«Պէտք Է, Որ Մեր Ներկայ Սերունդը ՀՄԸՄ-ի Բոցավառ Ջահը Լաւապէս Փոխանցէ Սերունդէ Սերունդ» Կ՛ըսէ Ստեփան Տէր Պետրոսեան

Ստեփան Տէր Պետրոսեան

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը աւելի քան երկու տարիէ ի վեր «Ազդակ» օրաթերթին մէջ ՀՄԸՄ-ի յատուկ էջով լայնօրէն անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքին կեանքին, ինչպէս նաեւ կատարեց բազմաթիւ հարցազրոյցներ` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանին մէջ ծառայած ու միութեան իրենց ներդրումը բերած շարք մը ՀՄԸՄ-ական քոյրերու եւ եղբայրներու հետ, լսելով անոնց անցեալի ու ներկայի անհատական ու հաւաքական յաղթանակները, յուշերն ու յիշատակները, որոնք արձանագրուած են ՀՄԸՄ-ի մէջ:

Քարոզչական յանձնախումբին անդամները բնաւ դժուարութիւն չունեցան այս հարցազրոյցներու պատրաստութեան մէջ, անոնց սիրալիր եւ հարազատ զգացումներուն հետ շատ անգամներ միասին յուզուեցան եւ հպարտանքով ու երախտագիտութեան զգացումներով լսեցին այնքան սրտբաց արտայայտութիւնները:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքին մէջ տակաւին կան շատ անձնուէր քոյրեր ու եղբայրներ, որոնց հետ եւս անպայման զրոյցներ պիտի ունենանք եւ անդրադառնանք նաեւ անոնց փորձառութեան:

Արդ, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը կու գայ ըսելու, թէ իր երթը պիտի շարունակէ:

Քարոզչական յանձնախումբը անցեալ շաբթուան ընթացքին հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ համահայկական համաշխարհային կոմիտէի փոխնախագահ Ստեփան Տէր Պետրոսեանին հետ:

1998-ի մայիսեան փառատօն

Ս. Տէր Պետրոսեան ՀՄԸՄ-ի անդամակցած է իր երիտասարդական տարիներուն:

«Հակառակ անոր որ հայկական վարժարան չէի յաճախեր, սակայն փոքր տարիքէս շատ մեծ սէր ունէի ՀՄԸՄ-ին հանդէպ», կ՛ըսէ Ստեփան Տէր Պետրոսեան:

Իր յուշերուն մասին խօսելով` Ս. Տէր Պետրոսեան կը պատմէ, որ ամրան արձակուրդին ինք ընդհանրապէս գիւղ կ՛երթար եւ իր բոլոր ընկերները ՀՄԸՄ-ականներ էին, եւ թէ` իրենց զրոյցները միշտ ալ ՀՄԸՄ-ի մասին կ՛ըլլային:

«Երբ Ժ. կարգի աշակերտ էի, միջդպրոցական մրցումներ տեղի ունեցան, որոնց մասնակցեցան նաեւ հայկական վարժարաններ, որոնք կ՛ընդգրկէին ՀՄԸՄ-ականներ: Ես կը խաղայի իմ յաճախած դպրոցիս պասքեթպոլի խումբէն, եւ հոն էր, որ ծանօթացայ ընկերներուս, որոնք զիս առաջնորդեցին ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ակումբ, ուր դարձայ պասքեթպոլի խումբի մարզիկ:

Վրայ հասաւ քաղաքացիական պատերազմը, եւ մենք գրեթէ ամէն օր կը յաճախէինք ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ակումբը», ըսաւ Ստեփան Տէր Պետրոսեան:

Ան կ՛աւելցնէ, որ այդ օրերուն է, որ ինք մաս կազմած է ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ հետագային, երբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի ուսանող եղած է, մաս կազմած է նաեւ Զաւարեան ուսանողական միութեան եւ ապա միացած` ՀՄԸՄ Պէյրութի պասքեթպոլի տղոց խումբին: Ան կը յիշէ, թէ իբրեւ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի մարզիկ` իր առաջին մրցումը եղած է Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի խումբին դէմ:

1993-1994 տարիներուն Ստեփան Տէր Պետրոսեան եղած է ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ֆութպոլի յանձնախումբի անդամ, իսկ վերջին տարին` յանձնախումբի ատենապետ:

