«ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԿՈՂՄԷ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄԸ ՄԵԾ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ, ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄՂԻՉ ՈՒԺ Է» Կ՛ԸՍԷ ՌԱԼՖ ԵԻՐԻԿԵԱՆ

Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սլէյման նախագահական յատուկ պարգեւատրումով պատուեց «Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»ի տնօրէն  Ռալֆ Եիրիկեանը: Այս առիթով «Վանայ ձայն» եւ «Ազդակ» միացեալ հարցազրոյց ունեցան Ռ. Եիրիկեանի հետ, որուն հետ նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ ընկերութեան տարած գործունէութեան, որուն մէջ ներառուած են նաեւ ընկերային ծառայութիւնները, կրթական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներու մէջ աշխատանքները:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Մեզի համար մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն է, որ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը յատուկ պարգեւատրումով պատուեց ձեզ` ձեր գործունէութեան համար: Անդրադառնանք նախագահ Սլէյմանի հետ ձեր հանդիպումին եւ պարգեւատրումին:

ՌԱԼՖ ԵԻՐԻԿԵԱՆ.- Շատ ուրախալի եւ հպարտալի էր ծննդավայրի նախագահին կողմէ կատարուած պարգեւատրումը, որովհետեւ ան ճանչցաւ հայրենիքիս մէջ լիբանանահայու մը տարած աշխատանքը եւ որոշեց գնահատել ու պարգեւատրել: Մտքէս չէր անցներ, որ նման բան կրնար ըլլալ, սակայն, ըստ երեւոյթին, իրենք եւս տեսան, հետեւեցան ու արժեւորեցին: Նման քայլ մը նաեւ խթան կը հանդիսանայ, որ Լիբանան ծնած հայ մը աւելի մեծ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ աշխատի ու շարունակէ ուղին, որովհետեւ ան այսպիսով կը գիտակցի, որ իր աշխատանքը արժեւորուած է, օգուտ է հայրենիքի եւ ծննդավայրի անուններուն: Ասիկա նաեւ կ՛օգնէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման` տարբեր մակարդակներու վրայ եւ բնագաւառներու մէջ: Կ՛ուզեմ մեծապէս շնորհակալութիւն յայտնել եւ այդ մօտեցումը կը նուիրեմ  ծնողքիս, որոնց շնորհիւ ստացած եմ ցարդ ինծի յանձնուած ամէն տեսակ պարգեւատրում, որովհետեւ իրենք զիս դաստիարակած ու կազմաւորած են: Այս բոլորին ետին կան նաեւ վարագոյրի ետին եղողներ, իմ պարագայիս կողակիցս` Արմիկը, որ միշտ թեւ ու թիկունք է ինծի, ան միշտ քովս էր ու ետիս, քաջալերողը եղաւ զիս եւ համբերութեամբ ուժ տուաւ ամէն քայլափոխի:

Ասիկա հաստատում է, որ ճիշդ ուղիին մէջ եմ եւ պէտք է շարունակեմ այս աշխատանքը:

Հ.- Խօսինք «Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»ի վերջին հանգրուանի ծրագիրներուն եւ գործունէութեան մասին:

Ռ. Ե.- Մենք ամէն տարի կը փորձենք նախորդ տարիէն աւելի լաւ ու ամբողջական աշխատանքով ներկայանալ` ըլլայ հեռահաղորդակցութեան բնագաւառին մէջ, ըլլայ տնտեսական ու ընկերային ծառայութեան իմաստով` աւելի մեծ ու գործնական դեր ստանձնելու: Տարին արդէն սկսանք մեր հաղորդակցութեան ցանցին զարգացման իմաստով աւելի մեծ աշխատանք տանելով. չմոռնանք, որ անցեալ տարուան աւարտին չորրորդ սերունդի` 4 Ճի. արհեստագիտութիւնը ներմուծեցինք Հայաստան եւ անիկա արդէն սկսած է գործել: Այս տարի կը շարունակենք այդ ցանցը ընդարձակել եւ աւելի եւս զարգացնել երրորդ սերունդի արհեստագիտութիւնը, որ կարելիութիւն կու տայ համացանցի օգտագործում: Ասոր զուգահեռ, մենք բաւական աշխուժ ձեւով սկսանք համագործակցական ընկերային ծրագիրներու, վերջերս, մարտի սկիզբը, Վանաձոր քաղաքին մէջ նուիրեցինք 20 նոր բնակարաններ, նոր շէնքի մէջ` բաւական դժուար կենցաղային պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքներու: Անկէ առաջ ալ ծրագիրները իրականացուեցան ու կը շարունակենք: Այս տարի յատուկ կերպով շեշտը կը դնենք կրթական մարզին վրայ, որպէսզի կարելի եղածին չափ հոգանք ուսանողներու կրթաթոշակի ծախսերը` ընտրելով տարբեր այն ընտանիքները, որոնք իսկապէս կարիք ունին մեր օժանդակութեան: Միեւնոյն ատեն մենք աշխատանք կը տանինք առողջապահական ծրագիրներուն նեցուկ կանգնելու իմաստով, յատկապէս` ծննդատուներու մէջ. չորրորդ տարին ըլլալով` կը փորձենք անհրաժեշտ արդիական սարքաւորումները ապահովել այն ծննդատուներուն, որոնք չունին այդ կազմածները, որոնք շատ կարեւոր են մօր եւ նորածինի առողջութեան համար: Նաեւ ուսուցման դասընթացքներ կը կազմակերպուին բուժքոյրերուն համար, որպէսզի սորվին այդ սարքերը գործածել, եւ մենք Հայաստանի մէջ հասնինք այնպիսի հանգրուանի մը, երբ ո՛չ մէկ նորածին մահանայ ծնած պահուն` անհրաժեշտ բժշկական սարքերու չգոյութեան պատճառով, որովհետեւ այդ մանուկները մեր ապագան ու մեր շարունակութիւնն են:

Հ.- Հաւանաբար նման ընկերութեան մը կողմէ ընկերային, կրթական եւ առողջապահական ծրագիրներու իրականացման սատարելը այդքան ալ ընդհանրացած երեւոյթ չէ: Ինչո՞ւ նման ծրագիրներ կը մշակէ եւ կ՛իրականացնէ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս»ը:

Ռ. Ե.- Նախապէս ըսած եմ, միշտ կ՛ըսեմ եւ կ՛ուզեմ կրկնել. որեւէ ընկերութիւն, որ կը սկսի տնտեսութեան մէջ աշխատիլ, զարգանալ, աճիլ, միայն իր գրպանին մասին պէտք չէ մտածէ, այլ` իր միջավայրին. միջավայր ըսելով` կը հասկնանք տնտեսութիւնը,  ժողովուրդը, բնակչութիւնը, որովհետեւ այդ ընկերութեան գործունէութիւնը կը զարգանայ շնորհիւ այդ միջավայրին, որոնք կ՛օգտուին ծառայութիւններէն, արտադրութիւններէն: Միւս կողմէ` չմոռնանք, որ եթէ մենք հայ ենք, ապա ընկերութեան սիրտը հայ է, երակներուն մէջ հոսող արիւնը հայ է, ուրեմն մենք չենք կրնար ուրանալ մեր ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը: Միայն սեղաններու շուրջ նստելով, գաւաթներ բարձրացնելով եւ կենացներ խմելով կարելի չէ հայութիւնը պահպանել: Խօսքէն զատ, կենացներէն անդին` պէտք է գործել, քիչեր կ՛ընեն եւ անոնց կարգին է «Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»ը. մեր հաւատքը, մտածելակերպը, աշխատանքային մօտեցումը մեզի ա՛յդ կը թելադրեն. մենք աշխատելով, օրինակով ցոյց կու տանք այդ մեր հաւատքը: Առաջին օրէն մենք ուզած ենք այս իմաստով օրինակ դառնալ այլ առեւտրական ընկերութիւններու, որպէսզի անոնց մօտ ալ աճի բարի նախանձը եւ նոյն ուղիէն իրենք ալ քալեն: Պարզ է, որ ընկերային կեանքի, մարդոց կեանքի մակարդակը բարելաւելու աշխատանքը միայն պետութիւնը չի կրնար տանիլ, սեփական կառոյցները, տնտեսութեան այն ուժեղ հատուածը, որ բաղկացած է տասնեակ ընկերութիւններէ պէտք է նաեւ` այս իմաստով պատասխանատու զգայ, մանաւանդ որ ինք կ՛ապրի այդ երկրին մէջ, կը զարգանայ այդ երկրին մէջ, ուրեմն ինք մաս պէտք է կազմէ այդ զարգացման խթանման եւ իր կարելին տայ այդ երկրի բարելաւման: Հոսկէ կը բխի մեր հաւատքը, եւ մենք ամէն օր կը փորձենք աւելի ու աւելի յառաջ տանիլ, զարգացնել այս մարզը, նաեւ` այս մօտեցումը փոխանցել մեր աշխատակիցներուն, որովհետեւ անոնք ապագայի ղեկավարներն են: Առեւտուրի այս ձեւն ու մօտեցումը, քաղաքականութիւնը պէտք է վարակիչ դառնայ ու շարունակուի:

