Ե՞րբ Պիտի Գործադրուի Անիւներուն Հրկիզումը Արգիլող Օրէնքը

Անիւ հրկիզելու «արուեստ»ը

Լիբանանի մէջ յայտարարուած ապահովական ամսուան ընթացքին, երբ լիբանանցին ենթադրուած էր ունենալ ապահովական նուազագոյն կայունութիւն, արձանագրուեցան շարք մը դէպքեր, որոնք ցոյց տուին, որ ապահովական ամիսը համազօր է սովորական որեւէ օրուան մը, որուն ընթացքին քաղաքացին վտանգի ենթակայ է, իսկ երկիրը` բռնկումի:

Այս շրջագիծին մէջ արձանագրուեցան շարք մը միջադէպեր` դրամատան գողութիւն, սպանութիւն, երեսփոխանի դէմ մահափորձ, երկրին գերիշխանութեան ոտնձգութիւն, Սայտայի ճամբու մնայուն փակում, առեւանգում, ռմբակոծում, զինեալ երեւոյթներ, արձակազինութիւն, զէնքի մաքսանենգում եւ կարգ մը այլ միջադէպեր:

Հրկիզուող անիւներ

Հաւանաբար, սակայն, ապահովական ամսուան ընթացքին կարելի եղաւ կալանաւորել դատական իշխանութիւններուն կողմէ արձակուած ձերբակալման հրամանագիր ստացած  յանցագործներ, գանձել ինքնաշարժի յատուկ սովորական տուրքեր եւ զանազան շրջաններուն մէջ զետեղուած ապահովական ուժերուն անցարգելներուն պատճառով գիշեր-ցերեկ երթեւեկի ահաւոր խճողում մը ստեղծել:

Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական ապակայունութիւնն ու այս կամ այն շրջանին մէջ արձանագրուող նստացոյցերու շրջուն դրութիւնը, որ վերջերս համակուած է անիւներու հրկիզումով, մղեց կառավարութիւնը վերահաստատելու անիւներու հրկիզումը արգիլելու իր որոշումը:

 

Անիւի հրկիզման նախապատրաստական աշխատանք

Լիբանանեան օրէնքներուն մէջ կայ նման որոշում, սակայն անոր գործադրութեան կարիքը հետզհետէ աւելի եւս կը շեշտուի, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ օրէնքին գոյութեան մասին կասկածները փարատել:

Հանրային վայրերուն մէջ ծխելը արգիլող օրէնքին յաջորդեց անիւներուն հրկիզումը արգիլող օրէնքի մը որդեգրումը` վերջ տալու համար քաղաքացիներուն առողջութեան վնասելու ազդակներուն, սակայն ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ գործադրել այդ օրէնքը:

Ուրեմն Լիբանանի մէջ կայ օրէնք մը, որուն հիմամբ կ՛արգիլուի ճամբաներու փակումը եւ անիւներու հրկզումը: Այդ որոշումը վերջերս տրուած է կառավարութեան կողմէ, եւ ապահովութեան ուժերուն ընծայուած է առիթն ու ազատութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքական հովանաւորութիւնը` գործադրելու համար այդ որոշումը:

Նազեմ Խուրի

Այս շրջագիծին մէջ կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի յայտնեց, որ այդ որոշումը քննարկուած է, երբ վերջին հանգրուանին սկսած է աւելի շեշտուած դառնալ անիւներ հրկիզելու երեւոյթը` լիբանանեան պետութեան վրայ ճնշում բանեցնելու իբրեւ միջոց:

Խուրի յայտնեց, որ անիւներու հրկիզումը արգիլելով` կառավարութիւնը չի փափաքիր ճնշել քաղաքացիին բողոքը, այլ ան կը մղէ զայն աւելի քաղաքակիրթ կերպով հասցնելու իր ձայնը: «Այսինքն անիւներու հրկիզումը արգիլելով` կառավարութիւնը լիբանանցիին ազատութեան վրայ ճնշում չի բանեցներ, այլ կը գործադրէ կենսոլորտի ապականումը կանխարգիլող որոշում մը, որուն նպատակն է պահպանել լիբանանցիներուն առողջութիւնը, որ վտանգի կ՛ենթարկուի անիւներուն ծուխը շնչելով»:

Պակասաւոր Քայլ Մը

Անիւներու հրկիզումը արգիլող որոշումին նպատակն է նաեւ վերջ տալ լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ ստեղծուող քաոսին: Սակայն այդ որոշումին գործադրութիւնը կը մնայ պակասաւոր, նկատի ունենալով, որ չկայ օրինական ծրագիր մը, որ պատիժ կը սահմանէ օրինազանցութիւններ կատարելու պարագային:

Ուատի Խալետի մէջ ռմբակոծում

Այս առումով, Նազեմ Խուրի կը յայտնէ, թէ այդ որոշումին գործադրութիւնը ձգուած է ապահովական ուժերուն, որուն պարտականութիւնը ներկայ հանգրուանին սահմանափակուած է երկրին կացութիւնը զգուշ կերպով հսկելու քայլով:

«Սպասումը պիտի ըլլայ ապահովական ուժերուն որդեգրած հիմնական կեցուածքը, իսկ օրէնքի որեւէ խախտում գործուելու պարագային, երկրին ապահովութեան ուժերը պիտի միջամտեն եւ յանցագործները պատժելու քայլերուն պիտի դիմեն», ըսաւ Խուրի:

Այնուամենայնիւ քաղաքացիին համար ծանօթ չէ, թէ անիւ հրկիզելու յանցանքին համապատասխանող պատիժը ի՛նչ է: Այդ պատիժին բնոյթը ճշդելու ազատութիւնը կատարելապէս վստահուած է ապահովութեան ուժերուն, որոնք խոստացած են շատ խիստ կերպով հակազդել այդ օրինազանցութեան եւ ոչ ոքի առիթ տալ նման խախտում կատարելու:

Լիբանանեան Ծէս Մը

Հակառակ օրէնքին եւ անոր մասնակի թէ ամբողջական գործադրութեան, Լիբանանի մէջ անիւներու հրկիզումը վերածուած է լիբանանեան ծէսի մը: Այդ ծիսակատարութիւնը մինչեւ օրս ի զօրու կը մնայ` անտեսելով կառավարութեան որոշումն ու կենսոլորտի ապականման դէմ պայքարող միութիւններու կոչերը:

Այս մտահոգութեան անդրադառնալով` նախարար Խուրի կը հաստատէ, որ դժբախտաբար այդ երեւոյթը ժխտական է եւ վնասակար ե՛ւ քաղաքացիին առողջութեան ե՛ւ կենսոլորտին: «Պէտք է գիտակցիլ, որ խօսքի ազատութիւնը իւրաքանչիւր քաղաքացիի իրաւունքն է, պայմանաւ որ նկատի առնուին նաեւ օրինական միջոցները. պէտք չէ դիմել այնպիսի միջոցներու, որոնք վնաս կը հասցնեն առաջին հերթին անիւը հրկիզողին եւ ապա բոլոր քաղաքացիներուն առողջութեան, որովհետեւ այդ ձեւով բոլորս ստիպուած պիտի ըլլանք շնչելու այդ մահացու թոյնը», ըսաւ Խուրի:

Կրակի Մշակոյթը Զբօսաշրջութիւնը Կը Քաջալերէ՞

Ապահովական ամիս ամբողջ Լիբանանի տարածքին

Կառավարութեան տուած այս որոշումը նախաձեռնութիւն մըն է, որ քաղաքացիին համար յուսադրիչ բնոյթ ունի եւ կը բարձրացնէ երկիրը ապականումէ զերծ պահելու յոյսերը: Սակայն մտահոգութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ այդ բարեկարգումը թուղթի վրայ պահուի եւ խորհրդարանի դարակներուն մէջ նետուի` առանց անոր գործադրութեան յստակ հոլովոյթի մը մշակումին:

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի կարծիքով, կրակի մշակոյթը սկսած է մաս կազմել լիբանանցիին առօրեային: «Ամէն անգամ որ ան նեղանայ ելեկտրական հոսանքի տագնապէն, սղաճէն կամ ընկերային այլ հարցէ, կը դիմէ անիւներու հրկիզումին եւ կ՛ուզէ ցնոր տնօրինում այդ միջոցը առկայ պահել: Քաղաքացիին իրաւունքն է իր բողոքի ձայնը հասցնել, սակայն այդ մէկը պէտք է կատարուի քաղաքակիրթ կերպով: Մենք քարէ դարուն մէջ չենք ապրիր, այլ` քաղաքակրթութեանց դարուն մէջ», ըսաւ Շարպել:

Ան հեգնանքով աւելցուց նաեւ, որ անիւներ հրկիզելով ճամբաներ փակելու սովորութիւնը իբրեւ իւրայատկութիւն պէտք է աւելցնել լիբանանեան զբօսաշրջութեան յատուկ ուղեցոյցներուն մէջ: «Կը մաղթեմ, որ անիւներու հրկիզումը արգիլող որոշումը լիովին գործադրուի, ապա թէ ոչ մենք յարատեւ յետամնացութեան ենթակայ պիտի մնանք», ընդգծեց ներքին գործոց նախարարը:

«Պետութիւնը Մեղաւոր Է»

Քաղաքացիներուն կարծիքով, սակայն, լիբանանեան պետութեան անարդար քաղաքականութիւնն է, որ քաղաքացիները մղած է այդ միջոցներուն դիմելու` մնացեալ բոլոր քայլերուն նկատմամբ իր վստահութիւնը կորսնցնելով:

Ըստ լիբանանցիին, թէեւ անիւներու հրկիզումը քաղաքակիրթ եւ պատուաբեր միջոց մը չէ` բողոք արտայայտելու, սակայն նուազագոյնը ան կը գրաւէ լիբանանեան պետութեան ուշադրութիւնը եւ ցոյց կու տայ, որ լիբանանցին հասած է այնպիսի մակարդակի մը, որ համազօր է անդունդին խորերը գտնուելուն եւ նուազագոյն արժանապատիւ կեանք ունենալուն:

Լիբանանցի քաղաքացին կը հաստատէ, որ ինք յանցաւոր չէ, եթէ կը փափաքի իր բողոքը լսելի դարձնել, աւելցնելով, որ իր ապրուստը ապահովելու այս ծանր եւ տագնապալի իրավիճակին մէջ ոչ ոք կը հասնի փրկութեան:

Եթէ լիբանանեան պետութիւնը յաջողի բարելաւել լիբանանցիին ապրուստի պայմանները, ինչպէս նաեւ ապահովէ անոր մարդկային տարրական իրաւունքները, ապա ան վստահաբար վերջ պիտի տայ իր որդեգրած բոլոքի այս ոչ քաղաքակիրթ միջոցին:

«Մեր Մթնոլորտը Այ՛ս Է, Մենք Այ՛ս Ենք»

Շէյխ Ասիրի նստացոյցը Սայտայի մէջ

Արտայայտութեան ձեւ մը, որ սակայն ոչ մէկ կապ կամ առնչութիւն ունի լիբանանեան «Ալմազա» վաճառանիշով գարեջուրի կարգախօսին հետ, այլ կ՛ապացուցէ լիբանանցիին համոզումը:

Դժբախտաբար լիբանանեան պետութեան հանդէպ քաղաքացիին անվստահութիւնը հասած է այն աստիճանի, որ ան ընդվզի եւ կատարեալ վճռակամութեամբ շեշտէ, թէ անիւներու հրկիզումը այս դարու նորաձեւութիւնն է եւ որեւէ հարցի կամ տագնապի պարագային կարելի է դիմել այդ միջոցին:

Քաղաքացին քաջ գիտէ, որ երկար ատենէ ի վեր լիբանանեան պետութիւնը խուլ է իր եւ իր պահանջներուն նկատմամբ: Ան համոզուած է, որ կառավարութիւնը երկար արձակուրդի մը մէջ մտած է, եւ թէ` քաղաքացին իր պէտքերը եւ կարիքները անձամբ պէտք է հոգայ:

Լիբանանցիին համար պարզ ու յստակ է, որ իր կացութիւնը օրըստօրէ աւելի կը վատթարանայ, մինչ պետութիւնը կը շարունակէ օրէնքներ հրապարակել եւ քննարկել այնպիսի հարցեր, որոնք կը մնան իրենց բանաւոր ուժին մէջ եւ երբեք չեն գործադրուիր:

Բայց եւ այնպէս լիբանանցի քաղաքացին դիւրաւ չի յուսալքուիր, սակայն մինչեւ դէպի աւելի լաւը առաջնորդուելու իր յոյսին գործադրութիւնը եւ միջին լուծումներու յանգումը` ան դատարկ օղակի մը մէջ կը դառնայ: Հետեւաբար անոր միակ ելքը կ՛ըլլայ պարտադրել ինքզինք` ըսելով, որ` «Մեր մթնոլորտը այ՛ս է, մենք այ՛ս ենք» եւ ինչ միջոց, որ որդեգրենք, շատ աւելի լաւ կը մնայ, քան` Լիբանանի քաղաքական աւանդը:

Առանց Մեկնաբանութեան

Մարուան Շարպել

Այս տուփիկով կը ներկայացնենք վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի կատարած յայտարարութիւններէն նմուշներ:

«Նկատի ունենալով շրջանային իրադարձութիւնները` Լիբանան կ՛ապրի ապահովական անխախտելի կայունութիւն մը: Իսկ մինչեւ Սուրիոյ տագնապին աւարտը Լիբանան պիտի ըլլայ ամէնէն գեղեցիկ երկիրներէն մէկը»:

«Երկրին ապահովական կացութիւնը օրըստօրէ կը բարելաւուի, օրինազանցներ կը ձերբակալուին, ապօրինի ինքնաշարժներ կը գրաւուին, ձերբակալութիւններ կը կատարուին եւ Սայտայի փակ ճամբան վերաբանալու միջոցներ կը սերտուին: Այդ իմաստով ես անձամբ բանակցութեան մէջ եմ շէյխ Ահմետ Ասիրի հետ»:

«Թրիփոլիի մէջ ձերբակալուած Շատի Մաուլաուի ճնշումներու ազդեցութեան տակ ազատ չէ արձակուած. երբ դատական իշխանութիւնները սերտած են այդ թղթածրարը, նկատած են, որ ան հարկ եղածէն աւելի արգելափակուած է»:

ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )