ՆԱԽԱՐԱՐ ՏԷՏԷԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԸ ՈՒՂՂՈՒԵՑԱՒ ՀԱՐԱՒ

Տէտէեան Քֆարսիրի մէջ` գործարան մը նոր սարքաւորումներ տրամադրելու ընթացքին

Ճարտարարուեստի գործավար նախարար Աբրահամ Տէտէեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ հարաւային Լիբանան, ուր այցելեց մեծ թիւով գործարաններ եւ անոնց տրամադրեց 450 հազար տոլար արժողութեամբ սարքեր:

Տէտէեան յայտնեց, որ այդ համեստ օժանդակութիւնը կրցած է գոհացնել որոշ տարրական կարիքներ` հարաւային Լիբանանի մէջ վերաբանալու համար այն գործարանները, որոնք նիւթական վնասներ կրած էին եւ տուժած 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին:

Ա. Տէտէեան, որ շրջեցաւ Զաֆթայի, Քֆարսիրի, Սուրի, Հալուսիէի, Պընթ Ժպէյլի, Եաթերի եւ Տըպշի շրջանները, յայտնեց, թէ ինք քաջ կը գիտակցի, որ Լիբանանի դէմ հիմնական սպառնալիքը իսրայէլեան բռնագրաւումն է` շեշտելով, որ պէտք է բոլոր ձեւերով` տնտեսապէս, ընկերային գետնի վրայ, բարգաւաճման առումով, պետական հաստատութիւններուն ներկայութեամբ թէ հաւասարակշռուած բարգաւաճումով դիմադրել Իսրայէլի:

Հարաւային Լիբանանի գործարաններուն նոր սարքեր նուիրելու ընթացքին նախարար Տէտէեան դիտել տուաւ, որ ճարտարարուեստը եւ անոր աշխուժացումը դրական ազդեցութիւն կ՛ունենան հարաւային Լիբանանի բնակչութեան կենցաղի բարելաւման ծիրին մէջ:

Տէտէեան կոչ ուղղեց յաւելեալ վստահութիւն ցուցաբերելու ճարտարարուեստի մարզին նկատմամբ` աւելցնելով, որ հակառակ տիրող շրջանային պայմաններուն, նախորդ երկու ամիսներուն ընթացքին Լիբանանի արտածումները յաւելում արձանագրած են:

 

Share this Article
CATEGORIES