1995-1997 տարեշրջանին մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան` իբրեւ ֆութպոլի յանձնախումբի ներկայացուցիչ:

1997-1999 Ս. Տէր Պետրոսեան եղած է ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ, ստանձնելով` ատենապետի պաշտօնը:

1999. Պատգամաւորական 7-րդ ժողով, Լիբանան, Ատմա

1999-ին, Ատմայի մէջ տեղի ունեցած ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական եօթներորդ ժողովին Ս. Տէր Պետրոսեան կ՛ընտրուի ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ:

Նոյն տարին, իբրեւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան երեք ներկայացուցիչներէն մէկը, կ՛ընտրուի Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի անդամ, պաշտօն մը, որ ստանձնած է մինչեւ օրս, սակայն` այդ կոմիտէին փոխատենապետին հանգամանքով:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան մէջ իր ծառայած տարիներուն մասին իր յիշատակներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով Ս. Տէր Պետրոսեան կ՛ըսէ. «ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ ըլլալու տարիներուս մեծագոյն իրագործումը, որ կատարեցինք, մասնաճիւղերու վերակազմակերպման աշխատանքն էր»:

Ֆութպոլի յանձնախումբին մէջ իր փորձառութեան մասին խօսելով` Ստեփան Տէր Պետրոսեան յայտնեց, որ 1990-ի սկիզբը ՀՄԸՄ-ը սխալ քայլ մը առաւ ֆութպոլի մարզին մէջ, երբ փորձեց ոչ լիբանանցի մարզիկներ ներառել խումբին մէջ: «Մեր այս քայլին իբրեւ հակազդեցութիւն` Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը անմիջապէս որոշեց միայն երկու հոգիով սահմանափակել օտար քաղաքացիութիւն ունեցող մարզիկներուն մասնակցութիւնը` լիբանանեան որեւէ խումբի պարագային: Այս քայլը հարուածեց ՀՄԸՄ-ը, որ նորահաս սերունդին ուշադրութիւն դարձնելու եւ զայն իբրեւ ապագայ ֆութպոլիստ պատրաստելու փոխարէն` փորձեց օտար մարզիկներ գտնել եւ զանոնք ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբին միացնել, ինչ որ ՀՄԸՄ-ը դրաւ նիւթական մեծ պարտաւորութիւններու տակ: Պարտաւորութիւն մը, որուն հետեւանքները մինչեւ օրս կը կրեն իրերայաջորդ ՀՄԸՄ-ի շրջանային վարչութիւնները», ըսաւ ան:

2000-ի Նաւասարդեան խաղեր, Լիբանան

Ս. Տէր Պետրոսեան յայտնեց, որ իրենք օրին չեն անդրադարձած այդ սխալին, որովհետեւ այդ հանգրուանին իրենք գինովցած էին ժամանակաւոր յաղթանակներ տանելու հաճոյքով:

«Բարեբախտաբար այսօր սրբագրուած է այս ուղղութիւնը, եւ ահա ֆութպոլի մեր ակադեմիան փաստ մըն է, որ նոր սերունդները արդէն իսկ սկսած են պատրաստուիլ», շեշտեց ան:

Ս. Տէր Պետրոսեան յայտնեց, որ զինք շատ լաւ տպաւորած են ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն ուրախութիւնը, հաւատարմութիւնն ու գուրգուրանքը` ՀՄԸՄ-ին հանդէպ:

«Իսկ մեծագոյն գնահատանքին արժանի են այն ծնողները, որոնք կը վստահին ՀՄԸՄ-ին եւ միշտ ալ իրենց զաւակները դէպի ՀՄԸՄ կ՛առաջնորդեն: Անոնք քաջ գիտեն, որ ՀՄԸՄ-ը մեծ դպրոց մըն է, ուր կարելի է յաճախել փոքր տարիքէն սկսեալ եւ մեծնալ անոր մէջ` հասնելով պատանեկութեան ու երիտասարդութեան: ՀՄԸՄ-ը մարդակերտումի հասցէ մըն է, ուր պատանին ոչ միայն իբրեւ հայ, այլ իբրեւ մարդ կը դաստիարակուի: Մենք ականատես ենք այս բոլորին, եւ փաստն այն է, որ մեր ընկերութեան մէջ այսօր շատ են լաւ դիրքերու եւ բազմաթիւ յաջողութիւններու հասած այնպիսի անձերը, որոնք անպայման անցած են ՀՄԸՄ-ի ճամբայէն», կ՛ընդգծէ Ս. Տէր Պետրոսեան:

Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի կազմ, 2000-ին

Ան անհրաժեշտ կը նկատէ, որ մարդիկ հաւատքով, սիրով եւ համոզումով գործեն այս մեծ միութեան հովանիին ներքեւ:

«Մեր ներկայ նոր սերունդը պէտք է ՀՄԸՄ-ի բոցավառ ջահը լաւապէս փոխանցէ սերունդէ սերունդ: Այսօր մենք պէտք է վստահինք մեր նոր սերունդին եւ երբեք պէտք չէ կասեցնենք անոր նախաձեռնութեան ոգին: Պէտք է ընդունինք ու խոստովանինք, որ մեր նոր սերունդին մէջ այդ հաւատքն ու սէրը ՀՄԸՄ-ի հանդէպ վառ է ու միշտ վառ պիտի մնայ», յայտնեց Ս. Տէր Պետրոսեան:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան մէջ իր փորձառութիւններուն մասին խօսելով` Ս. Տէր Պետրոսեան կը հաստատէ, որ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան աշխատանքը մեծ պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէ` աւելցնելով, որ այդ վարչութեան կապը տարածուած է աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն մէջ:

2001-ին էր, երբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպեց համաՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը, որոնք տեղի ունեցան Լիբանանի մէջ:

«Այս քայլը հսկայական աշխատանք կ՛ենթադրէր: Աշխատանք մը յաջողութեամբ կարելի եղաւ պսակել եւ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին մէջ, ինչպէս նաեւ այդ խաղերուն մասնակիցներու հսկայ թիւ մը կրցաւ ապահովել», ըսաւ ան:

Ս. Տէր Պետրոսեան շեշտեց, որ 2005-ին դարձեալ կարելի եղաւ համաՀՄԸՄ-ական խաղեր կազմակերպել, այս անգամ` Յունաստանի մէջ: «Այդ օրերուն նման բան կազմակերպել անկարելի էր, սակայն մեր ջանքերով անկարելին դարձաւ կարելի: 2005-էն ետք էր, որ համաՀՄԸՄ-ական խաղերը մնայուն կերպով տեղի կ՛ունենան Հայաստանի մէջ», շեշտեց Ս. Տէր Պետրոսեան:

Իր սրտի խօսքին շրջագիծին մէջ, Ստեփան Տէր Պետրոսեան շեշտեց, որ ՀՄԸՄ-ի 10-րդ Պատգամաւորական ժողովը որդեգրած է ռազմավարական ծրագիր մը, ինչ որ մեծ իրագործում կը նկատուի ՀՄԸՄ-ին համար:

«Իմ բաղձանքս է, որ ՀՄԸՄ-ը վերածնունդ մը ապրի, այն իմաստով, որ ան իր մէջ կարելի եղածին չափ նոր արիւն ներարկէ: Պէտք է, որ ՀՄԸՄ-ը ներգրաւէ մեր երիտասարդութիւնը, մանաւանդ` այն երիտասարդները, որոնք հեռացած են հայութենէ եւ հայկական շրջանակէ:

«Իմ երազս է, որ ՀՄԸՄ-ը ունենայ արդիական ակումբներ եւ մարզադաշտեր, ուր տարբեր տեսակի մարզական խաղեր եւ սկաուտական ձեռնարկներ կազմակերպուին: ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին մաս կազմելով` հպարտօրէն եւ սրտի մեծ գոհունակութեամբ կ՛ըսեմ, թէ բախտը ունեցած եմ ծանօթանալու աշխարհով մէկ սփռուած քոյրերու եւ եղբայրներու հետ: Այս պարագային է, որ կը զգաս, թէ ՀՄԸՄ-ականը ուր որ ալ գտնուի, նոյն ձեւով կը զգայ եւ նոյն ձեւով կը մտածէ:

«Եւ վերջապէս, սրտի անհուն գոհունակութեամբ կ՛ըսեմ, թէ երեք զաւակներս ալ ապրած են ՀՄԸՄ-ի սկաուտութեան բոլոր հանգրուանները, որոնք դժբախտաբար ես չեմ կրցած վայելել», եզրափակեց Ս. Տէր Պետրոսեան:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )