնչած է   սպանացի արուեստագէտը:

Շարժանկարին մէջ Փալթրոյի զուգընկերոջ դերը կը խաղայ նշանաւոր դերասան Անթոնիօ Պանտերասը` հանդէս գալով իբրեւ Փիքասօ (ի դէպ, Պանտերաս ծնած է Փիքասոյի հայրենի քաղաքը` Մալակա, Սպանիա):  Շարժանկարի նկարահանումները արդէն սկսած են. անոնք տեղի կ՛ունենան Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ մէջ: Մամուլը կը տեղեկացնէ, որ «33 օր» շարժանկարին պիւտճէն կը կազմէ 7,9 միլիոն եւրօ:

Փիքասոյի մասին այլ շարժանկարներ եւս նկարահանուած են, ինչպէս նաեւ գրուած են գիրքեր եւ թատրերգութիւններ: Տարիներ առաջ մեր հայրենակցուհին` Արսինէ Խանճեանը Քանատայի մէջ բեմադրեց ներկայացում մը, որ նուիրուած էր Փիքասոյի կիներէն ութին…

Արուեստագէտի բուռն եւ զարմանալի կեանքով ապրած է  Փիքասօ: Ան ունեցած է նոյնքան զարմանալի ու տարօրինակ անուն`  Փապլօ Տիեկօ Խոսէ Ֆրանսիսքօ տէ Փաուլա Խուան Նեփոմուսենօ Մարիա տէ լոս Ռեմետիոս Սիփրիանօ տէ լա Սանթիսիմա Թրինիտատ Ռուիս Փիքասօ: Մարդկութեան ծանօթ էր սակայն այդ անուան առաջին ու վերջին մասերը միայն: 8 տարեկանէն գծել սկսած նկարիչը իր կեանքի ընթացքին ստեղծած է 50 հազար գործ: Անոնք այսօր կը ցուցադրուին աշխարհի լաւագոյն թանգարաններուն եւ ցուցասրահներուն մէջ: Ինչպէս ըսած է Փիքասօ` «Տուէք ինծի թանգարան եւ ես կը լեցնեմ զայն»:

Նոյնքան տարօրինակ էր նաեւ այս հանճարեղ մարդուն մահը: Մինչ անոր կինը` Ժաքլինը,  կ՛ընդունէր ճաշկերոյթի եկած հիւրերը,  Փիքասոն կը մահանար սենեակներէն մէկուն  մէջ` ըսելով. «Խմեցէ՛ք իմ կենացը, խմեցէ՛ք իմ առողջութեան համար, գիտէք, որ ես այլեւս չեմ կրնար խմել»:

Պատրաստեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )