ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՕՐԵԱՅ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԵՒ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ Լիբանանի թեմի Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինը այս տարի եւս ուսուցչաց տօնին որպէս աւանդութիւն կազմակերպեց միօրեայ համագումար մը, «Մարիա Փօլի» համագումարի կեդրոնին մէջ, շաբաթ, 8 ապրիլ 2011-ին: Համագումարը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, ապա առաւօտեան յատուկ աղօթքներով, որոնց ընթացքին երգուեցաւ «Առաւօտ լուսոյ» եւ «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ» աղօթքները: Հոգեպարար այս արարողութենէն ետք Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան կատարեց բացման խօսքը: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, անդրադարձաւ Կիրակնօրեայ դպրոցի  ուսուցիչին զոհողութեան եւ նուիրումին` շեշտելով, որ միայն հաւատքով կատարուած գործը կ՛արգասաւորուի: Ան ըսաւ, որ այսօր հոսանքները շատ զօրաւոր են, հետեւաբար մենք մեր հաւատքով ամուր պարիսպ պէտք է ըլլանք այդ հոսանքներուն դէմ: Ան շարունակեց. «Այս հանդիպումները միայն համագումար չեն, այլ նաեւ հոգեւոր մեր կեանքը աւելիով ամրապնդելու առիթներ»: Քահանայ հայրը կոչ ուղղեց բոլոր կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներուն, որ ծառայեն անդադար եւ անպայման վարձատրութիւն պիտի գտնեն Աստուծմէ: Տ. Սարգիսը շնորհաւորեց կիրակնօրեայ վարժարաններուն բոլոր ուսուցիչները իրենց տօնին առիթով` գնահատելով անոնց անձնուիրումը եւ ծառայութեան ոգին:

Բացումին յաջորդեց դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց Կարօ Յովհաննէսեանը` նիւթ ունենալով «Աղօթքին կարեւորութիւնը մարդուն կեանքին մէջ»: Կ. Յովհաննէսեան նախ կենդանի վկայութիւններ տուաւ իր կեանքէն` ցոյց տալու համար ուսուցիչներուն հաւատքի եւ աղօթքի կարեւորութիւնը մեր կեանքին մէջ: Ան մեծ գոհունակութեամբ յայտարարեց, թէ ինք մանկութեան կիրակնօրեայ դպրոց յաճախած է ինչ որ դրական հետք ձգած է իր կեանքին վրայ: Դասախօսը աղօթքի մասին մէջբերումներ կատարեց աւետարանէն` շեշտը դնելով յարատեւ աղօթքի կարեւորութեան վրայ, ապա կոչ ուղղեց բոլոր ուսուցիչներուն` ըսելով.

«Սիրելի՛ ուսուցիչներ, ամէն օր պէտք է ժամանակ տրամադրէք աղօթքի եւ չծուլանաք ըսելով ժամանակ չեղաւ, որովհետեւ աղօթքը կարեւոր է մեր հոգեւոր դաստիարակութեան համար»:

Իր խօսքին աւարտին Կ. Յովհաննէսեան գնահատեց աշխատանքը բոլոր կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչներուն ու վարչութեան, որոնք օրէ օր աւելի նոր եւ արդիական միջոցներով կը զարգացնեն կիրակնօրեայ վարժարաններու ծրագիրը:

Դասախօսութենէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ Ս. Գիրքի սերտողութիւն, ապա շարականի ուսուցում, որմէ ետք կատարուեցաւ նոր ծրագրի աշխատանքը, որ պատրաստուած էր Ներսէս եւ Սիւզան Օհանեաններու կողմէն: Աշխատանքը կ՛ընդգրկէ սաղմոսներ եւ աղօթքներ, որոնք համակարգիչով պատրաստուած են յատուկ պատկերներով եւ գոյներով մանկավարժական նոր մեթոտներով, եւ որոնք յետ այսու  ցուցադրուելով պիտի ուսուցուին աշակերտներուն: Յիշենք, որ այս տարեշրջանին թեմիս բոլոր կիրակնօրեայ դպրոցներու դասաւանդութիւնները կը կատարուին փրոճեքթըրով եւ համակարգիչով: Այս մէկը աւելի մատչելի եւ հետաքրքրական եղաւ աշակերտներուն:

Կէսօրուան ճաշէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ նոր ծրագիրներու եւ յայտագիրներու ներկայացման երկրորդ բաժինը: Յատուկ ծրագրով պատրաստուած 10 շարականներ իրենց եղանակներով որ նուագուած են եւ գարաօգէ եղած դարձեալ փրոճեքթըրով պիտի ուսուցուին միատեսակ կերպով բոլոր կիրակնօրեաներուն մէջ: Սոյն աշխատանքի պատրաստութիւնը կատարեց Զաւէն Ստեփանեան:

Նախքան համագումարի փակումը կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչները միասնաբար տօնեցին ուսուցչաց տօնը, եւ այս առիթով ուսուցիչներէն ամէնէն երէցը եւ ամէնէն փոքրը միասնաբար հատեցին կարկանդակը,  որմէ ետք յատուկ նուէրներ բաժնուեցան ներկաներուն` պատրաստուած վարիչ մարմնին կողմէ, ապա իւրաքանչիւր ուսուցիչ իր սրտաբուխ խօսքը փոխանցեց վարչութեան: Կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցիչները   զիրար շնորհաւորելէ ետք գոհունակ սրտերով վերադարձան իրենց տուները: Լիբանանի թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ պատասխանատուն  Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը բոլորին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին կիրակնօրեայ վարժարաններուն նկատմամբ անոր ցուցաբերած հայրական խնամքին համար:

Share this Article
CATEGORIES