ՌՈՊԵՆ ԵՒ ԻՊՐԱՀԻՄՈՎԻՉ ԿԱԽԱԿԱՅՈՒԵՑԱՆ

Արժեն Ռոպեն

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ֆութպոլի ֆետերասիոնը շաբաթասկիզբին երկու մրցումով կախակայեց Պայէրն Միւնիխի մարզիկներէն Արժեն Ռոպենը` նկատի ունենալով, որ ան նախորդ շաբաթավերջին Նիւրեմպերկի դէմ տեղի ունեցած մրցումին կարմիր քարտ ստացած էր:

Ատկէ բացի, 27 տարեկան հոլանտացին 15 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ:

Ան պիտի բացակայի երկու կարեւոր մրցումէ, մանաւանդ որ անոր կազմը ամէն ճիգ ի գործ կը դնէր` յառաջիկայ տարեշրջանին համար «Չեմփիընզ Լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքին համար տոմս մը ապահովելու: Պայէրն, որ այժմ 52 կէտով (29 մրցումէ ետք) կը գրաւէ 4-րդ դիրքը, վերոնշեալ մրցաշարքին զտումի մրցումներուն տոմս մը ապահովելու համար պէտք է գրաւէ 4-րդ դիրքը:

Ռոպեն, որ պիտի բացակայի Պայէր Լեւերքուզընի եւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի դէմ տեղի ունենալիք մրցումներէն, յառաջիկայ 30 ապրիլին, Շալքէի դէմ դաշտ պիտի ներկայանայ:

Զլաթան Իպրահիմովիչ

ԻՏԱԼԻՈՅ ֆութպոլի ֆետերասիոնը շաբաթասկիզբին յայտարարեց, որ Ա. Սէ. Միլանի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ երեք մրցումով կախակայուեցաւ ոչ միայն իր ստացած կարմիր քարտին համար, այլ նաեւ իրաւարարը անարգած ըլլալուն պատճառով:

 

Նշենք, որ շուէտացին Ֆիորենթինայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին վերադարձած էր դաշտ` երկու մրցումով կախակայուելէ ետք:

Իպրահիմովիչ վերջին շրջանին բաւական ջղային մրցումներ կը կատարէ եւ կ՛ունենայ ոչ մարզավայել կեցուածքներ:

Share this Article
CATEGORIES