ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՎԱՏԻԿԱՆ

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ մեկնեցաւ Վատիկան, ուր պիտի ընդունուի Պենետիկտոս ԺԶ. պատրիարքին կողմէ եւ շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ անոր իր գահակալութեան արարողութեան առիթով անոր փոխանցած շնորհաւորութիւններուն եւ օրհնութեան համար:

Ռայի պատրիարքը ճամբելու նպատակով Պէյրութի միջազգային օդակայան ուղղուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ, ներքին գործոց գործավար նախարար Զիատ Պարուտ:

Օդակայանի հիւրանոցին մէջ կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Նեժիպ Միքաթիի վարչապետ նշանակումէն ի վեր իրենք կ՛աղօթեն, որ Լիբանանի կառավարութիւնը անմիջապէս կազմուի, որովհետեւ Լիբանանը չի կրնար գոյատեւել առանց գործադիր իշխանութեան:

«Մենք կարիքը ունինք իսկական կառավարութեան, որովհետեւ Լիբանանը կը քայքայուի, լիբանանցիները դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, իսկ որոշ նշանակումներ կան, որոնք անհրաժեշտ են երկրին ընթացիկ աշխատանքներուն համար: Մենք կը մաղթենք, որ Լիբանանի մէջ կազմուի այնպիսի կառավարութիւն մը, որ կարենայ դիմակալել արաբական աշխարհին դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Համայնքային վարչակարգի ջնջումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ռայի պատրիարքը ըսաւ, որ ինք այդ մասին երեք հարցում ունի: «Ի՞նչ կը նշանակէ համայնքային քաղաքականութիւն: Պէտք է հասկնանք, որ Լիբանանի մէջ մենք իւրայատուկ ենք Ազգային ուխտով, որ հիմքն է ազգային համերաշխութեան եւ իշխանութեանց բաժնեկցութեան: Իսկ եթէ համայնքային դրութեան ջնջումը կը նշանակէ այս ուխտին ջնջումը, հետեւաբար այդ մէկը կը նշանակէ Լիբանանի մահը: Կայ նաեւ այլ հարցում մը, թէ ի՞նչ է համայնքային դրութիւնը ջնջելու այլընտրանքը»:

Ռայի պատրիարքը այցելեց Հռոմի լիբանանեան մարիամական միաբանութեան կեդրոնը, ուր գնահատեց միաբանութեան դերակատարութիւնը` Յիսուս Քրիստոսի խօսքը տարածելու եւ քրիստոնէական հաւատքը պահպանելու առումով:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց գործակցութեան եւ սիրոյ շրջագիծին մէջ աշխատելու անհրաժեշտութիւնը` պահպանելու համար քրիստոնեայ եկեղեցին ու հայրենիքը:

 

Share this Article
CATEGORIES