ԼԻՊԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԳԾՈՎ ԱՓՐԻԿԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ ՁԱԽՈՂԵՑԱՒ

Լիպիացի ըմբոստները կը յառաջանան

Մոամմար Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժերը երէկ բուռն ռմբակոծումի ենթարկեցին Միսրաթան, հակառակ անոր որ Ափրիկեան միութեան միջնորդական պատուիրակութիւնը քանի մը ժամ առաջ յայտարարած էր, որ Քազզաֆի ընդունած է զինադուլ հաստատելու առաջարկը:

Հարաւային Ափրիկէի նախագահ Ճէյքըպ Զումայի գլխաւորութեամբ Ափրիկեան միութեան մէկ պատուիրակութիւնը իր առաջարկը ներկայացնելու համար առանց Զումայի ներկայութեան մեկնեցաւ Պենկազի, ուր դիմաւորուեցաւ բազմաթիւ ցուցարարներու կողմէ, որոնք կը մերժէին Քազզաֆիի իշխանութենէն հեռանալէ առաջ որեւէ խաղաղութեան հաստատում: Անոնք յայտնեցին, որ ափրիկեցի միջնորդներուն վրայ վստահութիւն չունին, որովհետեւ անոնց մեծամասնութիւնը Քազզաֆիի երկարատեւ դաշնակիցներ են, Լիպիոյ մէջ ժողովրդավարութիւն կը քարոզեն, սակայն իրենց երկիրներուն մէջ զայն չեն կիրարկեր: Լիպիոյ ըմբոստներուն կազմած Ազգային փոխանցման խորհուրդի նախագահ Մուսթաֆա Ապտել Ժալիլ Ափրիկեան միութեան պատուիրակութեան հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ափրիկեան միութեան նախաձեռնութիւնը Քազզաֆիի կամ անոր զաւակներուն լիպիական բեմէն հեռացումը չի բովանդակեր: Ըմբոստները յայտարարեցին, որ պիտի չընդունին ծրագիր մը, որ Քազզաֆիի հեռացումը չի բովանդակեր:

Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանքօ Ֆրաթինի զօրավիգ կանգնեցաւ ըմբոստներուն այն կեցուածքին, թէ Քազզաֆի պէտք է անմիջապէս իշխանութենէն հեռանայ: Ան նշեց, որ «Քազզաֆիի զաւակներն ու ընտանիքը չեն կրնար մաս կազմել Լիպիոյ քաղաքական ապագային»` աւելցնելով, որ Քազզաֆիի հեռացումն ու որեւէ զինադուլի հաստատում պէտք է «զուգահեռ» ընթանան:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Վոկ Ռասմուսեն իր կարգին յայտարարեց, որ «Լիպիոյ տագնապին միայն զինուորական լուծում չի կրնար ըլլալ: ՕԹԱՆ կ՛ողջունէ քաղաքային բնակչութեան դէմ բռնարարքները դադրեցնելու համապարփակ միջազգային ջանքին բոլոր ներդրումները»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն իր կարգին յայտարարեց. «Լիպիոյ մէջ զինադուլի հաստատումը եւ վարչակարգի ուժերուն բռնագրաւած քաղաքներէն հեռացումը կ՛ուզենք»: Նշենք, որ Քազզաֆիի վարչակարգը կիրակի օր յայտարարած էր, որ կը պատրաստէ սահմանադրութեան նոր նախագիծ մը, որ ժողովրդավարութեան «լիպիական տարբերակ»ի արտայայտութիւն մը պիտի ըլլայ: Լիպիա մինչեւ այժմ սահմանադրութիւն չունի: Վերջինիս դերը կը կատարէր 1970-ական թուականներուն Քազզաֆիի կողմէ գրուած Կանաչ գիրքը:

Զինուորական գետնի վրայ, ըմբոստները Աժտապիայի մէջ յաղթանակ արձանագրելէ ետք իրենց ուժերը կեդրոնացուցին քարիւղի ռազմավարական նաւահանգիստներ Ռաս Լանուֆի եւ Պրիքայի վերատիրացման գործողութեան վրայ, որուն ծիրին մէջ բուռն բախումներ տեղի ունեցան:

 

Share this Article
CATEGORIES