Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմին. «Յուշամատեան. Արեւմտահայ Ժառանգութիւնը Վերականգնելու Ժամանակակից Փորձ Մը» Նիւթով Դասախօսական Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին երէկ` երկուշաբթի, 9 յուլիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը` «Յուշամատեան. Արեւմտահայ ժառանգութիւնը վերականգնելու փորձ մը» նիւթով:

Դասախօսական երեկոյին բացումը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին անունով կատարեց տոքթ. Վազգէն Ժամկոչեան: Տոքթ. Ժամկոչեան բացման խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի մարմինը ամբողջ տարուան ընթացքին կը կազմակերպէ եւ կը համադրէ Ցեղասպանութեան նիւթին հետ առնչուած ձեռնարկներ, դասախօսութիւններ, զեկուցումներ եւ քննարկումներ:

Տոքթ. Ժամկոչեան ըսաւ, որ Կեդրոնական մարմինը որոշեց դասախօսական այս երեկոն կազմակերպել` տրուած ըլլալով, որ արեւմտահայոց ժառանգութեան հարցը քաղաքականօրէն կապուած է Ցեղասպանութեան իրողութեան հետ: Ապա ան ծանօթացուց Յուշամատեան միութիւնը եւ կայքէջը: Ան յայտնեց, որ այս երկուքին աշխատանքը կորուսեալ ժառանգութիւնը ծանօթացնելու եւ վերականգնելու ամէնէն կարեւոր աշխատանքներէն է, որ կը կատարուի սփիւռքի մէջ:

Այնուհետեւ խօսք առին դասախօսական երեկոյի երկու զեկուցաբերները` Յուշամատեան կայքէջի գլխաւոր խմբագիր Վահէ Թաշճեան եւ Յուշամատեան միութեան նախագահ Էլքը Հարթման:

Անոնք նշեցին, որ երբ ընդհանուր ակնարկ մը նետենք Օսմանեան կայսրութեան, հայերու պատմութեան ու ժառանգութեան մասին գրուած հայերէն գործերուն վրայ, ընդհանուր գիծերու մէջ կը պարզուի հետեւեալ պատկերը. կան գիրքեր, որոնք առաւելաբար կեդրոնացած են կայսրութեան մէջ ապրած հայերուն ամէն ծանր, տխուր եւ եղերական էջերուն վրայ: Այսպիսի նիւթերու մեծամասնութիւնը կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան եւ նաեւ անկէ առաջ հայոց դէմ գործուած ջարդերուն: Կան նաեւ հրատարակութիւններ, որոնք առաւելաբար կեդրոնացած են Օսմանեան կայսրութեան կեդրոնական իշխանութիւններուն դէմ հայերուն մղած ինքնապաշտպանութեան, ֆետայական կռիւներուն վրայ:

«Այս հրատարակութիւններու երկու խումբերն ալ ճնշիչ մեծամասնութիւն մըն են, երբ խօսքը կը վերաբերի օսմանեան հայերուն վերաբերող պատմագրական գործերուն», շեշտեցին անոնք:

«Այս ձեւի պատմագրութեան մը մէջ օսմանեան հայը կը դառնայ մնայուն զոհ մը, յարատեւ ճնշուած մը: Ինչ որ ցաւալի է, այն փաստն է, որ այս ձեւի աշխարհայեացք մը արգելք կ՛ըլլայ ծանօթանալու օսմանեան հայուն ընկերային ընդհանուր դրութեան, անոր առօրեայ կեանքին, շրջապատին հետ ունեցած փոխյարաբերութիւններուն, շրջաններու, քաղաքներու ու գիւղերու ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական իւրայատկութիւններուն: Մէկ խօսքով այնպիսի նիւթերու, որոնք մեծապէս անհրաժեշտ են օսմանեան հայու մասին ընդհանուր պատկեր մը կազմելու համար: Եւ իրականութեան մէջ աւելի խորապէս հասկնալու այն պայմանները, որոնք ծնունդ տուած են ջարդերուն ու բնաջնջումին», դիտել տուին անոնք` աւելցնելով, որ պատկերը աւելի լաւ չէ, երբ նոյն հարցը կը դիտենք օսմանագիտութեան դիտանկիւնէն: Հետեւանքը այն կ՛ըլլայ, որ գիտական աշխատանքներու մէջ հայը կը ներկայացուի գլխաւորաբար օսմանեան արխիւներուն տեղեկութիւններուն ընդմէջէն, բան մը, որ պակասաւոր է:

Անդրադառնալով Յուշամատեան կայքէջի հիմնական նպատակին` անոնք ըսին. «Նախ եւ առաջ պատմագրական մտահոգութիւն մըն էր, որ ծնունդ տուաւ Յուշամատեան կայքէջին: Օսմանեան հայուն, անոր ընկերային միջավայրին, առօրեայ կեանքին մասին տեղեկութիւններ ունենալու փափաքն էր, որ մեզ մղեց այս նախաձեռնութիւնը առնելու: Մեր նպատակն էր նաեւ նոր արժէք մը տալ հայկական այն աղբիւրներուն, որոնք ուղղակի կ՛առնչուին այս նիւթին: Հայատառ նիւթերը, որքան ալ յաճախ անծանօթ են, բայց նոյն ժամանակ բազմազան են ու մեծապէս հարուստ: Անոնք մեզ կ՛առաջնորդեն օսմանեան նոր աշխարհ մը, որուն զանազան երեսներուն հետքն անգամ անգտանելի է ոչ հայատառ աղբիւրներու մէջ: Անոնք մեզ կը նկարագրեն գաւառային կեանքի այնպիսի պատկերներ, որոնք շատ յաճախ նորութիւններ են օսմանագիտութեան մէջ»:

Զեկուցաբերները ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուցին նաեւ Յուշամատեան միութեան կազմութիւնը, անոր ծնունդ տուող անձերուն ինքնութիւնը եւ մասնագիտութիւնները: Զեկուցաբերները նաեւ խօսեցան օսմանագիտութեան մէջ հայկական աղբիւրներուն անտեսումին մասին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )