ՃԵՄԱԼ ՓԱՇԱՅԻ ԹՈՌԸ ԸՍԱՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ, ԻՍԿ ՄՈՐԿԸՆԹԱՈՒԻ ԾՈՌԸ` ՈՉ

Հինգշաբթի, 31 մարտի երեկոյեան, հարիւրաւոր հայեր հաւաքուած էին Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը («Եու. Սի. Էլ. Էյ.), լարուածութեամբ լսելու համար Հասան Ճեմալը` հայ ժողովուրդի երեք գլխաւոր դահիճներէն մէկուն` Ճեմալ փաշայի թոռը: «Տէր Զօրէն մինչեւ Ծիծեռնակաբերդ. Զրոյց Հասան Ճեմալի Հետ» խորագիրը կրող սոյն բացառիկ եւ վիճայարոյց ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Ասպետներուն կողմէ:

Հասկնալիօրէն մթնոլորտը խիստ լարուած էր: Ընդարձակ սրահը լրիւ լեցուն էր, եւ ազատ տեղեր չըլլալու պատճառով, շատեր ստիպուեցան հեռանալ: Սրահին մէջ զինուած ոստիկաններու եւ պահակներու առկայութիւնը թէ՛ հանգստացնող էր եւ թէ՛ մտահոգիչ: Ճեմալ հաստատեց, թէ զինք նախազգուշացուցած էին Լոս Անճելըս կատարելիք այցելութեան առիթով, սակայն բարեբախտաբար, ամէն ինչ ընթացաւ հանդարտ մթնոլորտի մէջ: Այդ երեկոյեան ամէնէն ցնցողը այն չէր, թէ ի՛նչ ըսաւ Ճեմալ, այլ այն, թէ ի՛նչ չըսաւ միւս բանախօսը` դոկտ. Փամելա Սթայնըր` դեսպան Հենրի Մորկընթաուի ծոռը:

ՀԲԸՄ-ի Ասպետներու նախագահ Գուրգէն Պերքսանլար, իր ողջոյնի խօսքին մէջ բոլորը հրաւիրեց «անկաշկանդ զրոյցի»: Ընդունելով հանդերձ, որ որոշ հայեր մեծ կասկածանքով կը վերաբերին Ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրքերուն նկատմամբ, ան կը հաւատար, որ «յառաջադէմ» թուրքերը, որոնք «հրապարակաւ կը խօսին 1915 թուականի իրադարձութիւններուն մասին® ըստ երեւոյթին, ներկայիս կը գտնուին թրքական կառավարութեան հսկողութենէն եւ հասանելիութենէն դուրս»: Այնուհետեւ Պերքսանլարը ներկայացուց գլխաւոր բանախօս Հասան Ճեմալը եւ բանավէճի երկու մասնակիցները` դոկտ. Փամելա Սթայնըր եւ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան:

«Միլլիյէթ» օրաթերթի սիւնակագիր Ճեմալը անմիջապէս շահեցաւ թերահաւատ լսարանին վստահութիւնը, երբ իր ողջոյնի խօսքը յղեց հայերէնով` «Բարեւ յարգելի՛ բարեկամներ», եւ ըսաւ. «Ես եկած եմ այստեղ իմ սիրտս ու միտքս ձեր առջեւ բանալու® Ես գիտեմ ձեր ցաւը, Ցեղասպանութեան ձեր վիշտը, Մեծ Եղեռնի ձեր վիշտը»: Անտեսելով Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածը, որ կ՛արգիլէ Հայոց ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործել, ան իր ելոյթին ընթացքին քանի մը անգամ խիզախօրէն կրկնեց այդ խօսքերը: Ան միաժամանակ դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ կառավարութեան ժխտողական քաղաքականութիւնը` զայն անուանելով «մեղսակցութիւն ոճրագործութեան մէջ»:

Ճեմալը պատմեց 2008 թուականին, Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր կատարած իր շատ յուզիչ այցելութեան մասին, երբ ան մեխակներ դրած էր յիշատակին իր մտերիմ ընկերոջ` լրագրող Հրանդ Տինքի, զոր թուրք ծայրայեղականները սպաննեցին Պոլսոյ մէջ: Երեւան կատարած այցելութեան ժամանակ, ան ցնցիչ հանդիպում մը ունեցած էր Արմէն Գէորգեանին հետ` այն վրիժառուին թոռան, որ 1922 թուականին սպաննած էր իր մեծ հայրը` Ճեմալ փաշան:

Ճեմալ ներկայացուց Թուրքիոյ մէջ վերջին երեք տասնամեակներուն ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ ձեռք բերուած յառաջընթացը` սկսած համատարած ժխտողականութենէն մինչեւ ներողութեան քարոզարշաւը, հայկական եկեղեցիներու վերանորոգումն ու այդ նիւթով գիտական համաժողովներու կազմակերպումը: Ան հայերէն խնդրեց այցելել Թուրքիա` մասնակցելու համար «յիշողութեան վերականգնման» գործին: Ճեմալ զանոնք յորդորեց երբե՛ք չմոռնալ անցեալը, առանց անոր գերին դառնալու:

Մինչ Ճեմալ իր անկեղծ ելոյթով լաւ տպաւորութիւն ձգեց լսարանին վրայ, դոկտ. Սթայնըր հիասթափեցուց ներկաները` անդրդուելիօրէն եւ միտումնաւոր կերպով մերժելով օգտագործել «ցեղասպանութիւն» բառը: Ատոր փոխարէն, ան կիրարկեց թրքական ժխտողական եզրաբանութեան բնորոշ այնպիսի բառեր, ինչպիսին են` «ողբերգութիւն», «տառապանք» եւ «1915 թուականի իրադարձութիւններ»: Իբրեւ Միջհամայնքային վստահութեան կերտման ծրագիրի տնօրէն, ան խօսեցաւ «հայերու եւ թուրքերու միջեւ վստահութեան կերտման հաւանական քայլերուն» մասին: Ան ապշեցուց լսարանը` խնդրելով, որ հայերը ընդունին, թէ «թուրք ժողովուրդը, (որ) սարսափելիօրէն տուժած է Համաշխարհային Ա. պատերազմի օրերուն® կարիք ունի եւ արժանի է այդ ճանաչման»: Չբաւարարուելով այս վրդովեցուցիչ խնդրանքով` ան շարունակեց յորդորելով հայերը «մտածել թրքական տառապանքներու ճանաչման մասին, նախքան իրենց տառապանքներուն համար ճանաչում ստանալը»:

Հարց ու պատասխանի ժամանակ, երբ ես մատնանշեցի այն զաւեշտալի հակասութիւնը, թէ Ճեմալ փաշայի թոռը ազատօրէն կ՛օգտագործէ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը, մինչդեռ դեսպան Մորկընթաուի ծոռը` ոչ, դոկտ. Սթայնըրի պատասխանը անյարմար ու անբաւարար էր: Ան ինքզինք արդարացուց ըսելով, որ «միջնորդի» դեր կը կատարէ` «հաշտեցումի» ձգտելով հայերուն եւ թուրքերուն միջեւ:

Բանավէճի վերջին մասնակիցը` փրոֆ. Ռ. Յովհաննէսեան, խիստ ձայնով, քաղաքավար, սակայն միեւնոյն ժամանակ ծանրակշիռ պատասխան տուաւ նախորդ բանախօսներուն: Ան Հասան Ճեմալին ըսաւ, որ հայկական մեծ լսարանը հաւաքուած է զայն լսելու ոչ թէ անոր համար, որ ան թուրք լրագրող է, այլ որովհետեւ Ճեմալ փաշայի թոռն է: Ան բացատրեց, թէ թուրք ոճրագործներուն մտայնութեան ըմբռնումը չի կրնար որեւէ ձեւով արդարացնել անոնց գործողութիւնները: Ան բոլորը զգուշացուց, որ կանխամտածուած ոչնչացումի պատճառով հայերուն կրած տառապանքները չհաւասարեցնեն թուրքերուն` պատերազմի պատճառով կրած տառապանքներուն: Ան շեշտեց, թէ հայերը ոչ միայն ճանաչում կը պահանջեն, այլ, որ աւելի կարեւոր է` իրենց բռնագրաւուած ունեցուածքին վերականգնումը: Ան կոչ ուղղեց Թուրքիոյ կառավարութեան, որ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին վերադարձնէ Թուրքիա գտնուող հարիւրաւոր հայկական եկեղեցիները: Վերջաւորութեան, իբրեւ դոկտ. Սթայնըրին ուղղուած ակնարկ, փրոֆ. Յովհաննէսեան շեշտեց, որ «հաշտեցումը» կը պահանջէ «զղջում` արարքին համար»: Անոր ելոյթը ընդունուեցաւ յոտնկայս ծափահարութիւններով:

Իմ կարծիքովս, Ճեմալը անկեղծ էր եւ խիզախ: Ան դիւրութեամբ կրնար խուսափիլ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործելէ` պնդելով, որ այդ պարագային ան բանտի մէջ պիտի գտնէ ինքզինք: Սակայն ան որեւէ պատրուակով չհրաժարեցաւ անկէ եւ քանի մը անգամ գործածեց «ցեղասպանութիւն» եզրը: Իր մեծ հայրը «Մեծ աղէտ»ին պատասխանատու նկատելով` ան ներկայի Թուրքիան բնութագրեց իբրեւ «մոլագար երկիր մը»:

Թէեւ դժուար է մոռնալ, որ Հասան Ճեմալը Հայոց ցեղասպանութեան երեք կազմակերպիչներէն մէկուն թոռն է, սակայն ճիշդ չ՛ըլլար երեխաները պատասխանատու նկատել իրենց ծնողներու մեղքերուն համար: Ճեմալի դիրքորոշումը կտրականապէս փոխուած էր` երկու տարի առաջ Պոսթընի մէջ անոր յայտնուելէն ի վեր, երբ ան կը խուսափէր օգտագործել «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը: Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ ունեցած ելոյթէն ետք, կողմնակի զրոյցի մը ընթացքին անոր հարցուցի, թէ արդեօք չի՞ մտահոգուիր անով, որ զինք կրնան դատի կանչել «ցեղասպանութիւն» բառը գործածելուն համար: Թէեւ ան ըսաւ, որ այդպէս չի կարծեր, սակայն կարեւոր նկատելով իմ մտահոգութիւնս` Պոլիս վերադառնալէն ետք ան այդ մասին գրեց «Միլլիյէթ»ի իր յօդուածին մէջ:

Այդ երեկոյին ընթացքին, Ճեմալի միակ տհաճ խօսքը Թուրքիայէն հայկական հողերը վերադարձնելու պահանջատիրութեան մերժումն էր: Յամենայն դէպս, զարմանալի չէ լսել թուրք մը, անկախ անոր հանդուրժողութեան աստիճանէն, որ կը պաշտպանէ իր երկրին ամբողջականութիւնը: Այնուամենայնիւ, ան հաստատեց, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը պէ՛տք է ներում հայցէ հայերէն եւ փոխհատուցում վճարէ անոնց:

Միւս կողմէ, կարելի չէ արդարացնել դոկտ. Սթայնըրի` իբրեւ ամերիկացի հրեայի եւ դեսպան Մորկընթաուի անմիջական ժառանգորդի` ցեղասպանութեան եզրի օգտագործումը յամառօրէն մերժելու քայլը, հակառակ անոր բարի մտադրութիւններու ինքնախոստովանութեան: Իւրաքանչիւր անձ, որ չ՛ընդունիր Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտացիութիւնը, կը կորսնցնէ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ կառուցողական դեր խաղալու բարոյական իրաւունքը: Կարելի չէ չէզոք դիրք գրաւել զոհի եւ դահիճի միջեւ: Ան պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ Ողջակիզումը վերապրած եւ Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր Էլի Ուիզըլի հետեւեալ իմաստուն խօսքին. «Չէզոքութիւնը կ՛օգնէ կեղեքիչներուն, բայց ո՛չ երբեք զոհին»:

Իբրեւ միջնորդ երկու համայնքներուն միջեւ, դոկտ. Սթայնըր հաւանաբար կը հաւատայ, որ պէտք չէ կողմնակալ ըլլալ: Սակայն ճշմարտութիւնը ըսելը բնաւ չի նշանակեր հայերու եւ թուրքերու միջեւ ոեւէ մէկուն կողմը ըլլալ, ինչպէս որ հրէական Ողջակիզումը ճանչնալը չի նշանակեր կողմնակից ըլլալ հրեաներուն: Բացի ատկէ, յստակ չէ, թէ իբրեւ միջնորդ` ի՞նչ է ճիշդ անոր դերը: Ցեղասպանութիւնը այնպիսի վէճ մը չէ, որ միջնորդի կարիք ունենայ: Եւ ինչպէ՞ս կրնայ ան հաշտեցնել երկու ժողովուրդներ, առանց դահիճէն հատուցում պահանջելու այն բանին համար, զոր իր (Սթայնըրի) մեծ հայրը անուանած էր` «Ազգի մը սպանդը»:

Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ իր ելոյթէն ետք, դոկտ. Սթայնըր ինծի ուղարկած էր ելեկտրոնային երկար նամակ մը, ուր լրացուցիչ բացատրութիւններ տուած էր միջնորդի իր դերակատարութեան մասին` պնդելով, որ դեսպան Մորկընթաու պիտի պաշտպանէր իր գործը: Ես չեմ կրնար ձեւացնել, թէ դոկտ. Սթայնըրէն աւելի լաւ կը ճանչնամ իր իսկ մեծ հայրը, սակայն ծանօթ ըլլալով Ցեղասպանութեան ժամանակ եւ անկէ ետք դեսպան Մորկընթաուի մարդասիրական ջանքերուն` կրնամ առանց վարանելու ըսել, թէ ան կարելի ամէն ինչ պիտի ընէր` հայերուն արդարութիւն ապահովելու համար, դահիճներուն եւ անոնց զոհերուն միջեւ չէզոք դիրք գրաւելու փոխարէն:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

ԹԱՐԳՄԱՆԵՑ Ռ. ԱՒԱԳԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES