ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻՆ ԱՂՋԿԱՆՑ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ
Երէկ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը լիբանանեան մարզական մամուլին յղեց Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը. անոնք կը սկսին այսօր:
Առաջին մրցումին Անդրանիկ Պէյրութ իր դաշտին` «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ պիտի հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 20:30-ին:
Ստորեւ կու տաք մրցումներուն յայտագիրը.
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 12 ԱՊՐԻԼ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Անդրանիկ Պէյրութ – Ռիատի Պէյրութ 20:30 Տեմիրճեան
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 14 ԱՊՐԻԼ
Ռիատի Պէյրութ – Անդրանիկ Պէյրութ 20:30 Մանարա
ՇԱԲԱԹ, 16 ԱՊՐԻԼ
Անդրանիկ Պէյրութ – Ռիատի Պէյրութ 16:00 Տեմիրճեան
ԿԻՐԱԿԻ, 17 ԱՊՐԻԼ
Ռիատի Պէյրութ – Անդրանիկ Պէյրութ 15:30 Մանարա
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 20 ԱՊՐԻԼ
Անդրանիկ Պէյրութ – Ռիատի Պէյրութ 20:30 Տեմիրճեան