ԱՐՍԷՆ ՓԵՔԼԱՐԵԱՆ. «ԵԹԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՀՐԱՒԷՐ ՍՏԱՆԱՄ, ՄԵԾ ՀԱՃՈՅՔՈՎ Կ՛ԸՆԴԱՌԱՋԵՄ»

Արսէն Փեքլարեան

Ռուսական Քրասնոտար ֆութպոլի ակումբի երիտասարդներու խումբի բերդապահ Արսէն Փեքլարեան տեղական մամուլին հետ ունեցած իր մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ եթէ Հայաստանէն որեւէ հրաւէր ստանայ, շատ մեծ հաճոյքով պատրաստ է ընդառաջելու ատոր:

18 տարեկան բերդապահը այդ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Ծնած եմ Քրասնոտարի մէջ: Հայրս Պաքուէն է, իսկ մայրս` Սումկայիթէն: Անոնք 1988-ին փոխադրուած են Կապան, ապա` Քրասնոտար: Շատ մեծ ուրախութեամբ պիտի ընդունիմ, Հայաստանի որեւէ հաւաքականի մաս կազմելու ինծի ներկայացած հրաւէրը: Ցարդ այս գծով ոչինչ տեղի ունեցած է: Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ազգային հաւաքականին յառաջապահներէն Եուրա Մովսիսեան, մաս կը կազմէ Քրասնոտարի: Սակայն անոր հետ տեսակցելու առիթ չունիմ, որովհետեւ երիտասարդներու խումբը առանձին կը մարզուի: Նշեմ, որ ինծի խմբակից ունիմ Արթուր Ադամեանը»:

 

Share this Article
CATEGORIES