ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԵՐԷԿ առաւօտեան Ապիճանէն Պէյրութ ուղղակի թռիչքով Լիբանան ժամանեցին 244 լիբանանցիներ, որոնց «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան կողմէ տրամադրուած էր օդանաւ մը: Նոյն ընկերութիւնը այլ օդանաւով մը Աքրայէն Պէյրութ փոխադրեց 244 այլ լիբանանցիներ, որոնք Ապիճանէն փոխադրուած էին Աքրա:

ԳՈՐԾԱՎԱՐ վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ ներքին գործոց գործավար նախարար Զիատ Պարուտի ու ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի հետ եւ անոնց ցաւակցութիւն յայտնեց ներքին ապահովութեան ուժերու զինուորականներէն Ռաշետ Սապրիի սպանութեան առիթով: Զոյգ հաղորդակցութիւններուն ընթացքին Հարիրի դրուատեց ներքին ապահովութեան ուժերուն դերակատարութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ ընդունեց զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըրը, որուն հետ քննարկեց զինուորական ատեանին վերաբերող հարցեր:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նասեր Քանտիլ յայտնեց, որ կառավարութեան ծնունդը այս շաբթուան ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ յայտարարել` աւելցնելով, որ նոր կառավարութիւնը պիտի ունենայ քաղաքական բնոյթ:

ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդին կողմէ հրապարակուեցաւ շրջաբերական մը, որուն մէջ յայտնուեցաւ, թէ քրիստոնեայ համայնքի Աւագ ուրբաթ օրուան եւ արեւելեան եւ արեւմտեան եկեղեցիներու Ս. Զատկուան տօնին առիթով, յառաջիկայ 22, 23 եւ 25 ապրիլը պաշտօնական արձակուրդի օրեր են, ուստի Լիբանանի պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Օսէյրան յայտնեց, որ ինք մնայուն կերպով զօրակցած է Դիմադրութեան եւ կը շարունակէ զօրակցիլ անոր. ան հերքեց «Ուիքիլիքս»ի տեղեկութիւնները` զանոնք կոչելով անճիշդ տեղեկութիւններ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆարես Պուէյզ շեշտեց, որ վարչապետ Միքաթիի հրաժարականը ի զօրու պէտք է ըլլայ` նկատի ունենալով, որ կառավարութեան կազմութիւնը պիտի ուշանայ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք ընդունեց ամերիկեան պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին իրաւաբաններ, մտաւորականներ, գրագէտներ եւ ուսումնասիրողներ: Պատուիրակութեան անունով ամերիկեան «Եէյլ» համալսարանի դասախօս Ճոն Հարթլի շեշտեց, որ իրենց այցելութիւնը Հըզպալլայի նկատմամբ սիրոյ եւ գնահատանքի բնոյթ ունի:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Պքերքէի մէջ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին միջքրիստոնէական հաշտութիւն մը կայանայ` հովանաւորութեամբ Ռայի պատրիարքին եւ ներկայութեամբ մարոնի ղեկավարներ Ամին Ժեմայէլի, Միշել Աունի, Սամիր Ժահժահի եւ Սլէյման Ֆրենժիէի:

ՎՍՏԱՀԵԼԻ աղբիւրներու համաձայն, Միջազգային դատական ատեանին կողմէ այս տարուան ընթացքին նախնական ամբաստանութիւն պիտի չարձակուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ Ասեմ Արաժի նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ կառավարութեան ծնունդը յանկարծ կրնայ յայտարարուիլ` նկատի ունենալով արտաքին իրադարձութիւնները:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի գործավար նախարար Մոհամետ Սաֆատի Թրիփոլիի մէջ կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանանի եւ արաբներուն միակ թշնամին Իսրայէլն է:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական Հաժ Հիւսէյն Խալիլ նախանցեալ երեկոյեան Վերտանի մէջ հանդիպում մը ունեցած են վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով տակաւին ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է` աւելցնելով, որ այդ հոլովոյթը տեղքայլի մէջ է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES