ԱԼՃԵՐԻՈՅ ՄԷՋ ԴԷՊԻ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ ԿԱՏԱՐՈՂ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ ԲԱԽՈՒՄ

Գերմանական «Տի.Փի.Այ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ մեծագոյն համալսարաններու ուսանողներուն կողմէ դէպի Ալճերիոյ մայրաքաղաքին մէջ գտնուող նախագահական պալատ քայլարշաւի մը ընթացքին, աւելի քան 30 ուսանողներ եւ ոստիկաններ վիրաւորուած են, երբ վերջիններս փորձած են արգելք հանդիսանալ, որ ուսանողները հասնին նախագահական պալատ:

Հազարաւոր ուսանողներ Կեդրոնական նամակատան հրապարակէն դէպի նախագահական պալատ հինգ քիլոմեթր երկարութեամբ քայլարշաւ մը կը կատարէին, սակայն ոստիկանութիւնը միջամտած է եւ նախագահական պալատէն շուրջ 200 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Փեքին թաղին մէջ երկու կողմերուն միջեւ բուռն բախումներ տեղի ունեցած են:

Share this Article
CATEGORIES