Հ.- «Մեր պարտքն է մասնակցիլ այն բոլոր նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը կատարուին յօգուտ մեր բնակչութեան». այս նախադասութիւնը ձե՛րն է` Երեւանի քաղաքապետարանի կողմէ կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին, որուն ընթացքին ձեզի յանձնուեցաւ Երեւանի զինանշան շքանշանը` ձեր տարած բեղուն գործունէութեան եւ Երեւանի մէջ ձեր ցուցաբերած աջակցութեան համար: Այս իմաստով ի՞նչ ունիք ըսելիք:

Ռ. Ե.- Ինծի պէտք չէ շնորհակալութիւն յայտնել, ընկերութիւնն ու իմ ըրածս ոչ թէ պարտք է, այլ պատասխանատուութիւն է` հանդէպ մեր ժողովուրդին, մեր հասարակութեան, մեր ինքնութեան: Կրկնեմ այն նախադասութիւնը, զոր կ՛ըսեմ, երբ համալսարաններուն մէջ հանդիպումներ կ՛ունենամ ուսանողներուն հետ. մենք կ՛ապրինք սիրելու համար ինքնութիւնը եւ ծառայելու անոր, այլ ձեւ ու ելք չկայ, մենք անպայման պէտք է այսպէս մտածենք, ապրինք ու գործենք, որովհետեւ ասիկա միակ ճամբան է, որ կը տանի դէպի մեր ինքնութիւնը, մեր ի՛նչ ըլլալը եւ մեր մականունին ետին գտնուող եան-ը:

Հ.- Ուսանողներուն հետ հանդիպումներ կ՛ունենաք ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Պէյրութի մէջ. ի՞նչ կրնաք ըսել այս մասին:

Ռ. Ե.- Միայն Երեւանի մէջ չենք կեդրոնանար, կ՛այցելենք նաեւ մարզերը, կը հանդիպինք ուսանողներու հետ. նախորդ տարի որոշեցինք նաեւ սահմանէն անդին անցնիլ եւ հասնիլ հոն, ուր մեր հայրենակիցները կան: Այսպիսով, հասանք Պէյրութ, Միացեալ Նահանգներ, հանդիպեցանք աշակերտներու ու ուսանողներու հետ եւ մեր ուղին կը շարունակենք, կ՛ուղղուինք Քանատա` նոյն առաքելութեամբ եւ նպատակով: Նաեւ հանդիպումներ կ՛ունենանք գործարարներուն հետ, անոնց հետ կը բաժնենք մեր փորձառութիւնը, մեր հաւատքն ու մօտեցումը, գաղափարախօսութիւնն ու յաջողութիւնները: Նաեւ զանոնք կը հրաւիրենք Հայաստան, որպէսզի անոնք դուրսէն չդիտեն հայրենիքը, այլ գան, ապրին, գործեն: Կը փորձենք այս իմաստով կամուրջ հանդիսանալ,  կամ եթէ գործնական իմաստով բան մը կարելի չըլլայ ընել, գոնէ ըլլանք քաջալերող, յուսատու եւ հայրենիքին պատկերը լուսաւոր կերպով ներկայացնող:

Հ.- Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ կապին մասին ի՞նչ ունիք ըսելիք: Ընկերութիւնը նաեւ Լիբանանի մէջ գործակցութիւններ ունի՞:

Ռ. Ե.- Լիբանանը ինծի համար ծննդավայր է, իսկ Հայաստանը նախնիներն են, արմատներն են, հայրենիքն է: Մարդ բնաւ չի մոռնար իր ծննդավայրը, ուստի կապը միշտ առկայ պէտք է ըլլայ եւ աւելի եւս ամրացուի: Հոս է, որ մենք իբրեւ ընկերութիւն միշտ փորձեցինք կապեր ստեղծել հասարակական աշխատողներու, ուսանողներու եւ այլ անձանց ու կառոյցներու հետ, որպէսզի մեր օրինակը իրենց փոխանցենք, զանոնք կապենք հայրենիքին, որովհետեւ ո՛ւր ալ ըլլանք, աշխարհի վրայ մենք ունինք մեր հայրենիքը, այդ տարածքը, որ առանց մեզի չի կրնար գոյատեւել, նաեւ հակառակը ճիշդ է, հայութիւնը չի կրնար շարունակել առանց հայրենիքի: Ուրեմն այս միացումը, մէկ բռունցք, մէկ ուժ, սիրտ ըլլալը շատ կարեւոր է: Մեր ընկերութեան միջոցով կը փորձենք այս մէկը կատարել, որովհետեւ կը հաւատանք, որ այս բոլորին կորիզը մէկ է` մեր ինքնութիւնն ու հայկականութիւնն է: Մեր այսօրուան աշխատանքը նաեւ ուղղուած է ապագայի սերունդներուն դիմաց աւելի պայծառ ապագայի ստեղծման:

Հ.- Քարոզչութիւնը որքա՞ն կարեւոր է ձեր ընկերութեան նման կառոյցներու համար:

Ռ. Ե.- Շատ կարեւոր է, որովհետեւ քարոզչութիւնը կրնայ դրսեւորել մտածելակերպը, աշխատելաոճը, աշխատանքը եւ հաւատքը: Յստակ տարբերութիւն կայ իբրեւ պաշտօնեայ եւ ամսուան աւարտին թոշակ գանձողի կարգավիճակին մէջ եղողի եւ իր աշխատանքը հաւատքով, ժողովուրդին ծառայելու պատրաստակամութեամբ գործողին միջեւ: Եւ քարոզչութեամբ այս գաղափարը եւ մօտեցումը կը ներկայացնէ հանրութեան:

Հ.- Ի՞նչ խօսք ունիք լիբանանահայութեան:

Ռ. Ե.- Միշտ մնանք լաւատես, լաւութեամբ, յոյսով նայինք ապագային, ոչ մէկ դժուարութիւն պատճառ թող ըլլայ, որ մենք յուսահատինք: Ընդհակառակն, առանց դժուարութեան համ չկայ, դժուարութիւնը մեզ կը մղէ աւելի վճռական ըլլալու, ելքերու մասին մտածելու եւ ծրագրելու մեր շարունակականութեան գծով:

Հ.- Ի՞նչ են «Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»ի մօտիկ ապագայի ծրագիրները:

Ռ. Ե.- Ընկերային մակարդակի վրայ մենք առողջապահական ոլորտի մէջ քաղցկեղի դէմ կը պայքարինք, հոն ծրագիրներ պիտի իրականացնենք: Ծրագիրներ ունինք նաեւ մշակութային գետնի վրայ, որոնց մասին լայնօրէն չեմ ուզեր խօսիլ: Կրթական մակարդակի վրայ մենք արդէն կ՛ընտրենք լաւագոյն տնօրէնները, որոնք փոքր ընկերութիւններու հեռահաղորդակցութեան բնագաւառին մէջ կը գործեն, որպէսզի զանոնք ուղարկենք արտասահման` հեղինակաւոր համալսարաններու մէջ մասնագիտանալու, վերադառնալու եւ իրենց ամբարած տեղեկութիւնները ներդրել հայրենիքին մէջ տարուող աշխատանքին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES